Արաբ Աստուածաբան. «Աթաթուրքը Իշխանութեան Եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Արդիւնքով»
իբանանցի սուննի աստուածաբան Շէյխ Մահիր Համմուտը ուրբաթօրեայ աղօթքի ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Ըստ ermenihaber.am-ի, որ կը վկակայոչէ թրքական «islamianaliz.com» լրատուամիջոցը` Համմուտը նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ կապել իսլամութեան հետ, քանի որ այդ տարիներուն անկման մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազդեցիկ էին զանազան արտաքին ուժերը:
«Երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուի, նախ եւ առաջ պէտք է ընդգծել, որ անոր պատասխանատուն իսլամը չէ»
Անդրադառնալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին` սուննի աստուածաբանը նշած է, որ Քեմալը իշխանութեան եկաւ նոյնինքն Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքով: Համմուիտը Աթաթուրքը մեղադրած է իշխանութեան գալէ ետք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամական արժէքները ոչնչացնելուն մէջ:
«Իշխանութեան գալէն 10 տարի անց Քեմալը ձեռնամուխ եղաւ արաբատառ օսմաներէն գիրերը շրջանառաութենէ հանելուն, փոխարէնը ներմուծեց լատինատառ այբուբենը: Այնուհետեւ ձեռնամուխ եղաւ իսլամութեան առնչուող բազմաթիւ վարքերու վերցման»:
Արաբ աստուածաբանը, նշելով, որ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին թէեւ հայերը անցած էին Ռուսիոյ կողմը, բայց շեշտած է, որ այդ մէկը որեւէ կերպով չ՛արդարացներ երիտթուրք պարագլուխներու իրականացուցած ոճրագործութիւնը: