Արաբական Աշխարհի Հիւլէական Բնագաւառի Առաջին Կին Բժիշկը Լիբանանահայ Մըն Է

Կ՛ապրինք բաւական ճնշիչ եւ դրական տրամադրութենէ զուրկ օրեր, սակայն միշտ ալ կայ գեղեցիկն ու հպարտութիւն առթողը:

Արդարեւ, այս ճգնաժամային օրերուն, երբ մեր շուրջ մտահոգութիւնները շատ են, իսկ ժխտականը` տիրական, պէտք է նաեւ դրական լուրերուն հետեւիլ եւ տեղ տալ անոնց մեր կեանքին մէջ: Արդարեւ, իբրեւ լիբանանահայեր, մեզի համար շատ մեծ ուրախութիւն է, որ լիբանանահայ մը` Ռիթա Շահինեան, պիտի դառնայ արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը: Ասիկա շատ մեծ հպարտութիւն է ամբողջ հայութեան համար առհասարակ:

Ռիթա Շահինեան ծնած է 28 յունիս 1987-ին, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, ուրկէ 2006-ին աւարտած է կենսաբանական բաժինի երկրորդական ուսումը` ապահովելով պաքալորէայի քննութեան հայկական վարժարաններու  բարձրագոյն միջինը: Այս առիթով ալ, ան պարգեւատրուած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ:

Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականը 2009-ին: Ապա, անցած է Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան, ուրկէ ստացած բժշկութեան MD վկայականը 2013-ին, որմէ ետք նոյն հունին մէջ կը մասնագիտանայ ռատիոբանութեան (radiology) մէջ եւ ուսումը կ՛աւարտէ 2018-ին: 2018-ին դարձեալ կը վերադառնայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան` մասնագիտանալու համար հիւլէական բժշկութեան (nuclear medicine) մէջ: Ան իր մասնագիտական ուսումը պիտի աւարտէ սեպտեմբեր 2021-ին:

Մասնակցած է զանազան ասպարէզներու նախապատրաստական աշխատանքներու Լիբանանի լաւագոյն հիւանդանոցներուն մէջ եւ վկայուած է «Ամերիքըն Հարթ Էսոսիէյշըն»-ի կողմէ: 2019-ին աշխատած է Պսալիմի «Միտլ Իսթ» հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ ռատիոբան: Մասնակցած է նաեւ զանազան բժշկական պրպտումի եւ հրատարակչական աշխատանքներու. մինչեւ հիմա ունի 8 հրատարակութիւն` վերջինը հրատարակելով 19 յունիսին, որ կը վերաբերի PET/CT քննութեան մէջ գործածուող նիւթի մը կապին` գեղձերու նախնական քաղցկեղի արտայայտման մէջ: Այս ուսումնասիրութիւնը տեղի ունեցած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` այլ բժիշկներու մասնակցութեամբ եւ տոքթ. Մոհամետ Հայտարի հսկողութեամբ:

Շահինեան անդամ է լիբանանեան եւ համաշխարհային բժշկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքային, Հիւսիսային Ամերիկայի ռատիոբանական միութեան (Radiological Society of North America), Հիւլէական բժշկութեան ամերիկեան քոլեճին (American College for Nuclear Medicine) եւ այլն:

Բժշկական մարզի նորութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, Շահինեան մասնակցած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ զանազան սեմինարներու  եւ համագումարներու, թէ՛ իբրեւ մասնակից, թէ՛ իբրեւ դասախօս:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ծաւալած իր գործունէութեան, Շահինեան 2011-էն 2016 անդամակցած է ԱՖՀԻԼ-ի թմրամոլութեան դէմ պայքարող «Հորիզոն» կեդրոնին իբրեւ դասախօս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.