Ատրպէյճանը յոյս ունի, որ Հայաստանի իրավիճակը կ՚ապակայունանայ

Ատրպէյճանական զօրքին 20-հազարնոց խմբաւորման մօտ մէկ երրորդը չէ վերադարձած թիկունք՝ մնալով  սահմանին մօտ:

Արցախի հետ սահմանին կատարած լայնածաւալ զօրավարժութիւններէն ետք Ատրպէյճանը որոշած է զօրքին մէկ մասը ետ չտանիլ մշտական տեղակայման վայր։ Փորձագէտները համոզուած են, որ Պաքու կը սպասէ հայաստանեան զարգացումներուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան Sputnik Արմենիային յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ իրավիճակը վերահսկելի է, կարելի է ըսել՝ կայուն:

«Ճիշտ է, որ Ատրպէյճանի մէջ վերջերս կատարուած զօրավարժութիւններէն ետք ատրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուած են իրենց մշտական տեղակայման վայրերը, բայց իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է, եւ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակը կը շարունակէ իր ձեռքերուն մէջ ամուր պահել ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը», ըսած է Բաբայեան:

Անոր խօսքով՝ այս մէկը ո՛չ առաջին անգամն է, ո՛չ ալ վերջին, որ Ատրպէյճան այդպէս կը վարուի։

Թէեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը վերջին շրջանին կոչ ուղղած է կողմերուն՝ զերծ մնալ ապակայունացումէ, հասկնալի է, որ անոնց կոչը, առաջին հերթին, կը վերաբերի Պաքուի:

Բաբայեան նշեց, որ նման յայտարարութիւններէ ետք Ատրպէյճանը, ամենայն հաւանականութեամբ, պէտք է ետ քաշէ ուժերը սահմանագիծէն: Ան ճիշդ չի համարեր համեմատել իրավիճակը 2016 թ.ի Ապրիլի հետ, որուն համար Ատրպէյճան պատրաստուած էր աւելի քան 20 տարի:

«Ատրպէյճանը այն ժամանակ մտածած էր, որ մենք պատրաստ չենք, հասարակութիւնը համախմբուած չէ, եւ փորձեց սրընթաց պատերազմի միջոցով հարցը կարգավւորել։ Բայց քանի որ ստացաւ համապատասխան հակահարուած, եւ ձախողեցան անոր նենգ ծրագիրները, հիմա նորէն նման պատերազմ սկսիլը հեռանակարային չէ, ան ի վիճակի չէ այդ մէկը ընելու», ըսած է Բաբայեան:

Քաղաքագէտ Երուանդ Պոզոյեան կը կարծէ, որ Ատրպէյճան կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած անհանգիստ ներքին իրավիճակին եւ ամէն պարագայի մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ կը պահէ ուժերը:

«Ատրպէյճան կ’ուզէ պատրաստ ըլլալ, որ Հայաստանի անկայունութեան X ժամը կրնայ հատել կարմիր գիծը, եւ անոնք կրնան յարձակիլ», ըսած է Պոզոյեան: Անոր խօսքով՝ մօտաւորապէս նման պայմաններէ օգտուած էր Հայաստան 90-ականներու սկիզբը, երբ Ատրպէյճանի մէջ Ապուլֆազ Էլչիպէյի կառավարման ընթացքին սկսած էր իշխանութեան համար պայքարը:

Ան նշեց, որ Հայաստանը կապիտալիզացուցած էր նաեւ Ռուսաստանի հետ Էլչիպէյի վատթարացած յարաբերութիւնները: Հայ զինուորներու ինքնազոհ պայքարին զուգահեռ այդ իր դերը խաղաց հակամարտութիւններուն ընթացքին:

«Ատրպէյճան կը կարծէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենան նոյնպիսի գործընթացներ: Ճիշդ այդ պատճառով անոնք մեծ ուժեր պատրաստ կը պահեն», նշեց Պոզոյեան:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 17-22-ը Ատրպէյճանի մէջ զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումները իրականացուցած են լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւն, որմէ ետք ատրպէյճանական բանակի ոչ բոլոր ստորաբաժանումները ետ քաշուած են իրենց մշտական տեղակայման վայրերը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.