Ատրպէյճանական յարձակումը կանխած եւ անօդաչու թռչող սարքը խոցած զինուորները կը պարգեւատրուին

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը սեպտեմբեր 24-էն ի վեր ռազմական զօրավարժութիւններ կը կատարէ։ Բանակի հակահարուածային խմբաւորման և հարաւային ուղղութեամբ գործող շարք մը զօրամասերու հետ, հոկտեմբերի 3-ին կայացած են մարտական հրաձգութեամբ ուղեկցուող մարտավարական զօրավարժութիւններ:

Արցախի Հանրապետության պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը յայտնէ, բանակի «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ զօրավարժութեան հետեւած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Մինչ զօրավարժութիւններու մեկնարկը, նախագահը «Մարտական ծառայութիւն» մետալ յանձնած է Սեպտեմբեր 23-ին հարաւ-արևելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու խափանարարական ներթափանցման փորձը կանխած զինծառայողներ Արմէն Բաբայեանին եւ Էմիլ Ներսիսեանին, և սեպտեմբերի 25-ին Ակնայի տարածքին հետախուզական թռիչք իրականացնող թշնամիի «ORBITER-2» տիպի անօդաչու թռչող սարքը խոցած Պարոյր Ամիրխանեանին եւ Ռաֆիկ Օրդոյեանին:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր 23-ի յարձակման ընթացքին, հայ դիրքապահ զինուորներու հակագրոհին իբրեւ արդիւնք սպաննուած էր մէկ ատրպէյճանցի յատուկ ջոկատային։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.