ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երրորդ դասապահը տեղի ունեցաւ՝ Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2024-ին, օրհնութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի «Ուսումնագիտական Ծրագիրներու Բաժանմունքին»։
Դասընթացքի դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեան, խօսեցաւ մարդաբանութեան եւ փրկչաբանութեան մասին, կեդրոնանալով մարդը՝ որպէս Աստուծոյ պատկեր ու նմանութիւն, մեղքի եւ անկումի հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ մարդուն փրկութեան եւ Քրիստոսով վերականգնումին մասին։ Աւարտին, Հայր Գեղարդ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։
Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն (ՀԵՍԳՈ) տարրական այս դասընթացքը իւրայատուկ ծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւ տեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։
Դասընթացքի առաջին կիսամեակը կ՚աւարտի Մայիսին իսկ երկրորդը կը սկսի՝ Սեպտեմբեր 2024-ին։
Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ Ազգային Առաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որ պիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւ իւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նոր դիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել Ազգային Առաջնորդարան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Comments are closed.