«Ասիկա Դատավարութիւն Չէ, Ասիկա Ալիեւի Խամաճիկային Բեմադրութիւնն Է». Օքամփօ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Պաքուի մէջ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութեան յայտնեց. «Ասիկա կատարուած յանցագործութիւններու կոծկում է: Ալիեւը ցեղասպանութիւն կամ առնուազն մարդկութեան դէմ յանցանք գործեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ` նախ սովի մատնելով զայն, ապա վախի մէջ պահելով եւ ստիպելով լքել իր պապենական հողը, իսկ հիմա կ՛աւարտէ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարները բանտարկելով: Ասիկա նման է 1915 թուականին տեղի ունեցածին: Ասիկա այն է, ինչ որ Ստալինը 1930-ականներուն կ՛ընէր Ռուսիոյ մէջ: Խորհրդային Միութեան մէջ Ստալինը կեղծ դատավարութիւնները կ՛օգտագործէր իր յանցագործութիւնները կոծկելու համար, ան կը սպաննէր իր թշնամիները: Ալիեւ ատիկա սորված է, անոր հայրը, ինչպէս գիտէք, վերապատրաստուած եղած է «Քէյ.Ճի.Պի.»-ի մէջ, ուստի ան նոյն մարտավարութիւնը կ՛օգտագործէ` օգտագործելով որոշ դատավարութիւններ` ցեղասպանութիւնը կոծկելու համար»:
«Ասիկա դատավարութիւն չէ: Ազրպէյճանի մէջ դատավարութիւններ չկան. Ազրպէյճանի մէջ չկան անկախ դատական համակարգ կամ անկախ դատաւորներ. ատիկա կ՛ըսեն բոլոր կառոյցները, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այսպիսով, անոնք պիտի դատապարտուին: Ասիկա դատավարութիւն չէ, ասիկա Ալիեւի խամաճիկային բեմադրութիւնն է», նշեց Օքամփօ:
Պատասխանելով «Միջազգային ընտանիքը Ալիեւը կանգնեցնելու համար ի՞նչ պէտք է ընէ» հարցումին` ան ըսաւ. «Նախ եւ առաջ ատոր համար ցեղասպանութեան ժխտումը շատ կարեւոր եւ լուրջ խնդիր է: Նոյնիսկ հայերը չեն խօսիր ցեղասպանութեան մասին: Ինչպէ՞ս կարելի է: Տեսէ՛ք, այն, ինչ որ Ղարաբաղի մէջ մարդոց պատահեցաւ, եթէ Ալիեւ զանոնք ոչնչացնելու մտադրութիւն ունէր, ատիկա ցեղասպանութիւն է: Եթէ ոչ, ապա հալածանք եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Երկու պարագային ալ կատարուածը կարելի չէ անտեսել, իսկ մենք ատիկա կ՛ընենք: Մենք կ՛անտեսենք, որ այդ մարդիկ միջազգային յանցագործութիւններու զոհեր են: Եւ հետեւաբար ժամանակն է ասիկա մտցնել օրակարգ: Պէտք է պահանջենք, որ մարդիկ իրենց տուներ վերադառնան, իսկ բանտարկեալները անյապաղ ազատ արձակուին: Բանտ գտնուող այս մարդիկ պատանդներ են: Զանոնք այնտեղ կը պահեն իբրեւ ուղերձ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` մի՛ վերադառնաք, եթէ վերադառնաք, ձեզ պիտի կալանաւորեն կամ սպաննեն: Վերջ: Այսպիսով, մեր արձագանգը պէտք է շատ յստակ ըլլայ: Խօսքը դատավարութեան մասին չէ: Խօսքը ցեղասպանութեան կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութեան մասին է, որ իրականացուած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ եւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 անձերու նկատմամբ:
«Սակայն, բայց եւ այնպէս, չենք կրնար ըսել, որ միջազգային ընտանիքը համարժէք կ՛արձագանգէ այս պահուս: Ատիկա խնդիր է, ոչ այն պատճառով, որ հիմնական լրատուամիջոցները, միջազգային լրատուամիջոցները սովորաբար այս խնդիրները հասկնալու խնդիրներ ունին: Եթէ կը յիշէք, 1938-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի թղթակիցը կը նկատէր, որ Ստալինի ցուցադրական դատավարութիւնները կեղծ չէին: Այսպիսով, ասիկա աւանդութիւն է: Ատոր համար կարեւոր է գոնէ Հայաստանի մէջ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի, եւ յետոյ զայն տարածել նաեւ Հայաստանէն դուրս: Այսինքն հայ ժողովուրդը ինք պէտք է քննարկէ, հասկնայ, որ այս ցեղասպանութիւնը չի կրնար անտեսել, դուք ատիկա ցեղասպանութիւն չէք կոչեր, ատիկա մեծ սխալ է, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ցնցուած է, դուք պէտք է անոնց օգնէք հասկնալու, որ իրենց հետ կատարուածը միջազգային յանցագործութիւն է, որ իրենք իրաւունքներ ունին, պէտք է վերադառնան, եւ անոնց ղեկավարները պէտք չէ բանտի մէջ ըլլան: Այնպէս որ, գոնէ հայկական լրատուամիջոցները պէտք է խօսին այս իրականութեան մասին»:
«Ի՞նչ կը կարծէք, Ազրպէյճանի ղեկավար Ալիեւը այնպէս կը զգայ, կարծէք իր ձեռքերը այս պահուս ազա՞տ են» հարցումին Օքամփօ պատասխանեց. «Իմ կարծիքով` հարցը միայն Ալիեւը չէ, այլ նաեւ այն, թէ հայերը ի՛նչ կ՛ընեն: Իշխանութիւնը, ես կը հասկնամ, կաշկանդուած է, բանակցութիւններ կը վարէ, շատ բան չի կրնար ըսել, սակայն Հայաստանի, սփիւռքի մէջ լրատուամիջոցները պէտք է աւելի յստակ ըլլան, աւելի գործօն: Մենք շատ բաներ ըրինք ՔՈՓ29-ի մէջ: Իսկապէս յաջողեցանք մարդոց հասցնել այն ուղերձը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը զոհ է, որ Պաքուի բանտին մէջ գտնուողները յանցագործութիւններու զոհ են: Հիմա մենք պէտք է վերադառնանք այս կէտին եւ կարելիութիւն ստեղծենք միջազգային լրատուամիջոցներու համար հասկնալու, որ ասիկա դատավարութիւն չէ: Խօսքը կեղծ դատավարութեամբ յանցագործութիւնները կոծկելու մասին է: Ազրպէյճանի մէջ դատավարութիւններ չկան, դատաւորները դատաւորներ չեն. Ալիեւի խամաճիկներն են:
«Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար, կը կարծենք, վերադարձի իրական կարելիութիւն կրնայ ըլլալ: Ճշմարտութիւնը առաջին քայլն է մարդոց բուժելու եւ յետոյ անոնց վերադարձը կարելի դարձնելու համար: Այո՛, ճշմարտութիւնը կարեւոր է»:
Comments are closed.