Առաքելութիւնը՝ յեղափոխականութիւնը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ի՞նչ է մեր առաքելութիւնը։

Քառամեակէ քառամեակ, Ընդհանուր ժողովէ Ընդհանուր ժողով, այս հարցն է, որ կու տանք, պէ՛տք է տանք մենք մեզի, հաւաքաբար՝ իբր կուսակցութիւն եւ անհատաբար իբր կուսակցականներ։

Այս հարցը կու տանք ու միշտ պիտի տանք, քանի որ յարափոփոխ, մանաւանդ այնքան արագ փոփոխուող (բայց յաճախ նաեւ նոյնը մնացող) այս աշխարհին մէջ եթէ մենք ալ տեւաբար չվերանայինք մեր առաքելութիւնը եւ ըստ այնմ չճշտենք մեր ռազմավարութիւնը, կը դառնանք ժամանակավրէպ։

Պատմութեան տարբեր փուլերուն, նոր կացութիւններու դէմ-յանդիման, մեր պարտաւորութիւնն է այս վերանայումը, առաքելութեան ու համապատասխան ռազմավարութեան ճշգրտումը, որքան ալ որ գերագոյն նպատակը կը մնայ նոյնը, կը մնայ տակաւին չիրագործուած. չիրագործուած՝ մեր կամ այլոց կողմէ, չիրականացած՝ հայութեա՛ն համար։ Այն օրը, որ տեսլականը իրականութիւն դարձած ըլլայ, այսինքն հայութիւնը համախմբուած ըլլայ ու իր գոյութիւնը ապահոված ըլլայ իր հայրենի հողերուն վրայ, խախաղած ու համերաշխ տարածաշրջանի մը մէջ, զերծ՝ միջազգային այլազան խարդաւանանքներէ ու դաւերէ, հայրենիք՝ ուր ինք կրնայ կերտել իր բարօր կեանքը եւ ստեղծագործել ազատ-անկաշկանդ, այն ատեն ու միայն այն ատեն կատարած կ՚ըլլանք մեր առաքելութիւնը, խաղացած՝ մեր դերը, ու հանգիստ կրնանք սուրը դնել իր պատեանը, փետուրը զետեղել իր կաղամարին մէջ եւ բահը կախել պատէն։

Այսպէս ու միայն այսպէս կրնայ Դաշնակցութիւնը փակել իր հաշիւը պատմութեան հետ։ Գիտնանք, սակայն, որ ոգին չի մեռնիր, այն ոգին, որ 128 տարիներ առաջ ծնունդ տուաւ այս կուսակցութեան։ Հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգին անմահ է, եւ նոր ճգնաժամերու պահուն կը վերակենդանանայ հայոց դիւցազնը՝ Սասնայ Դաւիթը, ու վերստին կը պաշտպանէ իր ժողովուրդը Մսրայ Մելիքներուն դէմ։

Առ այդ, մեր առաքելութիւնն է մնալ կրողն ու պաշտպանը այդ ոգիին ու փոխանցել զայն սերունդէ սերունդ։ Այդ ոգին է, որ կ՚ըսէ մեզի.

Չհաշտուիլ միջազգային ու տարածքային տիրող պայմաններուն եւ կացութիւններուն հետ։

Չհաշտուիլ մեր երկրին ու ժողովուրդին պարտադրուող կաշկանդումներուն հետ։

Չհաշտուիլ անարդարութիւններուն հետ, որոնց կ՚ենթարկուինք ազգովին՝ ընկերային ըլլան անոնք, տնտեսական թէ քաղաքական։

Ո՛չ ըսել մարդու կեղեքման՝ մարդուն կողմէ, այդ ըլլայ ֆիզիքական թէ հոգեկան առումով, կիներու նսեմացման ու շահագործման, մարդկային իրաւունքներէ զրկման ու ամեն տեսակի բռնաբարութեան։

Ո՛չ ըսել բնութեա՛ն կեղեքման, մեր երկրի բնական հարստութիւններու կողոպուտին։

Ո՛չ ըսել սկզբունքներու եւ իրաւունքներու երեսուն արծաթի վաճառման՝ ինչ-ինչ խաբուսիկ ու առժամեայ շահերու ի խնդիր, կաշառատւութեամբ, կաշառակերութեամբ ու մասամբ նորին։

Մերժե՛լ համակերպիլ մեր լեզուին, մեր այբուբենին, մեր մշակոյթին ու մեր բարքերուն խաթարումին, խողխողումին ու խորտակումին՝ աշխարհայնացման ռմբակոծումներուն տակ։

Մերժե՛լ ենթարկուիլ այլոց կամքին, որքան ալ որ անոնք բրտօրէն ու բազմապատիկ աւելի ուժեղ ըլլան։

Մերժել խածնել մեզ գայթակղեցնող շողշողուն խայծերը՝ ծախելով մենք զմեզ, մեր էութիւնը, մեր գալիք սերունդները։

Ընդդիմանալ պարտուողական ոգիին, որ սերմանել կը փորձեն հայութեան մէջ։

Ընդդիմանալ յոյսը այլոց վրայ դնելու փորձութեան, ստորադասութեան զգացումին, օտարամոլութեան ու սնապարծութեան։

Ընդդիմանալ մեր ճակատագիրը ուրիշին ձեռքով տնօրինել արտօնելու դաւաճանութեան։

Չընդունիլ գերազանցէն նուազ արդիւնքներ միջազգային մեր բոլոր ձեռքբերումներուն մէջ՝ գիտական ըլլան թէ մշակութային, ընկերային ըլլան թէ մարմնամարզական։

Չենթարկուիլ հայութիւնը իրերամերժ արուեստական հատուածներու վերածելու ներքին թէ արտաքին դատապարտելի ճիգերուն։

Եւ չմոռնալ, չմոռնալ, չմոռնալ երբեք ՀՅԴ Մանիֆեստի 128-ամեայ պատգամը՝

«ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵ՛ՆՔ, ՀԱՅԵ՛Ր, ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋ ՏԱՆԵՆՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԸ»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.