Առաջնորդ Սրբազան հօր այցելութիւնը Ս. Յակոբ ազգային վարժարան

9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Վերամուտի առթիւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ՝ շրջելով դասարանները: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւն, օրհնեց աշակերտները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու վարժարանը, եւ ապա շնորհաւորեց ու յաջողութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց աշակերտներուն, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ինքնութեան ճանաչման այն մարտահրաւէրներուն ու առաջադրանքներուն, որոնք կը կարօտին երախտաշատ ճիգերու աւելի եւս լարումի, ապա յորդորեց զանոնք կենսաւորելու հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին արժէքները եւ հաւատքի ու մտքի ուժով զինուած՝ դէմ դնելու ամէն տեսակի դժուարութեանց, որ կը խաթարէ իրենց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.