Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Քեպէգի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Պրուս Մայըրզ Եպիսկոպոսին գնահատանքի միջոցառման

Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, յատուկ հրաւէրով մը մասնակցեցաւ Քեպէգի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Պրուս Ճոզըֆ Մայըրզ Եպիսկոպոսի գնահատման միջոցառումին:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի «Թամարի» սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վարդապետ Թաշճեան: Ներկայ էր նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան:

Նշենք, որ Մայըրզ Եպիսկոպոս գնահատանքի արժանացաւ իր ունեցած միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական ծառայութիւններուն համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց Մայըրզ Եպիսկոպոսին, շեշտելով միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.