Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ Կայացաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, Գէմպրիճի մէջ։
Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ Տիկին Արփի Աշքարեան։
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ անոր Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին առիթով Եկեղցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ յանձնեց յուշանուէր մը։ Ապա, Գերապատիւ Հայր Սուրբը բարի գալուստի խօսք ուղեց Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանին եւ անոր մաղթեց ծաղկուն ծառայութիւն։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ գնահատեց Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանը եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմի անդամները անոնց նուիրումին եւ անսակարկ ծառայութեան համար։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը եւ մաղթեց, որ Տէր Հօր ծառայութիւնը ըլլայ պտղատու եւ օրհնաբեր։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:
Comments are closed.