Առաջին անգամ ըլլալով ՀՀ բանակը զօրավարժութիւն կատարած է սահմանագիծի պահպանութեան տեղամասին մօտ

Հայկական բանակը նախորդ շաբաթ անակնկալ ու յանկարծակի զօրավարժութիւն կատարած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծին մօտ։ ՀՀ Զինուած ուժերու Երկրորդ բանակային զօրասիւնի տորաբաժանումները՝ առաջին անգամ ըլլալով սահմանագիծի անմիջական պահպանութեան տեղամասին մօտ, լեռնային պայմաններու մարտական հնարաւոր յարձակման գործողութ՚իւններու զսպման զօրավարժութիւններ կատարած են, որոնց հետևած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ բանակի գլխաւոր մտաբի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան։

Զօրավարժութեան ընթացքին ՀՀ զինուուած ուժերը կասեցուցած է թշնամիի յանկարծակի յարձակումը եւ ոչնչացուցած վերջինիս ստորաբաժանումները՝ կիրառելով ռազմական նոր սարքեր:

Բացի զօրքերու պատրաստուածութեան ստուգումէն, զօրավարժութեան նպատակներէն մէկը եղած է նաև Քարվաճառի բնակչութեան, ինչպէս նաև Սոթք-Քարվաճառ մայրուղիի անվտանգութեան ապահովման ստուգումը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.