Ապակեդրոնացման մասին – Բ.

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Բ.

Եթէ փորձենք հասարակ յայտարարներ գտնել ապակեդրոն կառոյցներուն միջեւ, պիտի տեսնենք, գլխաւորապէս երեք կէտեր կ՚առանձնանան եւ, շատ ուշագրաւօրէն, այդ երեք կէտերն են հիմնական տարբերութիւնները, որ ապակեդրոն կառոյցներն կը զատորոշեն կեդրոնաձիգներէն։

  1. — Անոնցմէ առաջինը լիազօրութիւններու, պարտականութիւններու եւ իրաւասութիւններու յստակ թուարկումն է եւ անոնց հակադարձ համեմատականութիւնը կառոյցի մակարդակի բարձրութեան հետ։ Ինչքան բարձրանանք ապակեդրոն կառոյցներուն մէջ, այնքան աւելի կը նուազին տուեալ մակարդակին վերապահուած լիազօրութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւասութիւնները եւ այնքան աւելի կը բիւրեղանայ անոնց ծիրն ու շառաւիղը։ Ամենալայն, ամենաանորոշ լիազօրութիւնները կը պատկանին ստորագոյն մակարդակին։ Վերին մակարդակներու պարտականութիւններու եւ լիազօրութիւններու ցանկերուն վրայ երբէք չէք հանդիպիր «եւ այլն» կամ «եւ մասամբ նորին» բառակապակցութիւններուն. անորոշ, չբանաձեւուած իրաւասութիւնները գործ չունին այնտեղ, այլ վերապահուած են ամենաստորին մակարդակին, անոր, որ ամենամօտիկն է անհատին։ Մինչդեռ կեդրոնաձիգ կառոյցներու լիազօրութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւասութիւնները կը յստակացուին մակարդակներու շղթան ի վար. ստորագոյն մակարդակին կը գտնենք այդ իշխանութեան ընելիքներն ու չընելիքները յստակօրէն թուարկող ցանկեր, իսկ «եւ այլն» կամ «եւ մասամբ նորին» բառակապակցութիւններով սահմանուած իրաւասութիւնները, լիազօրութիւնները բարձրագոյն մակարդակին են վերապահուած։

Ապակեդրոն կառոյցները շէնքեր են, որոնց կը բարձրանան վարէն վեր, իւրաքանչիւր յաւելեալ մակարդակին ունենալով աւելի բիւրեղացած, աւելի յստակացած, աւելի սահմանափակ ընելիքներ, մինչ կեդրոնաձիգ կառոյցները կը կազմուին վերէն վար, որոշ լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու «շնորհում»ով դէպի ստորին մակարդակներ։ Ապակեդրոն կառոյցները երբէք բաց լիազօրութիւններ չեն տար վերին մակարդակներուն, այլ միշտ կը յստակեցնեն անոնց պարտականութիւններն ու իրաւասութիւններու սահմանները։ Ոչ մէկ ատեն վերին մակարդակի լիազօրութիւնները անսահման են. «բաց քարտ»ի (carte blanche, blank check) ըմբռնում գոյութիւն չունի ապակեդրոն կառոյցներուն մէջ։

Ապակեդրոն կառոյցներու այս յատկութիւնը կը դիւրացնէ նաեւ վերին մակարդակի գործադիրներէն հաշուետուութիւն ստանալու աշխատանքը, որովհետեւ երբ մէկու մը ընելիքը յստակ է, շատ աւելի դիւրին է դատել իր աշխատանքին արդիւնքը։

  1. — Երկրորդ գլխաւոր տարբերութիւնը ապակեդրոն եւ կեդրոնաձիգ կառոյցներուն միջեւ տարբեր մակարդակներուն միջեւ վերադասի ու ստորադասի յարաբերութիւներն են։ Իւրաքանչիւր աստիճանակարգուած կառոյց կ՚ունենայ տարբեր մակարդակներու վրայ գործող ատեաններ, որոնք պէտք է իրար միջեւ ունենան որոշ յարաբերութիւններ, գերադասի ու ստորադասի աստիճանակարգումներ, այլապէս կառոյցը կ՚ըլլայ անշարժ քարակոյտ մը՝ անկարող գործելու։

Կեդրոնաձիգ կառոյցներու ուղղահայեաց յարաբերութիւնները շատ պարզ են. վերադասի կամքը հրաման է ստորադասին համար եւ վերջ։ Չինաստանի կայսրութիւնը՝ կեդրոնաձիգ կառոյցներէն ամենահինը, միշտ ալ գործած է եւ մինչեւ օրս կը գործէ կայսեր կամքի անառարկելիութեան սկզբունքով, պարզապէս կայսրի տիտոսը փոխարինելով այլ մակդիրով մը։ Նոյնպէս մեզի աշխարհագրականօրէն աւելի մօտիկ պարսկական կայսրութիւնները՝ Աքամենեան, Պարթեւական, Սասանեան եւ այլն, Բիւզանդական կայսրութիւնը իր թեմերով, Ռուսական կայսրութիւնը իր ձարական թէ համայնավար պիտակաւորմամբ, Օսմանեան կայսրութիւնը իր սուլթաններով եւ վեզիրներով եւայլն, գործած են եւ տակաւին կը գործեն վերադասի կամքի անառակելիութեան սկզբունքով։ Վերադասի բացարձակ լիազօրութիւններու սանձումը, միապետութենէն սահմանադրական թագաւորութեան անցումը դժուար գործընթաց է եւ պատմականօրէն ան բազմաթիւ սերունդներու վրայ տարածուող աշխատանք է, ուղեկցուած մեծաքանակ զոհերով։

Ապակեդրոն կառոյցներուն պարագային շատ աւելի նուրբ է վերադասի եւ ստորադասի յարաբերակցութիւնը։ Վերադասը ունի լիազօրութիւններ, որոնք իրեն տրուած են ստորադաս խաւերուն կողմէ, յստակօրէն բանաձեւուած եւ իրենց յստակ սահմաններուն մէջ՝ բացարձակ։ Օրինակ. երբ մի քանի փոքր իշխանութիւններ ի մի կու գան եւ կ՚որոշեն թէ իրենց պաշտպանութիւնը պիտի միաւորեն եւ ունենան հասարակաց զինեալ ուժեր՝ բանակ, այդ կը նշանակէ, թէ իրենք իրենց այդ լիազօրութիւնը՝ իրենց տարածքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար բիրտ ուժ գործածելու մենաշնորհը՝ կը զիջին աւելի բարձր մակարդակի մը, յստակօրէն կանոնակարգուած եւ մանրամասնուած ձեւով. ո՞վ զինուոր պիտի հաւաքագրէ, ո՞վ պիտի հոգայ զօրանոցները, հրամանատարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գոյանայ եւ գործէ եւ այլն։ Այդ լիազօրութիւններու սահմանումներուն մաս կը կազմեն նաեւ անոնց վերացման՝ լիազօրութիւններու ետ կանչի ձեւերն ու կանոնները։

  1. — Երրորդ տարբերութիւնը կեդրոնաձիգ եւ ապակեդրոն կառոյցներուն միջեւ ուղղակի կը բխի երկրորդ տարբերութենէն՝ ստորադասի եւ վերադասի յարաբերակցութենէն։ Այդ յարաբերութիւնները կ՚ըլլան երկու տեսակի.

ա) գործադիր յարաբերութիւն, ուր ատեանները իրար հետ կը համագործակցին քիչ թէ շատ վարչահրամայական ձեւով. վերադասը կը հրահանգէ, ստորադասը կը կատարէ, իսկ եթէ առարկութիւն ունի՝ նախ կը կատարէ, ապա կ՚առարկէ։ Այս է գործունէութեան ձեւը բոլոր աստիճանակարգուած կառոյցներուն, որոնք նախատեսուած են աշխատելու որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ տուեալ խնդիր մը լուծելու համար։

բ) վերահսկողական յարաբերութիւն, ուր վերադասը ունի ստորադասի աշխատանքին հետեւելու եւ զայն քննելու, իր պահանջել հարկին արգելակելու պարտականութիւն, սակայն չունի այդ աշխատանքին մասին որոշումներ առնելու իրաւասութիւն։ Այլ խօսքով, վերադասը ստորադասին կրնայ ըսել թէ ինչ չընէ, բայց չի կրնար ըսել թէ ինչ ընէ։ Ան ունի վեթոյի իրաւունք, սակայն չունի հրահանգի իրաւունք։

Մինչ կեդրոնաձիգ կառոյցներու պարագային մեծ կարեւորութիւն չունի վերադասի ունեցած լիազօրութիւններու տեսակը՝ գործադիր թէ վերահսկողական, եւ շատ յաճախ այդ երկուքը միացած կը գտնենք մէկ ատեանի մէջ, ապակեդրոն կառոյցներուն համար շատ կարեւոր են այդ տարբերութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ կառոյցները կը խուսափին զանոնք յատկացնելու նոյն ատեանին։ Աւելին, ապակեդրոն կառոյցներու բուրգին գագաթը գործադիր ատեան չի գտնուիր, որովհետեւ չվերահսկուող եւ գործադիր ատեանի մը գոյութիւնը գագաթին՝ կառոյցը ինքնաբերաբար կը վերածէ կեդրոնաձիգ կառոյցի, «նախ կատարէ, յետոյ առարկէ» սկզբունքին պատճառով։

* * *

Դաշնակցութեան հիմնադիրները շատ լաւ սերտած էին այս նրբութիւնները։ Երկու տարի փորձարկելէ ետք կեդրոնով գործելու աշխատելաոճը, անոնք Ա. Ընդհանուր ժողովին՝ 1892-ին, կազմակերպութեան գագաթին դրին ոչ թէ Կեդրոնական մարմին կամ վարչութիւն մը, իրենց նախորդող արմենականներուն կամ հնչակեաններուն օրինակով, այլ Դաշնակցութեան գերագոյն ատեան հռչակեցին Ընդհանուր ժողովը, որ ժողով ըլլալով ինքնաբերաբար գործադիր չի կրնար ըլլալ։ Դաշնակցութեան միակ անառարկելի հեղինակութիւնն է իր Ընդհանուր ժողովը, որուն որոշումները պարտադիր են ստորադաս բոլոր ատեաններուն համար։

Դաշնակցութեան հիմնադիրները չբաւականացան Ընդհանուր ժողովը հռչակելով Գերագոյն ատեան։ Անոնք նաեւ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած մարմինները յստակօրէն երկու տեսակի տարբերակեցին. ա) Բիւրօ, որ երկու Ընդհանուր ժողովներու միջեւ կը հանդիսանար կազմակերպութեան գերագոյն ատեանը, օժտուած վերահսկողական եւ համադրական լայն իրաւասութիւններով, առանց գործադիր հանգամանքի, եւ բ) Պատասխանատու մարմիններ, որոնք կ՚ընտրուէին Ընդհանուր ժողովին կողմէ, գործադիր հանգամանքով եւ յստակօրէն բանաձեւուած աշխատանքային ծիրով, որոնք հաշուետու էին Ընդհանուր ժողովին եւ միաժամանակ ենթակայ Բիւրոյի վերահսկողութեան։ Ունեցած ենք Երկրի պատասխանատու մարմին, Կիլիկիոյ պատասխանատու մարմին եւայլն, ամեն մէկը իր յստակ աշխատանքային սահմանումներով, որոնց համար հաշուետու եղած են Ընդհանուր ժողովին առջեւ։ Վերջին պատասխանատու մարմինը, որ մեր պատմագրութիւնը արձանագրած է, 1919-ին գումարուած 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Յատուկ մարմնի մը առաջացումն էր, որուն յանձնուեցաւ Նեմեսիս գործողութեան իրագործումը։

Վերջին երեք տասնամեակներուն, մանաւանդ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, շատ խօսուեցաւ ՀՅԴ կառոյցի վերանայման անհրաժեշտութեան մասին։ Բնական երեւոյթ է Դաշնակցութեան նման գործին առաջնահերթութեան հաւատացող կազմակերպութեան մը համար վերանայիլ իր կառոյցի եւ առկայ գործի համատեղելիութիւնը եւ կառոյցը յարմարցնել գործին, ինչպէս հագուստը կը յարմարցնենք մարմնին եւ ոչ թէ հակառակը։ Երբ 2 միլիոննոց սփիւռքի տարածքին գործելու պարտադրանքը վերջացաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ Դաշնակցութիւնը վերագտաւ իր գործունէութեան համահայկական դաշտը, պարզ էր որ իր կառոյցը պիտի կրէր անհրաժեշտ փոփոխութիւնները իր գործունէութեան նոր ծաւալին եւ բնոյթին համահունչ։

Բազմաթիւ անգամ լսած եմ երկու բիւրօ ունենալու մասին առաջարկներ, ուր միշտ ալ կը յիշեցուի, թէ ատենին ունեցած ենք երկու, շրջան մը նաեւ երեք բիւրոներ։ Անշուշտ այդ առաջարկները ընողները չեն ըսեր նաեւ, որ այն ատենուան հաղորդակցութեան պայմաններու թելադրանքն էր մէկէ աւելի գրասենեակներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը (ի վերջոյ, բիւրօ բառը կու գայ ֆրանսերէնէն —bureau — եւ կը նշանակէ գրասեղան, ինչպէս նաեւ գրասենեակ ուր այդ գրասեղանն է դրուած), եւ եթէ 1919-էն ի վեր ունեցած ենք միայն մէկ Բիւրօ, ան անպայմանօրէն գործունէութեան ծաւալի կրճատման պատճառով չէր։

Նշեմ նաեւ, որ զարմանալիօրէն այս երեք տասնամեակներու ընթացքին կայացած բոլոր քննարկումներուն ընթացքին չեմ լսած ոեւէ վերյիշում առ այն, թէ Ընդհանուր ժողովը օրին, երբ ունէինք մէկէ աւելի բիւրոներ, կ՚ընտրէր նաեւ Պատասխատու մարմիններ, որոնք կը կատարէին գետնի վրայ բուն աշխատանքը, իսկ բիւրոները կը վերահսկէին ամբողջութեան վրայ։

Կ՚ուզեմ գրութիւնս աւարտել Դաշնակցութեան ապակեդրոն գործելակերպը բնորոշող դիպուկ օրինակով մը։ Բոլորս գիտենք Խանասորի արշաւանքին մասին, նոյնիսկ երբեմն կը փորձենք «Կարկուտ տեղաց»ը երգել։ Սակայն շատերս չգիտենք որ Խանասորի արշաւանքը ոչ Բիւրոյի նախաձեռնութիւն էր, ոչ ալ Ընդհանուր ժողովի որոշում։

«Արշաւանքը կատարուած է, ի հարկէ, ոչ տեղական մէկ գործիչի եւ ոչ իսկ Ատրպատականի ու Վանի Մարմիններու որոշումով — անոնք եւս համաձայնեցան — արշաւանքի գաղափարը ընդունուեր է, երկարօրէն ծեծուելէ յետոյ, 1896-ի կուսակցական Շրջանային Ժողովին մէջ, Ատրպատականին Կեդրոնական Կոմիտէի պատգամաւորի մասնակցութեամբ։ Ընկերներու մէջ կային սակայն տարաձայնութիւններ», կը գրէ Վարանդեան(*)։ Տարաձայնութիւնները այն աստիճան կը սաստկանան, որ սահմանին վրայ կուտակուած ամբողջ կարողականութիւնը, — եւ այն ատեն քիչ բան չէր 300-ի հասնող զինուոր ու անոնց հանդերձանքը, — ջլատուած կը սպասէր։

«Հակառակութիւնը երթալով սուր կերպարանք կ՚առնէր», աւելի վար կը շարունակէ Վարանդեան։ «Ուստի Բիւրոյի կողմէն Յարութիւն Շահրիկեան գնաց 1897-ի յուլիսին Սալմաստ՝ տղաները հաշտեցնելու եւ ձեռնարկը փութացնելու համար։ Շահրիկի առաքելութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ»։

Այո, Շահրիկի առաքելութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ, եւ մնացեալը արդէն մաս կը կազմէ հայոց պատմութեան։

ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մոնթրէալ

*) Միքայէլ Վարանդեան «Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. հատոր, գլուխ 9, էջ 151-152։ Ա. հրատ. Փարիզ, 1932։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.