Աշխարհ Ե՞րբ Վերջ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ Ոճիրներուն
Յարութ Սասունեան
Տարիներ շարունակ տասնեակ զեկոյցներ գրուած են՝ թրքական իշխանութիւններու կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ թուրք քաղաքացիներու լայնածաւալ առեւանգումներուն մասին՝ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգը քննադատելնուն պատճառով։
Աքսորեալ թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ բացայայտած է թրքական այս անօրինական գործողութիւնները` տրամադրելով թրքական կառավարութեան աղբիւրներէն ստացած գաղտնի փաստաթուղթերու պատճէններ: Զարմանալի չէ, որ Թուրքիա զայն ձերբակալելու հրաման տուած է։ Ան Շուէտի մէջ կը հրատարակէ Nordic Monitor-ը։
Պոզքուրթ 3 Նոյեմբեր 2022ին յօդուած մը գրած է Nordic Monitor-ի մէջ՝ «Թուրք դիւանագէտներու լրտեսութիւնը 2022ին շարունակուած է նոր թիրախներով՝ Նորվեկիոյ, Հոլանտայի եւ Յունաստանի մէջ» վերնագրով։
Պոզքուրթ հրապարակած է թրքական գաղտնի փաստաթուղթ մը, որ պատրաստած է Անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնութիւնը, 7 Յունիս 2022ին։ Ան բացայայտած է, որ արտասահման գտնուող դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու մէջ աշխատող թուրք դիւանագէտներ կը շարունակեն «քննադատներու եւ հակառակորդներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու անօրինական գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ»։
Պոզքուրթ յայտնած է, որ «երկու թուրք դիւանագէտներ, այդ օրերու մամուլի կցորդ Հաճի Մեհմետ Խանի եւ Հաքան Քամիլ Երկէ, Պեռնի մէջ այդ օրերու թրքական դեսպանատան երկրորդ քարտուղարը, 2016ին, թմրանիւթերու կիրարկմամբ առեւանգած են Զուիցերիոյ թուրք գործարարը: Յունիս 2018ին, Զուիցերիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը երկու թուրք դիւանագէտներու ձերբակալութեան հրահանգ տուած է»։
Բացի իրենց հակառակորդները բռնելու եւ տուն բերելու փորձերէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկրին ներսը կը բանտարկէ անոնց հարազատները եւ կը բռնագրաւէ անոնց ունեցուածքը։
4 Նոյեմբեր 2022ին, Nordic Monitor-ի մէջ հրապարակուած երկրորդ՝ «Թրքական հետախուզութիւնը Շուէտի մէջ կը շարունակէ լրտեսել լրագրողները» վերնագրով յօդուածին մէջ, Պոզքուրթ կ՛ըսէ, որ Շուէտի մէջ Nordic Monitor-ի խմբագիր Լեւենթ Քենեզի «հետապնդած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնը՝ անոր անձնական տեղեկութիւնը հրապարակելով թրքական լրատուական միջոցներուն մէջ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ տպագրուող «Սապահ» թերթը անցեալ Երեքշաբթի հրապարակած է Քենեզի լուսանկարները՝ Սթոքհոլմի իր բնակարանին դիմաց, ուր ան կ՛ապրի ընտանիքի հետ, հրապարակած է անոր հասցէն ու առօրեային կապուած մանրամասնութիւններ»՝ վտանգի ենթարկելով անոնց կեանքը։ Հասկնալի է, որ ներքին քննադատները լռեցնելէ ետք, Էրտողան հիմա ալ կը փորձէ արտասահմանի մէջ իր քննադատները լռեցնել։
Երրորդ յօդուածը, որ վերնագրուած էր՝ «Թուրք դիւանագէտները շահագործած են ԱՄՆ ներքին անվտանգութեան կայքը՝ Միացեալ Նահանգներու այլախոհներուն հետեւելու համար», Nordic Monitor-ի մէջ հրապարակած է Պոզքուրթ, 2 Նոյեմբեր 2022ին։
Պոզքուրթ բացայայտած է թրքական գաղտնի փաստաթուղթ մը, որով ցոյց կու տայ, որ թրքական հետախուզական գործակալութիւնը օգտագործած է ԱՄՆ մաքսային եւ սահմաններու պաշտպանութեան կայքը՝ ԱՄՆ-ի մէջ թուրք բժիշկին հետեւելու համար, որ կը քննադատէ թրքական կառավարութիւնը: ԱՄՆ կառավարութեան կայքէջին վրայ մարդոց անձնական տուեալներու շտեմարան մուտք գործելը յանցագործութիւն է:
Պոզքուրթ յայտնած է, որ միայն 2016-2017 թուականներուն թրքական դեսպանատուներն ու հիւպատոսութիւնները ներկայացուցած են արտերկիր ապրող Թուրքիոյ 4386 քննադատներու տուեալները։ 2021 թուականին, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու մէջ նշանակուած թուրք դիւանագէտներուն կառավարութիւնը պաշտօնապէս յանձնարարած է գաղտնի լրտեսական գործողութիւններ իրականացնել օտարերկրեայ տարածքի մէջ։ Աւելին, Էրտողանամէտ թրքական ցանցերն ու կազմակերպութիւնները արտերկրի մէջ հանդէս եկած են որպէս թրքական վարչակարգի «երկար ձեռքը»:
2019ին, ԱՄՆ կառավարութիւնը դատապարտեց թրքական իշխանութեան աշխատակից Քամիլ Էքիմ Ալփթեքինը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Էրտողանի հակառակորդները հսկելուն համար: Ալփթեքին կը շարունակէ մնալ փախուստի մէջ եւ ներկայիս կը պահուըտի Թուրքիոյ մէջ, մինչդեռ անոր համախոհ Պիճան Ռաֆիէքեան, որ 2019ին դատապարտուած է՝ ԱՄՆ-ի մէջ թրքական կառավարութեան իբր գաղտնի գործակալ գործունէութիւն ունենալուն համար՝ առանց բացայայտելու իր յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի կառավարութեան, ըստ Պոզքուրթի:
Մեթիու Ամլոթ 12 Յուլիս 2020ին «Ալ Արաբիա»-ի մէջ հրապարակեց յօդուած մը՝ «Թուրքիան գաղտնի համաձայնագիրներ ստորագրած է երկիրներու հետ՝ այլախոհները արտասահմանէն առեւանգելու համար» վերնագրով: ՄԱԿ-ի չորս զեկուցողներու կողմէ գրուած միացեալ նամակին համաձայն՝ «Թուրքիա գաղտնի համաձայնագիրներ ստորագրած է բազմաթիւ երկիրներու (Ատրպէյճան, Ալպանիա, Քամպոտիա եւ Կապոն) հետ՝ ենթադրեալ պետական այլախոհներուն՝ երկրին տարածքէն դուրս առեւանգումները իրականացնելու նպատակով… Թուրքիա նաեւ թիրախաւորած է (իր) քաղաքացիները Աֆղանիստանի, Քոսովոյի, Ղազախիստանի, Լիբանանի եւ Փաքիստանի մէջ, գրուած է նամակին մէջ»։
ՄԱԿ-ի նամակին մէջ արձանագրուած է, որ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլ պետութիւններու հետ համաձայն, ամբողջ աշխարհէն ստիպողաբար Թուրքիա տեղափոխած է 100 թուրք քաղաքացիներ, որոնցմէ 40-ը ենթարկուած են բռնի անհետացման, հիմնականին մէջ առեւանգուած են փողոցներէ կամ իրենց տուներէն եւ բազմաթիւ դէպքերու պարագային՝ իրենց զաւակներուն հետ միասին»։
Ալիս Թէյլըր «Exit News»-ի մէջ գրած է, որ «Նոյեմբեր 2018ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է խորհրդարան, որ արտայանձնման 452 խնդրանք ղրկուած է ընդհանուր թիւով 83 երկիրներու»։
Եասիր Կէօքչէ յօդուած մը գրած է, որ հրապարակուած է 25 Նոյեմբեր 2018ին, Հարվըրտ համալսարանի Kennedy School Review-ի մէջ՝ «Թուրքիոյ արտաքին առեւանգումները կը հակասեն միջազգային օրէնքին» վերնագրով: Այս ապօրինի առեւանգումները պէտք է ներկայացուին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին, առաջարկած է Կէօքչէ:
2020ին, Եոհան Հէյմընզ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային դիտորդական կազմակերպութեան հետ միասին հրապարակած է 128 էջնոց զեկոյց մը, որ մասամբ հիմնուած է Անգարայի իրաւաբաններու ընկերակցութեան զեկոյցին վրայ, որ իր կարգին կը փաստէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու արտաքսման կամ առեւանգման յստակ դէպքերը՝ 17 երկիրներէ. Մոլտովա, Ատրպէյճան, Կապոն, Սուտան, Քոսովօ, Մէանմար, Սէուտական Արաբիա, Պուլկարիա, Պահրէյն, Ինտոնեզիա, Ղազախիստան, Փաքիստան, Ուքրանիա, Լիբանան, Մալէյժիա, Զուիցերիա եւ Մոնկոլիա:
Վերջապէս, OpenDemocracy.net 16 Յունիս 2021ին հրապարակեց Սերտար Սանի յօդուածը, որ վերնագրուած էր. «Արտասահմանի մէջ թուրք լրտեսները կ՛առեւանգեն Էրտողանի քաղաքական հակառակորդները»:
Սերտար Սան իրաւացիօրէն նշած է, որ «քաջալերուելով ՆԱԹՕ-ի եւ ԵՄ-ի արձագանգի բացակայութենէն՝ նախագահ Էրտողանի վարչակարգը կ՛առեւանգէ այլախոհները», որպէսզի լռեցնէ քաղաքական այլախոհութիւնը: Մեղաւորը Արեւմտեան կառավարութիւններն են, որոնք աչք կը փակեն զիրար յաջորդող թրքական իշխանութիւններու անօրինական վարքագիծին վրայ՝ տասնամեակներէ ի վեր խրախուսելով զանոնք, որ շարունակեն խախտել ներքին եւ միջազգային օրէնքները:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան