Անփուտ Մարմինի Հանդիսաւոր Ընդունելութիւն Եւ Ամփոփում. Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինի հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով ամփոփուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:
Աստուծոյ Ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:
* * *
Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, աւազանի անունով` Ղազարոս, ծնած է 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխա:
Աղաճանեանները բնիկ կարնեցիներ էին եւ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, 1830-ի գարնան սկիզբը, կարնեցի բազմաթիւ ընտանիքներու հետ տեղափոխուած էին Ջաւախք:
Ապագայ կարտինալին ծնողները` Յարութիւն եւ Իսկուհի Աղաճանեանները բարեպաշտ ու աստուածավախ անձեր էին եւ ունէին երեք զաւակ` Պետրոս, Ղազարոս եւ Եղիսաբէթ:
Ախալցխայի կեդրոնը` Աղաճանեաններու տան մօտ, կը գտնուէր Հայ կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցին, որ կառուցուած էր 1836-ին, Վենետիկի Մխիթարեան միաբան Եփրեմ վարդապետ Սէթեանի ջանքերով:
Յարութիւն Աղաճանեան մանր առեւտրական գործերով կը զբաղէր եւ Ֆրանսա, Լուրտի սրբավայր ուխտագնացութենէն վերադարձին հետը կը բերէ Սուրբ Աստուածածնի երկու փոքր արձան, որոնցմէ մէկը կը նուիրէ Ախալցխայի ժողովրդապետութեան, միւսը` Ալաստանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին:
Յարութիւն Աղաճանեան կը մահանայ 1900-ին եւ երեք երեխաները կը մնան իրենց մօր` Իսկուհի Սարուխանեան-Աղաճանեանի հոգատարութեան տակ:
Ղազարոս Աղաճանեան նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի Կարապետեան դպրոցին մէջ: Ուսուցիչները զայն կը բնորոշեն իբրեւ շատ ուշիմ, կենսունակ, զուարթ եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրով տոգորուած մանուկ:
Կովկասի Հայ կաթողիկէ առաքելութիւններու հոգեւոր կառավարիչ Սարգիս վարդապետ Տէր Աբրահամեան յաճախ կ՛այցելէր Աղաճանեաններուն տունը, եւ փոքրիկ Ղազարոս միշտ անկէ կը խնդրէր, որ զինք ուսման ուղարկէ, որովհետեւ կը փափաքի վարդապետ ըլլալ:
Իր մէջ զգալով Տիրոջ կանչը` քահանայ դառնալու, Ղազարոս` մօր հաւանութեամբ, Թիֆլիս կը մեկնի եւ ռուս օրթոտոքս եկեղեցիին Աստուածաբանական ճեմարանը կը մտնէ:
Սարգիս վարդապետ 1906-ին յանձնարարական գրութիւն մը կ՛ուղարկէ Հռոմ` Հաւատքի Տարածման ժողովին պատկանող Ուրբանեան վարժարանի տեսչութեան, եւ Ղազարոսի նկատմամբ գովեստի խօսքերէ ետք կը վստահեցնէ, որ թէեւ ան տասնմէկ տարեկան է, բայց կարճ ժամանակէն գերազանց յառաջընթաց կ՛ապահովէ, որովհետեւ չափազանց ընդունակ է եւ խելացի, գիտէ իտալերէն եւ լատիներէն:
Սարգիս վարդապետ Տէր Աբրահամեանի աջակցութեամբ, Ղազարոս 1906 յուլիս 19-ին Ախալցխայէն ճամբայ կ՛ելլէ եւ երկար ուղեւորութենէ ետք հոկտեմբերին Հռոմ հասնելով եւ Ուրբանեան վարժարան կը մտնէ:
Իր ազնիւ ու վեհանձն բնաւորութեամբ Ղազարոս Աղաճանեան դասընկերներուն, ուսուցիչներուն եւ մեծաւորներուն ջերմ համակրանքին կ՛արժանանայ:
Պիոս Ժ. պապ 2 փետրուար 1907-ին ունկնդրութիւն կը շնորհէ Ուրբանեան վարժարանի աշակերտներուն: Պապը աշակերտներէն իւրաքանչիւրին մասին առանձնաբար հետաքրքրուելէ ետք կը հարցնէ, թէ ո՞վ է անոնցմէ ամէնէն փոքրը: Բոլորը միաբերան կը պատասխանեն. «Ղազարոսը»: Ղազարոս այդ պահուն կը փորձէ իր ընկերներուն ետեւը թաքնուիլ: Քահանայապետը զայն իր քով կանչելով գիրկը կ՛առնէ ու կ՛ըսէ. «Ո՞ւր մնացած է քու մայրիկը: … Ա՜հ, փոքրիկ հայորդին օր մը մեծ առաքելութիւն պիտի կատարէ եկեղեցւոյ մէջ»:
Լեւոնեան հայ վարժարանի 25-ամեակին առիթով, 1 նոյեմբեր 1908-ին Պիոս Ժ. պապ հանդիպում կ՛ունենայ հայ եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ Ուրբանեան վարժարանի հայ աշակերտներուն հետ: Խօսքը հայ աշակերտներուն ուղղելով` պապը զուարթախոհ շեշտով մը կը հարցնէ, թէ անոնցմէ քանի՞ն եպիսկոպոս պիտի դառնայ: Ղազարոս սկսաւ ծիծաղիլ: Քահանայապետը ժպտալով կ՛անդրադառնայ, որ Ղազարոս կը սկսի ծիծաղիլ եւ խօսքը անոր ուղղելով կ՛ըսէ. «Դուն կը ծիծաղիս: Շա՛տ լաւ: Ուրեմն կը մաղթեմ, որ ոչ միայն եպիսկոպոս, այլ նեեւ պատրիարք դառնաս»:
Փայլուն յառաջդիմութեամբ աւարտելով վարժարանը, Ղազարոս Աղաճանեան կը հմտանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ: 1915-ին ան կը ձեռնադրուուի սարկաւագ, իսկ 23 դեկտեմբեր 1917-ին, ձեռամբ Պետրոս արքեպիսկոպոս Գոյունեանի` կուսակրօն քահանայ: Ղազարոս իրեն համար իբրեւ քահանայական անուն կ՛ընտրէ Ֆրանչիսկոս անունը:
Ֆրանչիսկոս վարդապետ այնուհետեւ Լատերանեան համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւագիտութեան դասընթացքներուն:
* * *
1. Նորընծայ քահանայ Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան 2. Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան 1923-ին 3. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք 1919-ին, Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան Թիֆլիս ուղարկուեցաւ եւ հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եղաւ: Այնուհետեւ` փոխառաջնորդ եւ 1919-ի վերջաւորութեան ալ առաջնորդ նշանակուեցաւ:
Ֆրանչիսկոս վարդապետ այցելեց հիւսիսային Հայաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ ցանկութիւն յայտնեց անոնց համար դպրոց հիմնել:
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները սկսան: Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչ Սարգիս վարդապետ Տէր Աբրահամեանի առաջարկով, Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան Թիֆլիսէն ճամբայ ելլելով 10 սեպտեմբեր 1921-ին Հռոմ հասաւ եւ Լեւոնեան վարժարանին փոխ տեսուչը եղաւ, իսկ 4 հոկտեմբեր 1932-ին` տեսուչը: Միաժամանակ ան Ուրբանեան վարժարանի փիլիսոփայութեան, ապա աստուածաբանութեան ամբիոններուն դասախօսը եղաւ:
Ֆրանչիսկոս վարդապետ 29 մայիս 1935-ին Պէյրութի մէջ Առաքելական Այցելու եղաւ, իսկ 11 յուլիսին Հայոց Կոմունայի տիտղոսաւոր եպիսկոպոս անուանուեցաւ: Պիոս ԺԱ. պապ զայն նշանակեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան հոգեւոր վերակացու:
* * *
Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան 30 նոյեմբեր 1937-ին, առաջին իսկ քուէարկութեամբ, երեքի դէմ վեց ձայնով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուեցաւ: Անոր ընտրութիւնը իսկոյն հաստատեց Պիոս ԺԱ. պապ:
Կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուելով, ան իրեն համար Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան անունը առաւ: Օծումը կատարուեցաւ դեկտեմբեր 5-ին:
Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարք իր գահակալութեան սկիզբը կը գրէր. «Համատարած կերպով պէտք է ջանք գործադրենք` բազմապատկելու դպրոցական հաստատութիւնները, քանի որ անո՛նք են առաքելութեան ամենաարդիւնաւէտ միջոցը: Եկեղեցի եւ դպրոց, կարիքն ունինք բաւական թիւով քահանաներու: Քահանաներու եռանդին միջոցով` կամաց-կամաց կը հասնինք լաւագոյն ընթացքին եւ առաւել ուժգին կանոնաւորութիւն հաղորդելու ծխական կեանքին»:
* * *
Ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի սանճաքը` թուրք-ֆրանսական մութ գործարքի իբրեւ հետեւանք, 1938-ին Թուրքիոյ կցուեցաւ իբրեւ Հաթայի պետութիւն: Մուսա Լերան եւ Քեսապի հայկական գիւղերը անցան թրքական տիրապետութեան տակ:
Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. կաթողիկոս-պատրիարք ոգի ի բռին աշխատեցաւ փրկելու համար հայկական գիւղերը:
Կաթողիկոս-պատրիարքը նամակ յղեց Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարտինալ Էուժէն Թիսսերանին, անոր մէջ կ՛ըսէր.
«1922 թուականին, մեծ պատերազմի աւարտէն երեք տարի անց, պատերազմ, որուն ժամանակ չլսուած տեղահանութիւններ եւ անասելի ջարդեր գործադրուեցան թուրք հրոսակներու կողմէ հայերուն դէմ, ամբողջովին դատարկուեցաւ Կիլիկիան եւ անցաւ Թուրքիոյ: Երկրորդ անգամ սկսաւ ֆիզիքական ու բարոյական տառապանքներով լի գաղթ մը մօտաւորապէս 120 հազար հայերու, որոնք հազիւ հոն վերադարձած էին տարբեր վայրերէ: Գաղթ, որ հայերու այդ կորիզը ցիրուցան ըրաւ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:
Տեղահանուածներէն շատեր կը բնակին խղճուկ խրճիթներու մէջ, ամենասարսափելի թշուառութեամբ: Եւ ահա լուր կը ստանանք, թէ շուտով նոր տեղահանութիւն կ՛ըլլայ ի նպաստ Թուրքիոյ, մօտաւորապէս 35 հազար մարդու: Հետեւաբար, նոր անխուսափելի աւարտ մը, նոր բախումներ եւ նոր զանգուածներ` իրենց օճախներէն արմատախիլ:
«Տագնապահար սրտով` ի տես այն դաժան տառապանքներուն, որոնք կը պատրաստուին այդ խեղճ հոգիներուն համար, կ՛աղերսեմ Ձերդ գերազանցութեան, Սրբազան հօր համաձայնութեամբ, որ կամենաք խրախուսել միջամտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք որեւէ կերպով կրնան կանգնեցնել այդ տխուր որոշումը եւ որեւէ դարման գտնել»:
Հետեւողական աշխատանքի եւ բանակցութիւններու շնորհիւ 1939-ի յուլիսին վերջնական սահմանագծում եղաւ: Մուսա Լերան գիւղերը, Որոնդէս գետէն եւ Անտիոքէն հիւսիս ըլլալով, կարելի չեղաւ փրկել եւ անոնց բնակիչները` ձգելով իրենց դարաւոր բնակավայրերը, բռնեցին գաղթի ճամբան: Իսկ Քեսապի գիւղերը, մէկ տարուան թրքական տիրապետութենէ ետք, Սուրիոյ միացուեցան:
* * *
Պիոս ԺԲ. պապ 16 փետրուար 1946-ին նոր կարտինալներու ընտրութեան յիշարժան ժողով հրաւիրեց, որուն ներկայ էին 32 ապագայ կարտինալներ, որոնք մեծամասնութեամբ օտարերկրացիներ էին:
Պապը ապագայ կարտինալներէն ընտրեց Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը եւ զայն Հռոմէական սուրբ եկեղեցւոյ կարտինալ նշանակեց` Կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ տիտղոսով:
Պիոս ԺԲ. պապի գահակալութեան եօթներորդ տարեդարձին առիթով, 12 մարտ 1946-ին, 32 կարտինալներու մէջէն առաջինը Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանին վերապահուեցաւ առիթը` հայկական ծէսով պատարագ մատուցանելու Հռոմի Սիքստինեան տաճարին մէջ: Պապը «Խաղաղութիւն ամենեցուն»-ը հայերէն արտասանեց:
Պատարագի աւարտին քանի մը կարտինալներ խոստովանեցան, որ ամբողջ արարողութեան ընթացքին յուզուած են` ազդուելով հայոց պատարագի խորիմաստ աղօթքներէն ու շարականներէն:
***
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարք եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց: Անձամբ այցելութիւն տուաւ հայ համայնքներուն` Իրաք, Յորդանան, Եգիպտոս, Յունաստան, Թուրքիա, Իրան, Ֆրանսա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա: Իր ջանքերով կառուցուեցան 12 եկեղեցիներ, 15 դպրոցներ, երկու որբանոցներ եւ երկու հոգեւոր ճեմարաններ: Ան նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ ձեռնադրեց: 1947-ին հիմնեց «Մասիս» կրօնական, հասարակական, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթը:
* * *
Խորհրդային Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ կարտինալին հայրենի Ջաւախքէն սրտաճմլիկ լուրեր կը հասնէին: Ստալինեան հալածանքները, մաքրագործումները եւ դէպի Սիպերիա զանգուածային աքսորները, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասած էին 1937-1938-ին, նոր թափով վերսկսան Բ. Աշխարհամարտէն ետք:
Միւս կողմէ, Ջաւախքի հայ կաթողիկէներուն առջեւ իրերայաջորդ փորձութիւններ կը ծառանային: Եկեղեցիները (որոնց շարքին` Ախալցխայի Աղաճանեաններու տան մօտ գտնուող Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցին) կը քանդուէին, եւ հոգեւորականները բռնարարքներու կ՛ենթարկուէին ու կը մաքրագործուէին: Ջաւախք սահմանային գօտի նկատուած էր: Կաթողիկէ հայերը արտասահմանի հետ կապուած անվստահելի տարր կը համարուէին, իսկ հոգեւորականները` Վատիկանի գործակալներ:
Խորհրդային իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ, 1946-1947-ին մօտաւորապէս 90 հազար սփիւռքահայեր Խորհրդային Հայաստան ներգաղթեցին:
Ներգաղթողներուն բարօր կեանքի պայմաններ խոստացուած էին, բայց անոնք դժուարին եւ դաժան պայմաններ սկսան դիմագրաւել: Անոնց դէմ ալ հալածանքներ սկսան, եւ շատեր Սիպերիա աքսորուեցան:
Կարտինալ Աղաճանեան տեղեկացուց կարտինալ Թիսսերանը, որ նամակներ ստացած է ներգաղթած հայերէն: Աղաճանեան կը գրէր. «Հայաստանէն հասնող նամակները, առաջին ներգաղթողներուն կողմէ, խիստ վշտացնող են: Պայմանաւորուած արտայայտութիւններով` անոնց մեծամասնութիւնը կ՛արտայայտէ դժբախտութեան ու յուսահատութեան զգացումներ, որոնցմով լի են անոնց հեղինակները: Ողջոյններ կը յղուին մեռածներուն, կ՛ըսեն, որ անոնց հանդիպած են հոն, կամ որ շուտով պիտի երթան անոնց մօտ: Այլ անգամներ, կը գրեն, թէ մի՛ գաք Հայաստան, նախքան այսինչին կամ այնինչին հետ ամուսնանալը, եւ կու տան նորածին երեխաներու անուններ: Կամ ալ` մի՛ գաք Հայաստան, առանց ձեզի հետ բերելու հայրիկը կամ մայրիկը, որոնք, սակայն, շատոնց վախճանած ու թաղուած են: Մէկ բան յստակ է, որ ժողովուրդը կարելի չէ զոհաբերել փակ աչքերով եւ երթալ մարմինով ու հոգիով կորսուելու»:
* * *
Կարտինալ Աղաճանեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն էր, պերճախօս լեզուագէտ, որ կը տիրապետէր, իր մայրենի հայերէնէն բացի` իտալերէն, լատիներէն, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն:
Ֆրանսական կառավարութիւնը 1952-ին զայն Պատուոյ լեգէոնի Մեծ Խաչի շքանշանով պատուեց:
Պիոս ԺԲ. պապ 1955-ին կարտինալ Աղաճանեանը նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագրի պատրաստութեան յանձնախումբին նախագահ: 1958-ին պապը անոր վստահեցաւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահի պաշտօնը:
Իբրեւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ, կարտինալ Աղաճանեան այցելեց տարբեր երկիրներ` աշխարհի չորս ծագերուն:
Այսպէս, Ֆիլիփիններ երթալով ան Մանիլայի մայր տաճարը օծեց: Հնդկաստան երթալով` Մատրասի ու Քանտիի ճեմարաններու ընդարձակումին համար առաջին քարը զետեղեց: Հոնկ Քոնկի մէջ նոր դպրոցի մը բացումը կատարեց: Թայուանի մէջ այցելեց բժիշկներու առաքելավայր մը, որ տեւաբար Չինաստանի կողմէ սպառնալիքի տակ կը գտնուէր: Քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող Հարաւային Վիեթնամ երթալով` Սայկոնի Մարեմեան համաժողովին մասնակցեցաւ եւ յետոյ հսկայ թափօրով Լաւանկ մեկնելով ներկաներուն Ամենասուրբ հաղորդութեամբ օրհնութիւն տուաւ եւ նուիրագործեց Վիեթնամը Մարիամի Անարատ Սրտին: Հարաւային Քորէա երթալով` Սէուլի Անարատ Յղութեան Տիրամօր մայր տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց եւ բարի կամքի տէր մարդիկը յորդորեց ապրելու Աւետարանին լոյսը: Աւստրալիա երթալով` ան խօսեցաւ համայնավարութեան վտանգին եւ կաթողիկէներու հալածանքներուն մասին: Պանկլատեշ երթալով` Տաքքայի մէջ Պենկալի առաջին եպիսկոպոսը օծեց: Ուկանտա երթալով` Քամփալայի մէջ մասնակցեցաւ ուկանտացի մարտիրոսներու երանացման հանդիսութեան:
Կարտինալ Աղաճանեան, որ «Աւետարանի ճամբորդը» կոչումին արժանացած էր, ո՛ւր որ երթար, ամէն մէկ ծիսակատարութենէ կամ արարողութենէ առաջ սիրոյ այցելութիւններ կը կազմակերպէր: Ան կ՛երթար հիւանդանոցներ, որբանոցներ, բորոտանոցներ, կուրանոցներ եւ բանտեր, կը հանդիպէր ու կը զրուցէր տառապեալներու հետ եւ բոլորին կ՛ըսէր. «Եղէ՛ք Քրիստոսի ձեռքերն ու ոտքերը, բայց յատկապէս եղէ՛ք Քրիստոսի Սիրտը: Եղէ՛ք Քրիստոսի կարեկցանքը»:
***
Պիոս ԺԲ. պապ վախճանեցաւ 9 հոկտեմբեր 1958-ին: Նոր պապի ընտրութեան քոնքլաւը սկսաւ հոկտեմբեր 25-ին:
Ընտրելիներու շարքին էր կարտինալ Աղաճանեան: Սակայն ան լաւ գիտէր, որ աշխարհը տակաւին պատրաստ չէր ոչ իտալացի պապ ունենալու:
Աղաճանեանի պապ ընտրութեան խոչընդոտ էին Վատիկանի բարձրաստիճան հոգեւորականները, ինչպէս նաեւ իտալական յատուկ ծառայութիւնները: Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս ծնած անձերը ռուս կը նկատուէին, եւ խորհրդային իշխանութիւններուն հետ անոնց կապը անհաւանական չէր նկատուեր:
Հոկտեմբեր 28-ին պապ ընտրուեցաւ Վենետիկի պատրիարք կարտինալ Անճելօ Ռոնքալիի, որ առաւ Յովհաննէս ԻԳ. անունը:
Յովհաննէս ԻԳ. պապ 1 փետրուար 1959-ին Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ ըսաւ. «Գիտէ՞ք, որ ձեր կարտինալը եւ ես հաւասար էինք անցեալ հոկտեմբերի ընտրական ժողովին ժամանակ: Մեր անունները փոխն ի փոխ վեր ու վար կը ցատկէին, ինչպէս սիսեռի հատիկները եռացած ջուրի մէջ»:
***
Իբրեւ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրի պատրաստման կարտինալներու յանձնախումբի եւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ անհրաժեշտ դարձաւ կարտինալ Աղաճանեանի մնայուն ներկայութիւնը Հռոմ: Հետեւաբար, ան 23 օգոստոս 1962-ին հրաժարեցաւ կաթողիկոս պատրիարքի աթոռէն: Այնուհետեւ ան մնաց Հռոմ, Լեւոնեան վարժարանին մէջ:
Յովհաննէս ԻԳ. պապ վախճանեցաւ 3 յունիս 1963-ին: Նոր պապի ընտրութեան քոնքլաւը սկսաւ յունիս 19-ին: Կարտինալ Աղաճանեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն էր: Այն համոզումը կայ, որ ան պապ ընտրուած է, բայց մերժած է` ինքզինք անարժան նկատելով: Յունիս 21-ին պապ ընտրուեցաւ կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի, որ առաւ Պօղոս Զ. անունը:
Կարտինալ Աղաճանեան 1962-էն մինչեւ 1965, Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործօն մասնակցութիւն բերաւ եւ եղաւ համակարգող յանձնախումբին չորս անդամներէն մէկը: Նաեւ դարձաւ Առաքելութիւններու հարցերով զբաղող յանձնախումբին նախագահը:
Կարտինալ Աղաճանեան 1966-ին Վատիկանի Բ. ժողովի վճիռներու գործադիր յանձնախումբի անդամ նշանակուեցաւ:
***
Կարտինալ Աղաճանեան 1961-ին, Մատակասքար ուղեւորութեան ժամանակ, երբ օդանաւը Նայրոպի էջք կատարեց, անհանգիստ եղաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Ասիկա առաջին ազդանշանը եղաւ անոր հիւանդութեան:
Պօղոս Զ. պապին հետ Ուկանտա, Նամուկոնկոյի մարտիրոսներու սրբավայր այցելութենէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ժամանակ, 1969 օգոստոսին, կարտինալ Աղաճանեանին ցաւերը սաստկացան: Ան ոտքի կանգնելով` պապին ըսաւ. «Սրբազա՛ն հայր, Ձեզի մեծապէս երախտագէտ եմ այս ճամբորդութեան համար, որ, որոշակի առումով, իմ առաքելագործ կեանքիս թագադրումն է: Ձերդ Սրբութիւնը ինծի աւելի մեծ մխիթարութիւն չէր կրնար տալ` իբրեւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ իմ առաքելութեան աւարտին»:
Կարտինալ Աղաճանեան 19 հոկտեմբեր 1970-ին հրաժարեցաւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահի պաշտօնէն:
Քաղցկեղի սուր ցաւերէ տառապող կարտինալ Աղաճանեան 29 յունուար 1971-ին գրեց իր հոգեւոր կտակը. «Կ՛ուզեմ մեռնիլ այնպէս, ինչպէս որ միշտ ջանացած եմ ապրիլ իբրեւ հնազանդ որդին իմ Մօրս` Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցիին, անոր տեսանելի գլուխին եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի փոխանորդին` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հետ կատարեալ միութեան մէջ, դաւանելով այն, ինչ ինք կը դաւանի: Ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի` Ողորմութեան Մօր հետ, որ մայրաբար հսկեց իմ վրաս, որուն բարեխօսութեամբ` հաստատուն վստահութիւնը ունիմ, թէ Տէրը ներած է իմ մեղքերս: Կը մեկնիմ սիրտս բերկրանքով լի` միանալու անոր զաւակներուն հաւատքին»:
Կարտինալ Գրիգոս Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան վախճանեցաւ 16 մայիս 1971-ին, ժամը 22:45-ին, Հռոմի մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 21 մայիս 1971-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ: Մարմինը ամփոփուեցաւ Սուրբ Նիկողայոս Տոլենտինացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Պօղոս Զ. պապ 26 մայիս 1971-ին նորոգ վախճանեալ կարտինալ Աղաճանեանի մասին արտայայտուելով` ըսաւ. «Պատմութիւնը պիտի ըսէ, թէ անոր ի՛նչ են պարտական քրիստոնեայ Հայաստան, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ամբողջ եկեղեցին»:
Հռոմի թեմին համար պապական ընդհանուր փոխանորդ կարտինալ Անճելօ Տէ Տոնատիսի 4 փետրուար 2020-ին հրապարակած հռչակագիրով 4 փետրուար 2020-ին սկիզբ առաւ Աստուծոյ Ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին ուսումնասիրութիւնը:
Կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 28 հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի Լատերանի քահանայապետական Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ:
Comments are closed.