ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ 1991-ԻՆ ԵՒ ՀԻՄԱ. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ՄԸ ԱՆՈՐՈՇ ԱՊԱԳԱՆ

Խ. Տէր Ղուկասեան

 Անկախութեան օրուայ նշումի երկու տրամագծօրէն հակադիր թուականներ են 21 Սեպտեմբեր 1991-ը և 21 Սեպտեմբեր 2021-ը: Երեսուն տարիներու բացը իրարմէ կը բաժնէ համազգային խանդավառութեան այն պահը, երբ ժողովրդային հանրաքուէն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հաստատեց անկախութեան «Այո»ն, և այսօրուայ իրականութիւնը մէկ կողմէ պարտեալ իշխանութեան մը, որ կ’ուզէ «գունագեղ»աբար տօնել անկախութիւնը, և, միւս կողմէ, անոնց որոնք հարցականի տակ կ’առնեն «տօնակատարութեան» պատշաճութիւնը, եթէ ոչ իմաստն իսկ: Ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած դաժան պատկերը երիտասարդ աղջկայ մը, որ ձեռքը բռնած պաստառով տօնախմբումի նախապատրաստուող իր համաքաղաքացիներուն, այլև համայն հայութեա՛ն, դաժանօրէն կը յիշեցնէ, որ իր եղբայրը տակաւին Պաքու է, բարացուցական է Անկախութեան երեսունամեակի Օրուան:

Ի բացառութիւն Խորհրդային Միութեան պատմական փորձառութեան գաղափարականօրէն յանձնառու և անոր սնանկացման, ձախողութեան ու փլուզման իրողութիւնը ընդունելու, անոր հետ հաշտուելու անկարող ստուար հատուածի մը, Սփիւռքի համայնքները ողջունեցին անկախութիւնը: Այն ժամանակ Սփիւռքի մէջ սակաւաթիւ էին Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցողները: Սակայն գերիշխան պետութեան իրականութիւնը, գոնէ այդ պահուն, հայելի պատկերն էր Ցեղասպանութեան վերապրածներուն յաջորդած երկու թէ երեք սերունդներու իտէալին մէջ ամրագրուած ապագայի հաւատքին: Սփիւռքը, հետևաբար, այսինքն՝ տարբեր երկիրներու քաղաքացիները որոնք իրենք իրենց կը սահմանէին որպէս հայ, անկախ պետականութիւնը ընկալեց որպէս ի՛րը: Եւ ոչ միայն խօսքով: Նաև գործնական յանձնառութեամբ, որուն կենսական կարևորութիւնը՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ իր առաջին քայլերը տուող նախկին խորհրդային հանրապետութեան մը համար մինչև այսօր ալ հազիւ կը ճանչցուի/կ’արժևորուի հայրենի քաղաքական խաւին թէ հասարակութեան, և, զարմանալիօրէն, ոչ իսկ նոյնինքն Սփիւռքի կողմէ. քանի՞ տարի պիտի ուշանար Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ դեսպանատուներ բանալու, եթէ անկախութենէն անմիջապէս յետոյ իւրաքանչիւր կազմակերպուած համայնք նախանձախնդիր չըլլար այդ մէկը շուտափոյթ կերպով իրականացնելու: Եւ այս՝ անկախ անկէ որ օրին Հայաստանի թիւ մէկ պետական ղեկավարի բերնէն ականջալուր կ’ըլլար իր հասցէին ուղղուած վիրաւորանքներուն՝ «նարինջ ուտողներ», «օտարահպատակ», և իրեն կը մերժուէր քաղաքացիութեան իրաւունքը:

Սփիւռքի այդ յանձնառութիւնը անցնող երեսուն տարիներուն չփոխուեցաւ երբեք: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աշխարհով մէկ համահայկական ինքնաբուխ զօրաշարժը անոր վերջին փաստն է: Անցեալ տարուայ 9 Նոյեմբերին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմանի նուաստացուցիչ յայտարարութեան յաջորդած այս արդէն ութամսեայ հանգրուանին սակայն պարտութեան հոգեբանական հարուածի շոքին դեռևս ենթակայ Սփիւռքը կը դժուարանայ դուրս գալ իր եթէ ոչ անդամալոյծ գոնէ շփոթ, ընելիքը չգիտցողի կացութենէն, ուր և այնպէս ալ յստակ չէ թէ ինչպէս պիտի կարենայ նշել, առաւել ևս «տօնել» անկախութեան երեսունամեակը: Նախ որովհետև ապշած և անկարող ոչինչ ընելու կը հետևի հայրենիքի մէջ իրադարձութիւններուն՝ Ազրպէյճանական զօրքի ներթափանցում Հայաստանի սահմաններէն ներս, գոյութենական սպառնալիքի շարունակում, հայապատկան հողամասերու ազրպէյճանականացում Վարչապետի բերնէն հնչած անոնց թրքական անուանակոչումներով, որոնք կը հիմնաւորուին Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած չես գիտեր ինչ քարտէսներով, Ճի. Փի. Էս.ի վկայակոչութեամբ թէ յանուն «տարածաշրջանային խաղաղութեան» անուրջին, և Ազգային Ժողովի մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յաճախ ֆիզիքական բախումի ամօթ, որոնք կը յուշեն ոչ միայն քաղաքական ճգնաժամի շարունակման ու խորացման, այլ թերևս մինչև իսկ քաղաքական թերաճութեան մասին: Բայց նաև՝ որովհետև անցնող երեսուն տարիներուն Սփիւռքը հազիւ թէ անդրադարձաւ թէ որքան անկարող է ինքնուրոյն մտածելու իր հաւաքական ինքնութեան ու ճակատագրի մասին, առանց այն պայմանաւորելու հայրենիքի հետ իր յարաբերութիւններով: Կամ՝ հայրենիքի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին ինքնուրոյն մտածելու վարժութիւն չստեղծեց:

Երեսուն տարի առաջ, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանը, հայրենի ժողովուրդն ու Սփիւռքը անկախութիւնը կը դիմագրաւէին Խորհրդային Միութեան փլուզման այլևս շատ յստակ ու անշրջելի գործընթացի աշխարհաքաղաքականօրէն վտանգաւոր անորոշութեամբ յատկանշուած պայմաններու մէջ: Քսաներորդ դարու սկիզբի ժամանակաշրջանի մասնագէտ պատմաբաններ որոնք 1918-20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը, զարգացումն ու խորհրդայնացումով անկախութեան կորուստը ուսումնասիրած էին, քաղաքագէտներ և միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծաբաններ չէին ծածկեր իրենց մտահոգութիւնը՝ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ իրադարձութիւններուն զարգացման ժխտական հետևանքներուն մասին: Համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտած էր, և այդ մէկը Հայաստանի ու հայութեան համար վտանգաւոր կացութիւն կրնար ստեղծել: Արցախեան առաջին պատերազմը արդէն ծայր առած էր և Կովկասի մէջ խորհրդային զինուժի մնացորդացով Ազրպէյճան շատ աւելի նպաստաւոր դիրքերու վրայ կը գտնուէր:

Բայց 1988-ին ծայր առած Արցախի ազատագրութեան գործընթացը, հակառակ աղէտալի երկրաշարժին, երկու կարևոր հաւաքական գիտակցութիւն ամրագրած էր: Առաջին համահայկական միասնականութեան հրամայականն էր, իսկ երկրորդը՝ Արցախի ազատագրութեան աշխարհակաղաքական կարևորութիւնը Հայաստանի և հայութեան ոչ միայն վերապրումի այլ լինելութեան համար: Դժուար է նիւթական իմաստով քանականացնել այս երկու գործօններու պատճառականութիւնը Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտը հասկնալու համար: Անշուշտ առանց բացարձակացնելու զանոնք, ոչ ալ ժխտելու արտաքին այլ պատճառներու առկայութեան կարևորութիւնը: Բայց իրողութիւն է, որ 1988-1994 տարիներու «անցած էտապ»ի, ինչպէս Հ. Տ. Հայկոյի  2008-ի երգը այնքան դիպուկ կը նկարագրէ, զոհողութիւն ընելու պատրաստ ամբողջ ժողովուրդ մը կար, որ ինքնավստահութեամբ կը նայէր իր ապագային:

Անկախութեան երեսունամեակը կը նշուի քառասուչորս օրերու մէջ այդ վեց տարիներու յաղթանակներու 70 տոկոսի կորուստով: Եւ այս կը վերաբերի միայն Արցախի հայապատկան հողերու յանձնումին: Անկարելի է քանականացնել պատերազմին ինկած զոհերուն, հաշմանդամներուն և տակաւին գերի մնացածներու աղէտը: Տակաւի՛ն, պարտութիւնը փոխանակ ներազգային պառակտումները գերազանցելու զգաստութեան հրաւէր մը ըլլալու առաւելի խորացուց զանոնք: Փոխանակ սփիւռքեան զօրաշարժի պահը պատերազմէն յետոյ համայնքներու ներգրաւման և հայրենիքի վերականգնման գործին ներգրաւելու պատեհ առիթ համարելու, առաւելի բացայայտ դարձուց գործող իշխանութիւններու անտարբերութիւնը նման հայեցակարգի առաջացման հանդէպ: Ոչ ալ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը յաջողեցաւ համազգային համախմբումի նոր հանգրուանիտու մը սկիզբ տալ:

Արդիւնքով՝ նախապատերազմեան օրերու Թաւշեայ Հայաստանի մէջ նուիրականացած քաղաքական բևեռացումը տեղափոխուեցաւ յետ-պատերազմեան ոլորտ, ուր և, կանխատեսելիօրէն, խորացաւ այնքան որ իշխանութիւններու և ընդդիմութեան միջև երկխօսութեան, կամ առնուազն փոխ-հասկացողութեան, ամէն կամուրջ այլևս այրած է կարծես: Անկախութեան օրուան նախորդած պատկերը խօսուն է. «գունագեղ» տօնակատարութեան համար նախապատրաստուող փողոցին մէջ պարտութիւնը «նորմալացնելու» հետ անհաշտ քաղաքացիներու բողոքի ցոյցեր, յիշեցումներ որ գերի զինուորներ կան տակաւին, որ թշնամին սահմանին է, որ անհամատեղելի «տօնակատարութիւնը» իրենց ցաւին ու յուսահատութեան հետ: Առանց տակաւին նշելու սահմանին իրենց ճամբայէն շեղող քաղաքացիներու ձերբակալումը ազրպէյճանական ուժերու կողմէ, Արցախցի պատանիներու վարկաբերկումը ազրպէյճանական անցարգելին, հանրային փոխադրակառքերու վրայէն Արցախի դրօշին ու Եռագոյնին անարգումը… Անկախութեան հռչակումը համազգային համախնբման ու ապագային ինքնավստահ նայելու ցնծութեան պահ էր: Անկախութեան երեսունամեակին ներազգային պառակտումը բացայայտ է և պարտութեան թրաուման կը համենայ:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը անշուշտ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ը և 21 Սեպտեմբեր 2021-ը տրամագծօրէն իրարու հակադիր համազգային մթնոլորտներ առաջացուցած են: Բայց այդ առաջին բացատրութիւն մըն է միայն, սառցակոյտին գագաթը: Եթէ պարտութեան իշխանութիւնը օրին այնքան մը ազնիւ ըլլար, ունենար նուազագոյն արժանապատւութիւնը հրաժարելու, առաջացնելու պատերազմի արդիւնքին հետաքննութեան յանձնաժողով, այն ատեն թերևս առաջին գաղափար մը կ’ունենայինք թէ ինչո՛ւ և ինչպէ՛ս Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակին քաղաքական դրամագլուխը մսխուեցաւ յաջորդ տարիներուն: Այնքան որ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը կրցաւ ինքզինք ծախել որպէս Սթարթ Ափ մը, որ կը խոստանար շատ արագ հարստացում, մինչ իրականութեան մէջ կ’արագացնէր երկրի քաղաքական սնանկացումը: Յար և նման ֆինանսական սպեկուլացիայի մէջ մասնագիտացած այն Հէյճ Ֆոնտերուն, որոնց հետ ցնծութիւնը կը նմանի Թիթանիք նաւուն վրայ տօնակատարութեան: Օրինակները դիտումնաւոր կերպով ազատշուկայականութեան պատկերաւորումներով կը տրուին, որովհետև անկախութեան երեսուն տարիներուն, Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակէն թէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութենէն յետոյ, Հայաստանի տնտեսական համակարգը կը մնայ գերի միևնոյն նէօլիպերալ տրամաբանութեան, անցեալի օլիկարգային դիմակաւորումով ներկայանայ այն թէ ներկայի «կոմունիկացիոն» ճամբաներու բացումի ինքնախաբէութեամբ:

Բայց պարտեալ իշխանութեան Թաւշեայ շրջանակն ու իրենց մօտիկ թէ հեռու արբանեակները այդ քայլը չառին: Շատ հաւանաբար որովհետև այլևս քալելու տեղ չէր մնացած իրենց համար: Իշխանութեան կառչիլը միակ երաշխիքն էր «պատասխանատու բայց ոչ մեղաւոր» պատումի օրինականացման և, հետևաբար, իրենց գրաւած դիրքի և անոր հետ իրենց ընկերատնտեսական կենսամակարդակի բարելաւման լծակներու պահպանման: Հրապարակ եկան նոր Սթարթ Ափ-ով մը՝ «ապագայ կա՛»: Թէկուզ և անորոշ ապագայ: Այնքան որ այդ բացառիկ հաւաքական որոշումին՝ անկախութեան հասկացողութիւնն ինքնին վերածուի լոկ սպեկուլացիայի…

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.