Անկախութիւնը Խորտակելու Խրախճանքը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Համայն հայութիւնը այս օրերուն պէտք է մեծ ցնծութեան մէջ ըլլար, նշելով արիւնով ու քրտինքով ձեռքբերուած անկախութեան երեսնամեակը: Անկասկած, որեւէ պետութեան տօնացոյցին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ տուեալ պետութեան անկախութեան օրը: Այդ տօնը առաւել սուրբ է հայ ժողովուրդի նման ազգերուն համար, որոնք զայն նուաճած են միլիոնաւոր զոհերու արեամբ ու անշէջ բոցերու մէջ մղուած հարիւրամեայ յամառ պայքարի շնորհիւ:

Արցախէն ծնած ու Արցախով ամրապնդուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երեսուն տարեկան է, բայց չկայ սպասուած ցնծութիւնն ու տօնական տրամադրութիւնը, որովհետեւ անկախութեան օրուան իւրաքանչիւր նշում պէտք է իր հետ բերէր այդ անկախութեան ամրապնդման հպարտութիւն, իսկ անցեալ քանի մը տարիներուն վրայ երկարող անկախութեան հիմքերը խարխլող քաղաքականութեան հետեւանքով ու մանաւանդ վերջին տարուան արիւնոտ պարտութեան արհաւիրքէն ետք հայ աշխարհին մէջ չկայ հպարտութեան նոյնիսկ նշոյլ:

Մեր միակ հպարտութիւնը անկախ հայրենիքին հանդէպ հազարաւոր մեր նահատակներու ցուցաբերած զոհաբերութիւնն է, իսկ մեր ամօթը՝ հայ քաղաքական ու ռազմական վերնախաւի ապաշնորհ, ապազգային ու հայրենադաւ ընթացքը, որուն իւրաքանչիւր քայլը կը տանի անկախութեան խորտակման եւ անկախ պետականութեան հիմքերը խարխլելուն:

Ճիշտ է, որ աշխարհի մէջ չկայ որեւէ բացարձակ անկախ երկիր, իսկ մեր նման փոքր պետութիւններու անկախութեան աստիճանը յարաբերական է: Բայց, անկախութիւնը գործընթաց է, որ աստիճանաբար կը նուաճուի եւ ամուր հիմքերու վրայ կը դրուի յամառ պայքարով, ազնիւ աշխատանքով եւ նպատակասլաց քաղաքականութեամբ: Իսկ անկախութեան հիմքերն են՝ աշխարհաքաղաքական դիրքը, ռազմական հզօրութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը: Մերօրեայ անբարոյ աշխարհին մէջ, այս երեքի հաւասարակշռուած փոխներգործութիւնն է անկախութեան պահպանման ու ամրապնդման գրաւականը: Ահա, թէ ինչու սնանկ են բոլոր այն տեսութիւնները, որոնք կը կարծեն, թէ մեր «պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանութեան մէջ է», կամ «առանց աշխարհաքաղաքական դիրքի ու ռազմական հզօրութեան, կարելի է տնտեսական զարգացում ապրիլ»:

Նախորդ երեք տարիներու հայրենակործան քաղաքականութիւնը ամէն ինչ ըրաւ մեր անկախութեան հիմքերը խորտակելու համար: Իշխանութիւններու իրերայաջորդ քայլերը արդէն տեղ չեն ձգած մտածելու, որ եղածը կարելի է վերագրել ինչ որ անփորձութեան, ապաշնորհութեան կամ անկարողութեան, այլ բոլոր քայլերը եւ բոլոր նախազգուշացումներու անտեսումը կ’ապացուցեն, որ անոնք բռնած են էապէս անկախ պետականութեան երեք հիմքերն ալ  կազմաքանդելու միտումնաւոր ուղին:

Իշխանութիւնները քաջ կը գիտակցին, որ Արցախը այն հիմնասիւնն է, որուն վրայ կանգնած է տարածշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական մեր դերի բարձր նշանակութիւնը: Իբրեւ հայրենիքի արեւելեան դարպաս, միջազգային ուժերու բախման այս կէտին մէջ, Հայաստանին համար Արցախը կը հանդիսանայ այն հիմնասիւնը, որուն վրայ կանգնած է Հայաստանի աշխարհաքաղաքական անվտանգութիւնը: Առանց Արցախի, շրջանային եւ միջազգային բոլոր ուժերուն համար Հայաստանը միջպետական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ էապէս կը կորսնցնէ իր գործակիցի կամ խօսակիցի բոլոր տուեալները: Ուստի, հեշտութեամբ ու արիւնոտ թատրոնով մը Արցախէն հրաժարելու Հայաստանի իշխանութիւններու դաւադիր ընթացքը, ուղիղ հարուած է մեր անկախութեան հիմնական սիւներէն մէկուն:

Տարիներ շարունակ հայանպաստ համեմատական խաղաղութեան երաշխաւորը կը հանդիսանար հայոց բանակը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած ռազմական հաւասարակշռութիւնը: Հայոց մարտունակ բանակը այն ամուր սիւնն էր, որ կը պարտադրէր արժանապատիւ խաղաղութիւնը եւ արթուն պահակն էր Հայաստանի անկախութեան: Մերօրեայ իշխանութիւնները, պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն, եւ հետեւողականօրէն հայ զինուորի ու սպայի կերպարը վարկաբեկելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանին շրջելու վարքագիծ դրսեւորեցին, այդ ձեւով ռազմական հաւանական բախումին մէջ հայկական կողմին պարտութիւն բերելով եւ մեր անկախութեան հիմնասիւներէն մէկուն՝ հայոց բանակին ցաւոտ հարուած հասցնելով, անոր դերը սահմանափակելով, որ նոյնիսկ ինքնիշխան երկրի սահմանները պաշտպանելու միջոց չունենայ:

Իշխանութիւնները արտաքին անբովանդակ քաղաքականութիւն վարելով եւ ներքին անհամերաշխութիւն հրահրելով ապակայունացուցին անկախ Հայաստանի ընդհանուր մթնոլորտը, ինչ որ պատճառ դարձաւ ոչ միայն նոր ներդրումներ չունենալու, այլ եղած օտարերկրեայ ներդրումներն ալ կորսնցնելու: Բնական պաշարներէ զուրկ Հայաստանի նման երկրի մը համար ներդրումներու երաշխաւորուած մթնոլորտը տնտեսութեան փրկօղակն է, իբրեւ պետութեան անկախութեան երաշխիք: Մանաւանդ, այնպիսի ներդրումներ, որոնք կուգան այնպիսի երկիրներէ, որոնք մեզի հանդէպ բարեկամական տրամադրութիւններ ունին եւ չունին մեր անկախութիւնը կացինահարելու նկրտումներ:

Այս բոլորին եթէ աւելցնենք մեր ազգային արժէքները ստորագնահատելու, ազգային պատմութիւնն ու մշակոյթը ծաղրելու այն քաղաքականութիւնը, պիտի եզրակացնենք, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները անկախութեան օրուան առիթով տօնախմբելու ոչինչ ունին: Ընդհակառակը, այսքան աւերներ գործելէն ետք, անկախութեան օր նշելու այսօրուան ճիգերը, աւելի անկախութիւնը խորտակելու խրախճանք է կարծես:

Բնականաբար, անկախութիւնը բարձրագոյն արժէք է եւ կը մնայ իբրեւ այդպիսին, բայց այսօրուան իրականութեան լոյսին տակ, անոր նշումը չի կրնար տօնախմբութիւն ըլլալ, այլ պէտք է զայն նշել իբրեւ մեր անկախութեան խորտակումը կասեցնելու եւ անոր հիմքերը վերականգնելու ու ամրացնելու առիթ: Բան մը, որ կարելի չէ ակնկալել այսօր Հ.Հ. իշխանութենէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.