Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։

100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, 20 նոյեմբեր 2018-ին։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (Արժանթին) եւ Խաչիկ Տէտէեան (Լիբանան)։

Ժողովին որոշուեցան Համաժողովի ընդհանուր թեման, զեկուցումներու եւ քննարկումներու ընդհանուր ուղղութիւնները եւ հրաւիրեալներու անուանացանկը։ Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէն պետական դէմքեր, ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ։

Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունենալիք Համաժողովը պիտի վարեն նախագահներ՝ փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան։ Քննարկման օրակարգի նիւթերը կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան պատմաքաղաքական, պետա-իրաւական, արտաքին քաղաքականութեան, իրաւապայմանագրային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդայնացման պայմաններուն եւ անկախութենէ վերանկախացում ժամանակահատուածի հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններուն։

Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 21-23 մարտ, 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.