Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը կը վերանորոգուի

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները պիտի սկսին 20 Օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։ Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան։

Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Մայր Տաճարը կ՚ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման՝ բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր։

Մայր Տաճարի վերանորոգութիւնը պիտի տեւէ շուրջ երկու ամիս եւ այդ շրջանին Ս. եւ Անմահ պատարագները պիտի մատուցուին Տաճարին կից գտնուող դամբարանին մատրան մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.