Հայ Դատի Աշխատանքներուն Համար Հանգանակուեցաւ 2.400.000 Տոլար
Շաբաթ, 9 նոյեմբեր 2019-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքը, որուն ընթացքին Հայ դատի աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2.400.000 ամ. տոլար` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու, Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուներու, նուիրատուներու եւ հիւրերու:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ելոյթին ընթացքին ողջունեց ներկաները, փոխանցեց Արցախի ժողովուրդին ջերմ բարեմաղթանքները, կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ նշեց, որ ասիկա հարթակ մըն է` քննարկելու համազգային եւ միջազգային զարգացումները, ծանօթանալու տարբեր կարծիքներու:
Նախագահ Բակօ Սահակեան անդրադարձաւ Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը հիմնարար գաղափարներու:
«Աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենան բաւական աշխուժ եւ լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժեր ու փոփոխութիւններ: Անոնց շարքին` այդ փոփոխութիւններու կարեւոր մէկ հոսանքը կ՛ընթանայ մեր եւ յարակից շրջաններուն մէջ:
Ատիկա կը պահանջէ աւելի մեծ զգօնութիւն, փոխադարձ գործակցութեան համակարգման աստիճանի բարձրացում, տարբեր երկիրներու հետ տարուող աշխատանքներու, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յստակեցումներու եւ փոփոխութիւններու իրականացում», իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Սահակեան շեշտեց, որ մեր բոլոր յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու կեդրոնը ինկած են ժողովուրդի միասնականութիւնը, անկոտրում հաւատքը, հաւաքական կամքը, լաւատեսութիւնն ու քրտնաջան աշխատանքը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ընել կարելին այս ուղղութեամբ, հետեւողականօրէն ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, զարգացնել ու խորացնել մնայուն գործնական կապերը Արցախի եւ անոր բարեկամներուն միջեւ:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն` Արցախին մշտապէս սատարելու, մեր համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր հայրապետական պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայ դատի աշխատանքներու կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութեան:
Խօսքին սկիզբը Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Հայ դատը միայն սփիւռքի կամ միայն Հայաստանի ու Արցախի դատը չէ, անիկա ամբողջ հայ ժողովուրդին դատն է:
«Մեզի համար Հայաստանի հզօրացումը պայքար է: Արցախի անկախութեան պահպանումը պայքար է: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք եւ մեզի համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` շեշտելով յատկապէս, որ մեզի համար, հայ ժողովուրդին համար Հայ դատը ամէնօրեայ պայքար է:
«Այսօր Հայ դատի մարմինները ի սփիւռս աշխարհի բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ կամքով եւ հաւատքով կը հետապնդեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները.. Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մէջ անկասկած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ իր առանցքային տեղը եւ դերը», ըսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան նուիրահաւաքին: Ան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը երախտագիտութեան զգացումի արտայայտութեան զուգահեռ նաեւ առիթ է հաշուետուութեան, ներկայացնելու Հայ դատի Եւրոպայի, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակի, Միջին Արեւելքի գրասենեակի աշխատանքներու ծիրը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի Կեդրոնական գրասենեակին կողքին շրջանային մակարդակով Հայ դատի գրասենեակներ կը գործեն ամէնուրեք:
«1991 թուականէն սկսեալ, երբ հպարտութեամբ ողջունեցինք Հայաստանի վերանկախացումը, Արցախի գոյամարտի արդիւնքը հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը, հարստացաւ նաեւ մեր Հայ դատի օրակարգը: Եթէ դասականօրէն կը զբաղէինք Հայոց ցեղասպանութեամբ, այսօր ցեղասպանութիւնը երկրորդ մակարդակի վրայ է, որովհետեւ առաջին մակարդակի վրայ եղած է` մեր բոլոր Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութեան խնդիրը, անոր միջազգային վարկի, հեղինակութեան բարձրացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը` կա՛մ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումով եւ կա՛մ, ուր որ կարելի է, Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին արծարծումով: Երկրորդ կարգի վրայ կու գայ Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը, որ արդէն բաւական ճամբայ կտրած է, եւ, ասոր կողքին, մենք բացած ենք հատուցումներու օրինական երեսներու քննարկման հարցը մեր հիմնած Հայ իրաւանց խորհուրդին կողմէ, որ կ՛ուսումնասիրէ անհատական եւ հաւաքական հատուցումներու հարցը: Երրորդը` հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու վերադարձի, հայակերտումի խնդիրն է, իսկ չորրորդը` ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան քաղաքականացումն է եւ անոնց առիթներ եւ հնարաւորութիւններ տալու կարելիութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խօսք եւ օդային ծրագիրներ, այլ շատ յստակ ծրագիրներ, որոնց մասին տակաւին առիթ պիտի ըլլայ խօսելու, որոնց ընդմէջէն մենք կը փորձենք բանալ դռներ միջազգային մայրաքաղաքներու մէջ, որպէսզի կարենանք մեր այդ երիտասարդները զետեղել քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, մտաւորական համալսարանական շրջանակներու մէջ, եւ այդպիսով երբեմն հպարտանանք ըսելով, որ բերդը ներսէն գրաւած ենք», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան տեղեկացուց, որ երիտասարդութեան վերաբերող այս ծրագիրին մէջ արդէն կարելի եղած է ներգրաւել շուրջ 200 երիտասարդներ Ուաշինկթընէն եւ եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պարտականութիւնն է ծառայել իր ժողովուրդին` դիտել տալով, որ լաւապէս գիտենք ինչ կը նշանակէ նուիրում, կամաւոր աշխատանք, զոհողութիւն, եւ եթէ հարկ ըլլայ` կեանքի գնով պայքարի մասնակցութիւն: «Բայց 21-րդ դարուն կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ միայն կամաւոր աշխատանքը բաւարար չէ, մենք պէտք է ունենանք արհեստավարժ կեդրոններ: Ուրախ ենք ըսելու, որ վերջին 15 տարուան ընթացքին մենք կրցած ենք ստեղծել նման կառոյցներ», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ անոնք բաւարար ու ամբողջական կրնան չըլլալ, սակայն անկասկած կը շարունակեն տարին 365 օր, շաբաթը 7 օր եւ օրական 24 ժամ միշտ հիմնական պատնէշներու վրայ ըլլալ: «Մեր Հայ դատի զինուորագրեալները, մէկ մասը` արհեստավարժ, ջախջախիչ մասը կամաւոր բանակ, իսկապէս անոնք երկրորդ բանակը կը հանդիսանան` Հայաստանի ու Արցախի բանակներուն կողքին, անոնք մեր քաղաքական դաշտի բանակն են, որ Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողքին կը պայքարին առաջադրուած չորս հիմնական ոլորտներուն մէջ», շեշտեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ, որ այդ արհեստավարժութեան յաջողութեան եւ պայքարի յարատեւման համար ՀՅԴ-ն կը դիմէ ժողովուրդին, որ միշտ կ՛անսայ դիմումին եւ նեցուկ կը կանգնի Դաշնակցութեան: