«Այս Ընտրութիւնները Հայ Ազգի Եւ Հայկական Պետականնութեան «Լինել-Չլինելու», Հայաստանը Փրկելու, Ազգի Գոյութիւնը Ապահովելու Եւ Երաշխաւորելու Համար Են» Վաչէ Բրուտեան
Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու նախօրեակին ընտրապայքարի իրավիճակը պարզելու եւ անոր համապարփակ անդրադարձ մը կատարելու համար «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը առցանց հարցազրոյց կատարեց հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Վաչէ Բրուտեանի հետ: Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան վարեց հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Ինչպէ՞ս կարելի է բնորոշել այս ընտրութիւնները մէկ բառով, ի՞նչ վերնագիր կրնաք տալ անոնց: Ոմանք կ՛ըսեն, որ «ճակատագրական» են, դուք ի՞նչ կ՛ըսէք:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ.- «Ճակատագրական»-ը չի համընկնիր եւ հաւանաբար թեթեւ նկարագրութիւն է. այս ընտրութիւնը հայ ազգի, հայկական պետականութեան «լինել-չլինելու» օրակարգով է, այս ընտրութիւնը Հայաստանի պետականութիւնը փրկելու, ազգի գոյութիւնը ապահովելու եւ երաշխաւորելու համար է:
Թեկնածուներ եւ բազմաթիւ կողմեր ժողովուրդին կու տան ապագայի խոստումներ, որոնք յատկապէս երբ կատարուին Հայաստանի ներկան ու ապագան խորտակող անձերու կամ հոսանքներու կողմէ, պատկերը ծիծաղելի եւ ողբերգական կը դառնայ միանգամայն: Այս ընտրութիւնը անձ մը ուրիշի մը հետ, կամ ուժ մը այլ ուժի մը հետ փոխելու օրակարգով չէ, այլ այս ընտրութիւնը Հայաստանի, հայ ազգի եւ հայկական պետականութեան գոյութիւնը ապահովելու եւ երաշխաւորելու օրակարգով հրաւիրուած ընտրութիւն է:
«Վ. Ձ».- Ձեր յօդուածներով յաճախ դէմ եղած էք նիկոլիզմին, եւ ոչ անպայման` Նիկոլ վարչապետին. կարելի՞ է աւելի մեկնաբանել եւ պարզել այդ գաղափարը, ինչո՞ւ նիկոլիզմի դէմ պայքարը անհրաժեշութիւն է:
Վ. Բ.- Այս խնդիրը անձի խնդիր չէ, այլ ապազգային մտածողութեան մը դէմ յարուցուած խնդիր է:
Ապազգային մտածողութեան տէր մարդիկ երեք տարիէ ի վեր տիրացած են իշխանութեան, որուն գլուխը կը ներկայացնէ վարչապետի պաշտօնակատար նիկոլ փաշինեանը, իր փոխարէն ուրիշ մէկը կրնար ըլլալ, հարցը ամբողջ մտակառոյցն է, մտածելակերպն է: Այս անձերը հայրենիք հասկացողութիւնը չեն ճանչնար եւ չեն հաւատար ազգի գոյատեւման: Անոնք աշխարհաքաղաքացիներ են, ազգային խնդիրները անոնց համար կարեւորութիւն չեն ներկայացներ: Այս մտածողութիւնը որդեգրած եւ անոնց հետեւող մարդիկը Հայաստանի քաղաքական բեմէն միանգամընդմիշտ հեռացնելու խնդիրը ունինք մենք այսօր:
«Վ. Ձ».- Իբրեւ մամլոյ երկար տարիներու ներկայացուցիչ` ի՞նչ է ձեր գնահատականը ներկայ քարոզարշաւին առնչութեամբ` թէ՛ իբրեւ ձեւ, թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն, եւ յատկապէս` ելոյթներ-յայտարարութիւններ, որոնք կը կատարուին թեկնածուներուն կողմէ:
Վ. Բ.- Ընտրութիւններուն առաջադրուած տասնեակ քաղաքական ուժերուն` կուսակցութիւններուն կամ քաղաքական դաշինքներուն մեծամասնութիւնը լուրջ ըսելիք կամ հաստատ ծրագիր չունի եւ հանդէս կու գայ հայրենիքի ծաղկեցման եւ բարգաւաճման խոստումներով, զորս գործադրելու ձեւը կամ մեթոտը չունի: Կան ներկայ իշխանութեան մտածողութիւնը որդեգրող խմբաւորումներ, որոնց հիմնական եւ միակ դրամագլուխը` ներկայ քարոզարշաւին, անցնող տասնամեակներու Հայաստանի ղեկը վարած իշխանութիւններուն «խծբծանք»-ն է` հեռու քննադատութենէն, որ ամբողջովին այլ բան է, քննադատութիւն կը նշանակէ քննել եւ դատել, իսկ ներկայ իշխանութեան ըրածը բացայայտ սուտերով լեցուն զազրախօսութեան շարք մըն է, ընտրուելու պարագային ապագայի տեսլական, ծրագիր չունին երբեք, այդ մասին չեն ալ խօսիր:
«Հայաստան» դաշինքը այն քիչերէն է, որ Հայաստանի ապագայի պատկերացումներու մասին կը խօսի, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան մը կը պատկերացնենք մենք` ապահով սահմաններով, վստահութիւն ներշնչող իշխանութեամբ ո՛չ միայն հայաստանաբնակ հայութեան, այլ` ամբողջ ազգին եւ Հայաստանի քաղաքական օտար խօսակիցներուն, տարբեր երկիրներու` դրացի կամ այլ: Այս քաղաքական ուժը Ռոպերթ Քոչարեանի թեկնածութեամբ է եւ իր կողքին ունի «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Բնական է, որ ընտրապայքարներու ընթացքին, երբ քաղաքական ուժ մը կը յաւակնի իշխանութեան, քննադական կեցուածք կրնայ ունենալ գործող իշխանութեան նկատմամբ: Սակայն երբ կը տեսնենք, կը լսենք գործող իշխանութեան ղեկավարին կողմէ գործածուող գռեհիկ եւ փողոցային բառապաշարը, իսկապէս անընդունելի կը դառնայ ատիկա, մինչդեռ անոր ընդդիմախօսներուն լեզուն, մտածողութիւնը հաւասարակշռուած են, յատկապէս` «Պատիւ ունիմ» դաշինքի, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ բայց մանաւանդ «Հայաստան» դաշինքի բառապաշարները զուսպ են, յատկապէս վերջինս պետականամէտ է, պետականութիւն ղեկավարածի, պետական փորձառութիւն ունեցողի եւ քաղաքական մտքի, լրջութեան բառապաշար կայ անոր մօտ:
Յամենայն դէպս հայ ժողովուրդին մէջ ներկայիս կայ խաւ մը, որ կ՛ախորժի ներկայ իշխանութեան հայհոյախառն, զազրելի, փողոցային բառապաշարէն, որ Փաշինեանի կողմէ մենք ամէն օր, ամէն ժամ կը լսենք:
Փաշինեանի ղեկավարած ուժին եւ «Հայաստան» դաշինքի բառապաշարի, մօտեցումներու, գաղափարներու միջեւ տարբերութիւնը բաւականաչափ ակնբախ է, բացատրութեան կամ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր անգամ զանազանելու փողոցայինի եւ լուրջ պետական մարդու արտայայտութիւնները:
«Վ. Ձ.».- Ինչ կը վերաբերի ժողովրդային հակազդեցութեան, դժբախտաբար Հայաստանի մէջ պատահածը պատմական էր ժխտական առումով` պարտութիւն, յուսալքում, պետականութեան ուղղուած մեծ հարուած եւ այլն, իսկ պատասխանատուն յստակ էր` օրուան իշխանութիւնը, սակայն տակաւին այս իշխանութիւնը կը վայելէ ժողովրդային որոշ զօրակցութիւն մը, այդ իմաստով ի՞նչ է ձեր խօսքը եւ որոշ նախատեսութիւններ կա՞ն յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչութեամբ:
Վ. Բ.- Բոլոր ժողովուրդներուն պէս մեր ժողովուրդին մէջ ալ կան դիւրահաւան խաւեր, որոնք դիւրին կը խաբուին, եւ որոնց միակ մտահոգութիւնը իրենց նեղ, անմիջական, անձնական շահերն են, որոնք ազգի, պետութեան եւ հայրենիքի, հաւաքականութեան շահերուն գիտակից չեն: Ասոր վրայ կու գայ աւելնալու որդեգրած քաղաքականութիւնը ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք ամբողջ տասնամեակ մը թոյն ու թարախ սրսկեցին կաթիլ առ կաթիլ եւ ատելութիւն սերմանեցին, սուտ քարոզչութիւն կատարեցին:
Բնականաբար այս բոլորը կ՛ունենան իրենց ժխտական հետեւանքները ժողովուրդի այս խաւին վրայ, որ կ՛ախորժի բամբասանքէ, հիւթեղ սուտերէ եւ նմանօրինակ մթնոլորտէ, այս խաւին համար այս բոլորը ամէնօրեայ սնունդ են:
Անձամբ, այցելութիւններուս ընթացքին հանդիպած եմ այդ խաւի ներկայացուցիչներէն շատերուն Երեւանի մէջ թէ այլուր: Անոնք համոզուած են, որ «Նիկոլը գալու ա, երկիրը թալանողներից գումարները պիտի վերցնի եւ ամէն մէկիս 2000 տոլար ա տալու» եւ հաւատալով է, որ կ՛ըսեն այս բոլորը:
Հարց տուած եմ, որ եթէ «թալանող» կայ այդքան շատ, ինչո՞ւ նախորդ երեք տարիներուն դատավճիռներ չարձակուեցան ոեւէ մէկուն հաշուոյն, պատասխան չունին:
Քարոզարշաւի աշխատանքի ընթացքին Աջափնեակի շրջաններէն մէկուն մէջ հանդիպեցանք խումբ մը մամիկներու, եւ երբ անոնց «Հայաստան» դաշինքի գրքոյկէն օրինակ մը ուզեցինք տալ, անոնք մերժեցին` ըսելով, որ իրենց քուէն Նիկոլին պիտի տան: Երբ համարձակութիւն ունեցայ պատճառը հարցնելու, անոնցմէ մէկը պատասխանեց` «Որովհետեւ ան մեր թոշակները բարձրացուց 3000 դրամով», եւ երբ ըսի, որ Քոչարեանի իշխանութեան շրջանի սկիզբէն մինչեւ վերջ Հայաստանի քաղաքացիի թոշակը տասնապատկուեցաւ, անոնք կառչած մնացին իրենց կարծիքին` «Մենք մեր քուէն Նիկոլին ենք տալու»:
Այս երեւոյթին կողքին նաեւ կը հանդիպինք ողջախոհ մարդոց: Կոտայքի Ակունք գիւղին մէջ հաւաքուած էին երեխայ, երիտասարդ ու ծերունի` բոլոր գիւղացիները, եւ երբ խօսելու կարգը հասած էր անոնց պարզելու համար իրենց հարցերը, երիտասարդներէն մէկը խօսք առաւ, մատը ուղղեց պատանիներուն եւ ըսաւ. «Երբ իշխանութեան գաք, ձեր ընելիքը մէկ բան է` ա՛յս սերունդին լաւ ուսում, լաւ կրթութիւն տալ: Այս երկիրը այդպէս կը շտկուի»:
Այս է ողջախոհութեան մակարդակը: Ասիկա կը նշանակէ, որ կայ նաեւ ողջախոհ, գիտակից խաւ մը, որ շատ լաւ տրամաբանութիւն ունի, չէ տարուած տարիներէ ի վեր ծաւալած ժխտական քարոզչութեամբ, որ իր աւերը գործած է ու տակաւին կը գործէ մեր իրականութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի նախատեսութիւններուն, գուշակութիւններ չեմ ուզեր ընել, սակայն տուեալները հաւաքելով եւ հարցախոյզերուն հետեւեալով` ինծի կը թուի, որ խորհրդարան պիտի մտնեն հետեւեալ չորս ուժերը` «Հայաստան» դաշինք, «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Պատիւ ունիմ» դաշինք եւ «Բարգաւաճ Հայաստան». կասկածելի է, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը կ՛անցնի 5 տոկոսի շեմը:
Այսօրուան տուեալները ենթադրել կու տան այլ կարեւոր կէտ մը, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ պիտի ստանայ 50 տոկոսէն աւելի, այնպէս, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը հաւանաբար կազմուած ըլլայ համախոհական սկզբունքով:
Յիշեալ ուժերը, որոնք ենթադրաբար պիտի մտնեն խորհրդարան, բացի «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-էն, ոչ մէկ ձեւով տրամադիր են համագործակցելու Փաշինեանի խումբին հետ:
Հաւանաբար յիշեալ երեք ուժերը կամ այդ երեքէն երկու ուժեր, իրենց արձանագրած արդիւնքին համաձայն, զինակցին եւ համախոհական կառավարութիւն մը կազմեն: Եթէ այդ եւս կարելի չդառնայ, հաւանաբար մէկ ամիս ետք անցնինք ընտրական երկրորդ փուլի մը` քուէներու ամենաբարձր տոկոսը ապահոված քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ:
Հիմնականը սակայն այն է, որ յունիսի 21-ին Փաշինեան այլեւս իշխանութիւն չունի: Ասիկա յստակ է:
«Վ. Ձ.».- Մեր վերջին հարցումը պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ կապուած: Հայաստանցին ի՞նչ ակնկալութիւններ ունի սփիւռքահայէն եւ փոխադարձաբար` սփիւռքահայը հայաստանցիէն:
Վ. Բ.- Կացութիւնը հետեւեալն է. սփիւռքահայը այսօր կը սպասէ, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ պիտի ըլլայ, որովհետեւ սփիւռքահայուն համար, ան այդ մասին արտայայտուի կամ ոչ, Հայաստանը իր ամենահիմնական յենարանն է, ատիկա իր հայրենիքն է, իր պետութիւնը: Առ այդ, սփիւռքահայը կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի իշխանութեան գայ այնպիսի ուժ մը, որ կ՛ապահովէ ազգի գոյութիւնը, կ՛երաշխաւորէ երկրի սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, եւ այս մէկը հիմնական քայլ մըն է պատրաստելու համար սփիւռքահայը երկրորդ փուլին` Հայաստան-սփիւռք կապի հզօրացման, եւ այդ մէկը կը դրսեւորուի հայրենիք վերադառնալով, այնտեղ բնակարաններ գնելով եւ գործարքներ կատարելով:
Այս է ակնկալութիւնը սփիւռքին, եւ եթէ սփիւռքին մէջ կան մարդիկ, որոնք տակաւին յոյսեր կապած են այս իշխանութեան հետ, ապա այդ մէկը ինծի միայն ցաւ կը պատճառէ: Այդ մարդիկ պէտք է գիտնան, որ այս իշխանութիւնը արդէն հսկայական աւեր գործած է: Հաւանաբար հազար տարիէ ի վեր մեր ժողովուրդը դաւաճանական նման հարուած չէր ստացած ներսէն: Եւ հարուածը այն աստիճան ծանր էր, որ Ալիեւի եւ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն միջեւ զուգահեռներ կան, երկուքն ալ, թերեւս տարբեր ձեւով, կ՛ըսեն Հայաստան բանակի կարիք չունի: Ասիկա սփիւռքահայութեան համար ոչ մէկ վստահութիւն կը ներշնչէ: Տակաւին չխօսինք «Հայատան» հիմնադրամի 100 միլիոն տոլարի անհետացման մասին, այդ գումարները իբրեւ պարգեւավճար տրուեցան պետական կառոյցներուն մէջ աշխատողներուն:
Եթէ այս իշխանութիւնը փոխուի, եւ պիտի՛ փոխուի, ապա կրնամ ձեզ վստահեցնել, որ քննութիւն պիտի բանայ այս երեք տարուան Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ գտնուող մարդոց նկատմամբ, արդար դատ-դատաստան պիտի ըլլայ, պատասխանատուութեան պիտի կանչուին, որպէսզի ապագային ոչ մէկը համարձակի այս հայրենիքին, պետութեան եւ ժողովուրդին դաւաճանել: