«Այսօր Հրամայական Է, Որ Համայն Հայութեան Սիրտը Բաբախէ Լիբանանի Հայութեան Համար» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին մասին կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն:

«Բնականաբար պիտի ըսենք` անցած ըլլայ բոլորին: Բնականաբար պիտի ըսենք, որ Լիբանանի պատերազմը ցմրուր ճաշակած մեր ժողովուրդը այսօր նաեւ ականատես եղաւ դժոխային այս վիճակին: Աղէտ մըն էր, որ պատահեցաւ, եւ այսօր ո՛չ միայն Պէյրութը աղէտի գօտի է, այլ նաեւ Պէյրութի արուարձան նկատուող Պուրճ Համուտը, մինչեւ Անթիլիաս աղէտի գօտի են: Այն ինչ որ պատահեցաւ ահաւոր է, բառերով կարելի չէ բացատրել, մեր ժողովուրդը արդէն զգաց այդ բոլորը», նշեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այսօր ցաւով պիտի ըսէ, որ քանդումի ենթարկուած են գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիները, ազգային կառոյցները, կուսակցական, ընկերային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու կեդրոնները:

«Ունինք 250 վիրաւոր այս պահուն` Խալիլ Պետեւի, Հաճըն, Մար Մըխայէլ, Ժըմմէյզէ, Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Պուրճ Համուտ եւ այլ տեղեր: Եւ դժբախտաբար ունինք 11 նահատակ մինչեւ այս պահը: Մեր փափաքն ու աղօթքն է առ Աստուած, որ այս տառապանքը այստեղ կանգնի: Երէկ գիշեր վեհափառ հօր հետ Պուրճ Համուտի մէջ մեր շրջապտոյտին ընթացքին ականատես եղանք իրական դժոխքի: Այսօր տասնեակներով ընտանիքներ ունինք առանց բնակարանի: Ունինք հազարէ աւելի քանդուած բնակարաններ: Ունինք ահռելի վիճակ, որ եկաւ աւելնալու ընկերային-տնտեսական եւ «Քորոնա»-ի տագնապներուն վրայ: Տակաւին աշխատանքը նոր սկսանք, որովհետեւ ամէն տան մէջ ահաւոր ցաւ կայ: Մեր ընկերներուն եւ երիտասարդներուն սեփական ընտանիքները հարուած ստացած են, բայց մենք հոս ենք, եւ այս ժողովուրդը առանձին պիտի չմնայ», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի հայութեան հասած հարուածը, Լիբանանին հասած հարուածին կողքին, ահաւոր հարուած է համայն հայութեան համար: «Իմ միակ ակնկալութիւնս է, որ փոխանակ իմաստակ կարծիքներ տալու, որ` կը բաւէ Լիբանանի մէջ մնաք, որ` ձգեցէք ելէք, այսօր միակ անհրաժեշտութիւն նկատուի Լիբանանի հայութեան կողքին կանգնիլը` հոգիով, բարոյական աջակցութեամբ, նիւթապէս: Այսօր հրամայականը այն է, որ համայն հայութիւնը, ուր որ ալ է, Ստեփանակերտ, Երեւան, Սիտնի, Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք, Լատին Ամերիկա, Մոսկուա, Եւրոպա, արաբական երկիրներ, Սուրիա, անոնք լաւ պէտք է հասկնան մեր վիճակը այսօր: Ժամանակն է, որ այդ սիրտը բաբախէ, միայն Լիբանանի հայութեան համար: Ասիկա ո՛չ մուրացկանութիւն է, ո՛չ ալ պարզապէս ցաւի արտայայտութիւն եւ պահի տրամաբանութեան տակ եղած արտայայտութիւն: Ասիկա հրամայական պահանջ է: Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ, պիտի ապրի այստեղ` Հայաստանի եւ Արցախի համար: Լիբանանի հայութիւնը պիտի ապրի համայն հայութեան համար: Համայն հայութիւնը պարտաւոր է ապրեցնել Լիբանանի հայութիւնը: Ժամանակը չէ աւելորդ ըսի-ըսաւներու, բամբասանքներու, չարախօսութիւններու, գեղեցիկ կարծիքներու` մենք ըսինք` դուք չէիք գիտեր: Այսօր ատենն է, որ մեր թեւերը սոթթած մէկ բռունցքով պաշտպանենք Լիբանանի հայութիւնը: Այո՛, Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ այստեղ: Լիբանանի հայութիւնը կարիքը ունի վերականգնումի», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.