Այսօրուան Իշխանութիւնները Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Մասին Յստակ Ռազմավարութիւն Չունին․ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային ժողովի յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ քննարկումներ եղած են, որոնց շուրջ պարզապէս համաձայնութիւն չէ եղած: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին դժուարացաւ ըսել, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր չէին խոստովանած, որ բանակցութիւններ եղած են:

«Վարչապետը յայտարարեց, որ Մայիս 2018-էն սկսեալ Ղարաբաղի մասին ելոյթներուն մէկ նախադասութեան, ստորակէտի փոփոխութեան կարիք չէ զգացած, այս հարց է, որովհետեւ այդ բոլոր ըսածները եթէ հաւաքենք, հակասական յայտարարութիւնններ մէջտեղ կու գան: Իսկ այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան իշխանութիւնները ղարաբաղան հիմնահարցի կարգաւորման մասին յստակ ռազմավարութիւն չունին», ըսաւ ան:

Ան յիշեց նախորդ տարի Պրատիսլաւայի մէջ ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի գծած «կարմիր գիծերը»:

«Բայց այնտեղ գլխաւոր բացթողումը, որ անտեսուած փաստ է՝ Արցախի ժողովուրդին իր կամքը արտայայտելը 1991 թ․հանրաքուէէն սկսեալ, մինչեւ 2006-ի եւ 2017-ի հանրաքուէն: Խօսուած է ապագային տեղի ունենալիք կամքի արտայայտութեամբ հիմնահարցի լուծման մասին, բայց իրականութեան մէջ, որ այդ կամքի արտայայտութիւնը տարբեր առիթներով եղած է արդէն», ըսաւ ան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հիմա անհրաժեշտ է նախաձեռնել քայլեր, որոնք Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման կը նպաստեն:

«Քայլերէն առաջինը Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական գործակցութեան պայմանագիրի ստորագրումն է, որ ոչ թէ պէտք է նոր պարտաւորութիւններ դնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, այլ իր ըրածին իրաւական հիմնաւորում տայ: Միջազգային հանրութիւնը հիմա չի ընկալեր, թէ ինչո՛ւ Հայաստան նման բան կ’ընէ: Իսկ Ատրպէյճան կ’օգտագործէ նման իրաւական հիմքի բացակայութիւնը` ըսելով, որ «Դուք կ’ըսէք, որ Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, բայց ձեր զինուած ուժերը շփման գիծի վրայ են, եկած, գրաւած էք, ես ալ գրաւողի հետ կը խօսիմ: Իսկ միջազգային համայնքի պարագային` ամէն անգամ պէտք չէ, որ վարչապետը ըսէ, որ ինքը բանակցութիւններուն մէջ այս բաներու մասին կրնայ խօսիլ, իսկ Ղարաբաղի իշխանութիւնները անպայման պէտք է մասնակցին, իրենց տեսակէտը յայտնեն: Այդ բոլորը պէտք է այդ համաձայնագիրին մէջ ըլլան: Հայաստանի վարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած են, որ Հայատսանը Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է, բայց հաւաստող իրաւական հիմքը չկայ», ըսաւ Մանոյեան:

Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի` Ազգային Ժողովին կատարած յայտարարութեան, թէ «թող մեզ ոչ ոք ըսէ` ինչ բանակցինք, ինչ պէտք է, բանակցինք», ՀՅԴ գործիչը դիտել տուաւ.

«Քաղաքական սխալ էր, որովհետեւ Ազգային ժողովին բոլոր նստածները ժողովրդի քուէն ստացած են: Բոլորին առջեւ իրենք պատասխանատու են, կարելի չէ ըսել, որ մենք Արցախի մասին խօսած ենք, բայց դուք մի ըսէք, թէ մենք ինչպէս բանակցինք: Սոյն յայտարարութիւնը նախապէս կատարած իր յայտարարութիւններուն հետ հակասութիւն ունի: Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն մէջ հակասութիւնները շատ են»:

Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշեց, որ Արցախի հիմնահարցի բանակցութիւններուն մասին բոլոր քաղաքական ուժերը հարցեր տալու իրաւունք ունին, ներառեալ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը: «Մենք բոլորս ժողովուրդին մաս կը կազմենք, եւ եթէ կայ տեսակէտ, պէտք է բարձրաձայնուի», ըսաւ ան:

Դիտել տալով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ եթէ բանակցութիւններուն մէջ առաջարկուի ինչ որ կարեւոր կը համարեն քննարկել, պիտի բերեն Ազգային ժողով եւ քուէարկութեան կը դնեն. արդեօք այս մէկը մտավախութիւն չի՞ յառաջացներ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կարգաւորման տարբերակը պիտի ընտրէ իր ուժի ղեկավար վարչապետ Փաշինեանը եւ արդեօք չի՞ նշանակեր, որ վարչապետը նաեւ Արցախի հարցը համաժողովրդական հանրաքուէով որոշելու գաղափարէն հրաժարած է, Կիրօ Մանոյեանը պատասխանեց.

«Կայ նման մեկնաբանութեան տեղ, որ համաժողովրդական հանրաքուէի միտքէն կախեալ են, բայց կրնայ նաեւ չըլլալ: Մենք տակաւին շատ հեռու ենք այդ պահէն: Բայց չի նշանակեր, որ մենք պէտք է հանգիստ քնանանք: Մենք պէտք է մեր մտահոգութիւնները որեւէ իշխանութեան ընթացքին վեր առնենք: Բայց այսօր աւելի մտահոգիչ է, որ վարչապետը կ’ըսէ` հարցեր մի տաք բանակցութիւններուն», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան դարձեալ շեշտեց, թէ այս իրավիճակով աւելի ընդգծուած կը նկատուի, որ ՀՀ այս իշխանութիւններուն մօտ հինահարցի լուծման ռազմավարութիւնը կը բացակայի:

«Յայտնած են տեղ մը, որ մերժելով առաջարկները` իրենք բանաձեւով գտած են, որ հոս խնդիրը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու Արցախի կարգավիճակն են, բայց մատուցելու ռազմավարութիւնը չկայ, որ դիմացինները անոր հետ համաձայնին: Չեմ ըսեր, թէ այդ շատ դիւրին գործ պիտի ըլլայ: Անհրաժեշտ է, այսքան դժուարութիւնները նկատի առնելով` նաեւ դիմել միւս քայլին` նախաձեռնել Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ դիւանագիտական ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ սկսիլ: Անշուշտ, այդ մէկը միջնորդներու դժգոհութիւնը պիտի յարուցէ, բայց որովհետեւ տակաւին շատ չէ նուազած այս իշխանութիւններուն ժողովրդականութիւնը, այս իշխանութիւններն կարելիութիւնը ունին` հիմնուելով այդ ժողովրդականութեան վրայ` յանդուգն քայլեր առնել», ըսաւ ան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.