Ամփոփ Տպաւորութիւններ 90-ամեակի Մը Սեմին

Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Տարիները կ’անցնին, տասնամեակները կը կուտակուին մեր ետին. դէմքեր, դէպքեր, պահեր կը ջնջուին կամ կ’աղօտին: Բայց ուրիշներ` կը մնան վառ, նոյնիսկ կը դառնան աւելի կենդանի:

Տասնամեակ մը կեանքէս` Ճեմարանի աշակերտութեան եւ անմիջապէս հետեւող գրեթէ պատանի ուսուցիչի առաջին տարիներս, կը կազմեն ինծի համար այդպիսի թանկագին պահեստ մը, որուն յաճախ կ’այցելեմ, խոր հաճոյքով:

Այդ տասնամեակի երկրորդ կէսէն է, միջնակարգի ութերորդէն սկսած` մանաւանդ լսարանական տարիներէն, որ ունիմ ջերմ յիշատակներ, նախորդող` նախակրթարանի քիչ մը մշուշոտ դասարաններէն ետք, երեւի անոնցմով քիչ-քիչ նախապատրաստուած:

Հարուստ տպաւորութիւններու ստեղծման առաջին, անմիջական ազդակը անշուշտ մեր ուսուցիչներն էին – Կարօ Սասունի, Եոլանտ Աճեմեան, Գրիգոր Շահինեան,  Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան: Եւ ի հարկէ` տնօրէն Սիմոն Վրացեան, որ ստուերային, բայց ազդեցիկ իր ներկայութեամբ, Ճեմարանի բարձր պատշգամէն մինչեւ սրահին աջի` խորքի իր տեսչարանը, կը հովանաւորէր մեզ: Ուսուցիչներէն` Կարօ Սասունիի մօտ հերոսական անցեալի մը պատկառելի, բայց ջերմագին շուքը, Մ. Իշխանի մեղմութիւնը, տիկին Աճեմեանի շեշտուած անհատականութիւնն ու անսահման կորովը, Գրիգոր Շահինեանի այնքան թելադրական ատակութիւնը մեթոտիկ աշխատանքի – այս բոլորը կը համակէին մեզ անզգալի, բայց ապահով ամբարումով: Տնօրէն պր. Վրացեանի կողքին, հոգեղէն ներկայութեամբ` նոյնքա՛ն համակող էին հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կերպարները: Եթէ անձնապէս բախտը ունեցեր եմ Սիմոն Վրացեանի հետ մօտէն շփուելու, ամառնային արձակուրդներու ամիսներուն` իր հարուստ «Կեանքի ուղիներով» շարքի խմբագրման մէջ ամէնօրեայ գործակցութեամբ իրեն հետ,- Շանթի եւ Աղբալեանի պարագային, իրենց գործին հետ շփումն է, թերեւս քիչ մը կանխահասօրէն, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է ներաշխարհիս վրայ:

Բայց այս բոլորի կողքին ու աւելի առաջ, արտադասարանային գործունէութիւնն էր, որ մեզ կը բեւեռէր, կը լիցքաւորէր մշակոյթի հանդէպ. հայերէն ու հայ մշակոյթ` ընդելուզուած դէպի ընդհանրական մշակոյթ անկաշկանդ ձգտումի մը հետ: Գիրի, գրականութեան, գրաւոր մշակոյթի ձգտում, ուր արդէն, դեռ ուրուագծային ձեւով` կը ջանայինք միաձուլել բեւեռները. միասնաբար առաջ տանիլ հայեցին ու ընդհանրականը: Ճիգ, որուն մէջ մեզի դաշնակից ունէինք մեր ուսուցիչները – անո՛նք յատկապէս, որոնք չէին հակադրեր այդ երկու բեւեռները…

Եւ մշակոյթի այս ձգտումը, թէեւ խարխափուն, կը գտնէր իր գործնական դրսեւորումը լսարանական մեր աշխատանքներուն մէջ – աշխատանքի խմբակներու, բայց եւ մանաւանդ «Ջահակիր»-ի: Հիմա ժպիտով կը յիշեմ, ներողամտութեամբ, բայց դեռ խանդավառ, այն հսկայ լրջութիւնը, որով «Ջահակիր» խմբագրեր ենք քանի մը տարի շարունակ: Հետագային ալ, իբր խորհրդատու ուսուցիչ կապ պիտի պահէի լսարանական թերթին հետ, բայց իբր աշակերտ-խմբագիրներ մեր տարած աշխատանքը, ինծի ինչպէս գործակից քանի մը ընկերներու համար, պիտի դառնար անփոխարինելի փորձառութիւն մշակոյթով թաթախումի, խմբական եւ անհատական միանգամայն: Պիտի դառնար կեանքի ոճ: Փորձառութիւն, ուր նոյնպէս պիտի օգտուէի՛նք ուսուցիչներու թելադրանքներէն եւ ուղղորդումէն, թէեւ երբեմն զանոնք անտեսելու, զանցելու պայմանով – ծնող մեր անհատականութիւններու շեշտումին համար այլապէս օգտակար զանցումով մը…

Այս բոլորը կը մնային անբաժանելի մասերը մեր Ճեմարանին, կ’ըլլային անով, իրենք կը կազմէին, կը կայացնէին զայն: Եւ այս բոլորի քաշողութեամբ է, որ աւելի ետք` կեանքի եւ մշակութային գործունէութեան սեփական ոլորտ ստեղծելով հանդերձ` մեզմէ իւրաքանչիւրը պարբերաբար պիտի գար, վերադառնար` շնչելու հարազատութեան այդ մթնոլորտը: Որ սերունդէ սերունդ անցումով եւ ինքնանորոգումով, ու հակառակ իրադրութիւններու բերած վերիվայրումներուն, կը մնայ մշակութային առողջ մթնոլորտ, հայեցի, բայց «օտար հովերէ» չվախցող, զանոնք դրականօրէն դիմագրաւող մթնոլորտ:

Եւ դարձեալ ատոր համար է, որ տարուէ տարի անխափան այցերովս, իմ կարգիս գոհունակութեամբ հաստատեր եմ եւ կը հաստատեմ ինքնանորոգումի ատակութիւնը մեր մայր հաստատութեան, որ այսօր, ի հեճուկս ամենատեսակ դժուարութիւններու, պարտինք պահել անսասան` պահպանելով իր ուրոյն նկարագիրը  –  միանգամայն աւանդական եւ նորարարական:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.