Ամերիկա հաստատուած Առաջին Հայուն 400-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Լոս Անճելըսի ՄԷջ
2272
0
Լոս Անճելըսի Ճորճ Տեքմէճեան համայնքային կեդրոնի «Արարատ» տան մէջ մարտ 16-ին պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեան պիտի մասնակցի «400-ամեայ հայ-ամերիկեան ժառանգութեան տօնակատարութիւն, 1618-2018թթ.» խորագիրը կրող հայ-ամերիկեան բազմադարեան ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովին: Հայկ Դեմոյեան գիտաժողովի եւ ցուցահանդէսի կազմակերպման գլխաւոր աջակիցներէն է:
«Հայերն այօր»-ը, յղում կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, կը յայտնէ, որ միաժամանակ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին հայ-ամերիկեան առնչութիւնները ներկայացնող թանկարժէք իրեր, պատմական արտեֆակտներ (նիւթական մշակոյթի նմուշներ-Հ.Ա) Արարատ-Էսքիճեան թանգարանէն եւ Հայկ Դեմոյեանի մասնաւոր հաւաքածուէն:
Այս գիտաժողովը, որ նուիրուած է առաջին հայուն` Մարթին Հայի (Martin the Armenian) ամերիկա ժամանման 400-ամեակին (Վիրջինիա, 1618թ.), կը ներկայացնէ հայ-ամերիկեան համայնքի պատմութեան եւ ժառանգութեան նշանակալի ձեռքբերումները: