Ամերիկացի Օրէնսդիրները Ընդունած Են Հայ Ռազմագերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը Պահանջող Փոփոխութիւն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասի, Էտըմ Շիֆի եւ Պրետ Շերմանի ներկայացուցած ուղղումը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ կոչ կ՛ուղղէ տեղեկագիր կազմել Ազրպէյճանի զինուորական յանցագործութիւններուն, այդ կարգին` հայ խաղաղ բնակիչներու դէմ անօրինական զինամթերքի եւ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործման մասին:

Փոփոխութիւնը կը պահանջէ նաեւ հետաքննել թրքական անօդաչու թռչող սարքերու մէջ ամերիկեան արհեստագիտութեան օգտագործման վերաբերեալ: Նշուած է, որ 2020-ի արցախեան պատերազմի ժամանակ անոնք օգտագործուած են հայ խաղաղ բնակիչները թիրախաւորելու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.