ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

9 Մարտին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամները՝ առաջնորդութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի։ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն մասին, անդրադարձ կատարեցին ՀՅԴ հետագայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն։ Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկաները շնորհաւորեց Բիւրոյի կազմին մէջ ընտրուելուն առիթով՝ կարեւոր համարելով Հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ առկայ ճգնաժամի յաղթահարումը, ազգային ոգիի բարձրացումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու զօրացման ուղղուած ջանքերը։ Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները քննարկեցին հայրենական կեանքն ու աշխարհասփիւռ ժողովուրդը յուզող հիմնահարցերը, ընդգծեցին համազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Առկայ հարցերու դիմագրաւման գործին մէջ կարեւոր համարեց Հայոց Եկեղեցւոյ ազգաշահ առաքելութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.