Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Աւելին Կ՛ակնկալէր Ընտրութիւններէն»

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ  Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է 2 ապրիլին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Խօսելով ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին` ան կարծիք յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար կայ որոշակի յառաջընթաց, մանաւանդ երբ կը խօսուի 101 պատգամաւորի մասին, սակայն ՀՅԴ-ն աւելին կ՛ակնկալէր:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք ընտրութիւններու օրուան  ահազանգները, որոնք ինք բարձրացուցած է, ազդած են ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, Վարդանեան պատասխանած է. «Ես խօսած  եմ 3 յստակ տարածքներու մասին, ուղարկած եմ համապատասխան դիմումներ, կը սպասեմ արձագանգներուն, եւ ըսեմ, որ որոշ պարագաներու տակաւին  ըսելիք կ՛ունենամ, խօսքը կը վերաբերի յատկապէս ոստիկանութեան տուած պարզաբանումին, բայց այս առումով վստահ եմ, որ այդ ահազանգները էական ազդեցութիւն չեն ունեցած»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն էր Դաշնակցութեան արձանագրած ամէնէն ցցուն խախտումը, Աղուան Վարդանեան նշեց  տեղի ունեցած խախտումները Փարպի, Բիւրականի եւ Ճամբարակի գիւղերուն մէջ:

Խօսելով ընտրակաշառքի, վարչական միջոցներու կիրարկման, ընտրողները ուղղորդելու դէպքերուն մասին` ան կարծիք յայտնեց,  որ բոլորին կը թուէր, թէ նոր ընտրակարգի պայմաններուն մէջ ընտրողներու թիւը պէտք է նուազ ըլլար, սակայն վարկանշային մեծաթիւ թեկնածուներու  առկայութիւնը, անոնց աշխուժ աշխատանքը իւրաքանչիւր բնակիչի հետ բերաւ ընտրողներու մեծ մասնակցութիւն:

Աղուան Վարդանեանի համաձայն, դժուար է ըսել, թէ այս մասնակցութիւնը  ամբողջովին իրակա՞ն էր, թէ՞ որոշ շեղումներ եղած են կարգ մը հեռաւոր տեղերու մէջ, բայց որ ասիկա նաեւ աշխուժութեան դրսեւորում էր, այդ  ալ ակնյայտ էր, եւ Հայաստանի մէջ ընտրելու իրաւունք ունեցող ներկայ  բնակչութեան բացարձակ գերակշիռ մասը մասնակցեցաւ այդ ընտրութիւններուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչական միջոցներու մասին խօսելով նկատի ունին Հանրապետական կուսակցութի՞ւնը, Աղուան Վարդանեան նշեց. «Այո՛, նկատի ունիմ, որովհետեւ այն նախարարութիւնները, որոնց կը տիրապետենք, մենք չենք փորձած  արհեստականօրէն զուտ վարչական միջոցներու օգտագործումով  քարոզչութիւն իրականացնել: Բայց այդ աւանդութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի»:

Ինչ կը վերաբերի Հանրապետական կուսակցութեան հետ քաղաքական համագործակցութիւնը շարունակելու հարցին, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ՀՀԿ-ի հետ համագործակցութեան յուշագիրը կնքուեցաւ մէկ տարի առաջ, անժամկէտ, եւ կարեւորը խնդիրներն են, թէ ի՛նչ խնդիրներու շուրջ պիտի համագործակցին:

«Մեր Ընտրական օրէնսգիրքը կարելիութիւն կու տայ յառաջիկայ օրերուն քննարկումներ կատարել: Առայժմ այդ քննարկումները չեն սկսած: Եթէ  խնդիրներու այնպիսի հիմք ըլլայ, որ մեր նպատակներուն կը համապատասխանէ, միայն այդ պարագային կարելի կ՛ըլլայ քննարկել : Կարեւորը մեր նպատակներն են, առաջնահերթութիւններն ու խնդիրները», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.