Աղաւնոյի Մէջ Մեծ Շուքով Նշեցին Ծաղկազարդը

Հայաստանէն Արցախ գացողները առաջին դիմաւորողը կ՛ըլլայ Աղաւնոյ գիւղը` Արիաւանը:

Աղաւնոն Արցախի այն հերոսական գիւղերէն է, որուն բնակիչները պատերազմի օրերուն հերոսաբար դիմադրեցին ու պաշտպանեցին գիւղը եւ առ այսօր կառչած են իրենց հողին, հակառակ անոր որ շրջապատուած են թշնամիներով, իսկ ժամանակ առ ժամանակ ստիպուած կ՛ըլլան հանդուրժելու նաեւ թշնամիին հերթափոխը:

Ապրիլ 10-ին, երբ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդի տօնը, Աղաւնոն կրկին մարդաշատ էր: Ամէն տեղէ հիւրեր եկած էին` Ծաղկազարդը Աղաւնոյի մէջ նշելու: Այս առիթով գեղեցիկ եւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը կազմակերպած էին «Մշակութամէտ» անհատական նախաձեռնութեան կամաւորները:

Աղաւնոյի դպրոցի բակին մէջ բնակիչները ազգային տարատեսակ եւ համեղ ուտեստներով հիւրասիրութիւն պատրաստած էին իրենց հիւրերուն համար:

Ձեռնարկը սկսաւ Աղաւնոյ գետի ափին, ուր դպրոցի աշակերտներէն Նիքոլայը ներկաներուն պատմեց գիւղի ազատագրման եւ վերաբնակեցման պատմութիւնը, այնուհետեւ շրջելով գիւղի տարածքին` ներկաներուն ծանօթացուց գիւղին թաղամասերը, որոնք կը կրեն հերոսներու անունները:

Խորհրդանշական էր Մարաղայի ջարդերու օրը գտնուիլ Աղաւնոյի մէջ, որովհետեւ Աղաւնոյի ազատագրումէն ետք Մարաղայի ջարդերէն փրկուած հայերը հաստատուած են Աղաւնոյի մէջ:

Ներկաներուն ուռենիի ճիւղերով պսակներ բաժնելէ ետք դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած էր մշակութային ձեռնարկ մը` համեմուած ազգային երգ ու պարով, խաղերով եւ մրցոյթներով:

«Մշակութամէտ» նախաձեռնութեան անդամ Միրաբ Բաբայեան «Ապառաժ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ձեռնարկի կայացման միտքը նոր չէ ծագած, այլ մէկ տարիէն աւելի է, երբ այցելած են սահմանային գիւղեր:

«Մշակութամէտ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ մեր կամաւորները ամէն շաբաթ կ՛այցելեն ամէնէն հեռու գիւղերը, ուր մշակոյթի դասաւանդման կարելիութիւն չկայ, սակայն կը դասաւանդենք զայն, որովհետեւ մեր նպատակը սահմանամերձ գիւղերը սահմանապահ գիւղեր դարձնելն է: Հիմա արդէն նաեւ Արցախ կը գտնուինք, Աղաւնոյ գիւղի մէջ, եւ մեր երեք ուսուցիչները կամաւոր տեղափոխուեցան ու մէկ ամիսէն աւելի է, որ այստեղ են», ըսաւ Միրաբ Բաբայեան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ նպատակ ունին մեր ազգային բոլոր տօներն ու ծէսերը վերականգնելու:

«Ասկէ առաջ Բարեկենդանը նշեցինք Տաւուշի մէջ, իսկ այսօր Ծաղկազարդը կը նշենք Աղաւնոյի մէջ եւ կը շարունակենք. սակայն այս ամէնուն հիմը հայկական մշակոյթի վերածնունդի ապահովումն է մատաղ սերունդին մէջ», նշեց ան:

Ապագային Արցախի մէջ կը սպասուին նաեւ այլ ծրագիրներ, սակայն Միրաբ Բաբայեան կը կարծէ, որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ կառավարութեան հետ միասին իրականացուէին ծրագիրները, որովհետեւ այս պահուն բոլոր ծրագիրները կ՛իրականացուին կամաւորներու միջոցներով: Այս պահուն նախաձեռնութեան կ՛անդամակցին 100-է աւելի կամաւորներ:

Թշնամիին աչքին առջեւ հայկական մշակոյթի տարածումը Արցախի մէջ, մեր ազգային, եկեղեցական տօներու նշումը կը փաստէ, որ Արցախի մէջ կեանքը կը շարունակուի, եւ արցախցին հաւատարիմ է իր սկսած պայքարին, պատրաստակամ` հայկական պահելու սրբագործուած իր հողը եւ պայքարելով վաստակիլ այնտեղ ազատ ապրելու իր բնական իրաւունքը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.