Ահունցիք-Գարթիէրվիլ շրջանի քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու Յարութ Շիթիլեան հանդիպեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամներուն հետ

24 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Լեւոն Շանթ – Աշոտ Բեկոր» մասնաճիւղի ընկերները հանդիպում մը ունեցան Մոնթրէալի Ահունցիք-Գարթիէրվիլ շրջանի քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու պրն. Յարութ Շիթիլեանի հետ: Ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութեան մասին զրուցելէ ետք, ԳԵՄ-ականները աւելի մօտէն ծանօթացան պրն. Շիթիլեանի քաղաքական գործունէութեան, մանաւանդ Հայ Դատի ի նպաստ անոր ունեցած ներդրումին: Հանդիպումը վերջ գտաւ ընտրարշաւին ԳԵՄ-ի ունենալիք ներդրումին ի նպաստ պրն. Յարութ Շիթիլեանին եւ իր ցանկակիցներուն: Վերջին բաժինը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ընտրական յանձնախումբի անդամ ընկեր Գէորգ Թորոսեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.