«Ահազանգ»-ի Անդամները Վարչապետին Հետ Հանդիպումը Յուսադրող Չեն Համարեր

Յունիս 20-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» նախաձեռնութեան հետ, որ Ազգային ժողովի առջեւ նստացոյց կ՛ընէ Հարկային օրէնսգիրքին մէջ նախատեսուող` եկամտային հարկի համահարթ սկզբունքին դէմ։

Նախաձեռնութեան անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Փաշինեան իրենց հետ հանդիպման ժամանած ընդունած է, որ սկզբունքային տարբեր մօտեցումներ կրնան ըլլալ: «Ան համոզուած էր կամ համոզած էին, որ օրէնսդրական այդ փաթեթով կրնան ստուերէն դուրս բերել եկամուտները, բայց մենք պնդեցինք, որ միջազգային նման փորձ չկայ, ու բերինք, օրինակ, Վրաստանի փորձը»,- ըսած է ան։

Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային պահումներուն մասին, որոնց մէկ մասը կը փակէ պետութիւնը, վարչապետը վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ օգնել: «Օրինագիծով նախատեսուած է, սակայն, որ պարտադիրի վճարը կ՛իյնայ աշխատողին կամ հարկատուին վրայ, այսինքն` երբ օրէնքը ընդունուի, կառավարութիւնը այլեւս պիտի չփոխհատուցէ 2,5 տոկոսը, որ այժմ կը փոխհատուցէ»,- բացատրած է Վարդանեան:

Մեր հարցումին` յուսադրո՞ղ էր հանդիպումը, «Ահազանգ»-ի անդամը պատասխանեց․ «Յուսադրող չեմ համարեր: Մէջբերու մը ընեմ վարչապետ Փաշինեանի հետ զրոյցէն, ան ըսաւ` նախագիծը պէտք է փորձենք, տեսնենք` ինչ ազդեցութիւն ունի, ատկէ ետք միայն օրինագծի վերաբերեալ վերջնական տեսակէտ կ՛ունենանք»:

Քրիստինէ Վարդանեան նաեւ յայտնեց, որ վարչապետի կողմէ նստացոյցը դադրեցնելու յորդոր չէ եղած:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.