Ալեքսանտրէթի նահանգը Սուրիոյ հակամարտութենէն պաշտպանուա՞ծ է

Global Risks Insights կը գրէ‚ որ Հաթայի (Ալեքսանտրէթի, Իսկենտէրունի «Հ») «թրքական նահանգը» շրջանային վերիվայրումներէն անմասն մնացած է։ Իբրեւ սուրիացի տեղահանուածներու եւ տնտեսական տոկունութեան փարոս այս փոքր տարածքը առայժմ քաղաքական տանգապ չէ դիմագրաւած‚ սակայն մինչեւ ե՞րբ։

Ներկայիս Սուրիոյ մէջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Խան Շէյխունի դէմ քիմիական զէնքով յարձակումին եւ Միացեալ Նահանգներու սուրիական կառավարութեան հակադարձութեան վրայ։ Սակայն կարեւոր է նկատի ունենալ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ բռնարարքներու յաւելումն ու հարեւան Թուրքիա ներթափանցման հաւանական հետեւանքները։ Մինչ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով յարձակումէն եւ Հալէպի անկումէն ետք աշխարհաքաղաքական պայքարը կը շարունակուի՝ Հաթայի մէջ ներքաղաքական փխրուն հաւասարակշռութիւնը արդեօ՞ք մօտօրէն պիտի քայքայուի։

Ըստ մամլոյ տեղեկատուութեանց եւ թուրք պաշտօնատարներու հետ հարցազրոյցներու‚ Հաթայի սահմանին վրայ գտնուող Եայլաղտի մուտք գործած ենթադրաբար թիւրքմէն տեղահանուածներուն 80 առ հարիւրը իսկութեան մէջ թիւրքմէններ չեն, այլ Կեդրոնական Ասիայէն‚ Կովկասէն ու Հիւսիսային Ափրիկէէն եկած ժիհատականներ են։ Այս բաց դրան քաղաքականութիւնը վերջ գտած է թրքական հողերուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք։

Յառաջիկայ ամիսներուն այս շրջանին մէջ բախումները յաւելում պիտի արձանագրեն‚ որովհետեւ ըմբոստ զինեալներ սուրիական կառավարութեան հետ համաձայնութեան հիմամբ Իտլիպէն եւ Հոմսէն կը տեղափոխուին այդտեղ։ Հալէպի անկումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին վրայ հիմնուելով՝ սուրիական կառավարութեան համար այս շրջանին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ։ Սուրիական վարչակարգին դաշնակից «Անապատի բազէներ» գունդը տեղակայուած է Հաթայի անմիջապէս հարաւը գտնուող Լաթաքիա ալեւիական ծովեզերեայ քաղաքին մէջ, որ Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի։

Թուրքիա այս նահանգը ապահովական յատուկ շրջան ճշդած է։ Ամանոսեան լեռներուն վրայ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ թրքական վերջին ապահովական գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուեցաւ թուրք զինուոր մը։ Աֆրինը‚ որ սահմանակից է Հաթայի, Սուրիոյ քրտական շարժումի կիսաինքնավար Ռոխովա շրջանին ծայրագոյն արեւմտեան գաւառակն է։

Ժողովրդագրական բազմազանութիւն ունեցող Հաթայը մեծաւ մասամբ բնակուած է արաբներով‚ որոնց մեծամասնութիւնն ալ ալեւի է։ Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ այլ շրջաններու‚ այստեղ ասատամէտ հոսանքը ուժեղ է։ Կայսերապաշտութեան դէմ եւ Սուրիոյ կառավարութեան զօրակցող ցոյցերուն մասնակցած են աւելի քան տասը հազար ցուցարարներ։ Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովրդական կուսակցութիւնը շրջանին մէջ մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ: Նշեալ կուսակցութիւնը բարիկամեցողական այցելութիւններ տուած է Ասատի։

Հիւրընկալելով 402 հազար սուրիացի‚ Հաթայը կը կրէ գաղթականներու ճգնաժամի բեռը։ Չարձանագրուած գաղթականներուն թիւը անծանօթ է‚ սակայն առնուազն 500 մարդ իւրաքանչիւր օր Սուրիա-Թուրքիա սահմանը անցնելով մուտք կը գործէ Հաթայ։ Մինչ տարիներու վրայ երկարող հակամարտութեան ընթացքին տեղահանուածներուն թիւը մեծցած է, եւ շրջանը վերածուած է թրքական աջակցութիւն վայելող ժիհատականներու տարածման կարեւոր միջանցքի։

Տեղւոյն թուրք բնակիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն միջեւ լարուածութիւնը մերթ ընդ մերթ բախումներու կը վերածուի։ Շրջանի աշխարհիկ ալեւիներու մեծամասնութիւնը կասկածներ ունին Անգարայի մտադրութեան նկատմամբ եւ շրջանին մէջ բազմաթիւ սիւննիներու ժամանումը կը նկատեն իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը տկարացնելու դիտաւորեալ փորձ‚ մանաւանդ որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը շրջանին մէջ գաղափարական ուժեղ ենթահող չունի։

Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գաղթականներուն յատուկ իրաւասութիւններ կը տրուին‚ ինչպէս նաեւ ապագայ ընտրութիւններուն քուէարկելու կարելիութիւնը։ Այդ մէկը հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ սուրիացի գաղթականներու համայնքին ապագային վերաբերեալ քաղաքական անորոշութիւն ստեղծած է։ Վերջիններս իրենց կարգին կը զգան‚ որ իրենց ներկայութիւնը ողջունելի չէ եւ անոնց մեծամասնութիւնը հեռու կը մնայ Հաթայի մէջ պետութեան տեղական ներկայացուցչութիւններէն՝ սուր կերպով ականահարելով նահանգին ընկերային‚ քաղաքական եւ տնտեսական հիմերը։

Գաղթականներու ներհոսքը նկատառելի ճնշումի տակ առած է պետական ծառայութիւնները‚ մասնաւորաբար առողջապահութեան համակարգը‚ եւ սուրիացիներ գործատեղիի հարցով կը մրցին բնիկներուն հետ։ Հաթայի մէջ ժողովրդագրութեան փոփոխութիւնը արաբ բնակչութեան թիւը 34 առ հարիւրէն բարձրացուցած է 47 առ հարիւրի, եւ շրջանը բաժնուած է հաւասարապէս սիւննի եւ ալիեւի համայնքներու։ Անգործութեան համեմատութեան աճի իբրեւ հետեւանք գործ կարելի է գտնել մաքսանենգութեան եւ թմրեցուցիչի ապօրինի վաճառականութեան ասպարէզներուն մէջ։

Սուրիական տագնապը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է թէ՛ տեղւոյն եւ թէ՛ շրջանի տնտեսութեան վրայ։ Եթէ Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը վերջ չգտնէ տնտեսական հեռանկարը հաստատօրէն դրական չէ։

Նախագահ Էրտողանի լիազօրութիւնները նկատառելի կերպով ընդլայնելու 16 Ապրիլի հանրաքուէն նկատառելի մարտահրաւէր մըն է Հաթայի ալեւի համայնքին համար։ Շատեր կը հաւատան‚ որ անկախ հանրաքուէի արդիւնքէն՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար դժուարութիւնները պիտի շարունակուին։

Անցեալին Հաթայի ալիեւի եւ քիւրտ խմբաւորումները կը դիմագրաւէին ընկերային մեկուսացում‚ սակայն դժուարութիւններուն դիմաց չէին ընկրկեր։ Բեւեռացնող յայտարարութիւնները պիտի շարունակուին‚ եթէ Էրտողան չստանայ կառավարման նախագահական համակարգի անցումը։ Աւելին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան համար դժուար պիտի ըլլայ ցոյց տալ‚ թէ թրքական ընկերութեան միայն մէկ հատուածը ներկայացնող կուսակցութիւն մը չէ։ Ընկերային‚ քաղաքական եւ տնտեսական անորոշութիւնը կը շարունակէ Հաթայի ապագային մէջ հիմնական ազդակ ըլլալ‚ մինչեւ այն ատեն‚ որ սուրիական հակամարտութիւնը կը շարունակէ մոլեգնիլ, եւ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ սնանիլ արտաքին քաղաքականութենէն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.