«Աբրահամ Աշճեան» Փողոցի Անուանակոչութիւն Եւ Կիսանդրիի Բացում Պուրճ Համուտի մէջ

35 տարիներ առաջ հայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայութիւնը մասնաւորաբար կը կորսնցնէր խոնարհ, լռութեամբ գործած, բայց միեւնոյն ատեն քաջ մարտիկի ու առասպելական ղեկավարի յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը, որուն շունչով թրծուած են սերունդներ, որուն ձգած աւանդով հարստացած է կեանք մը ամբողջ:

35 տարիներ առաջ թրքական անարգ ոճիրի մը զոհը կը դառնար Աբօ Աշճեան, որուն յիշատակը անմահացնելու եւ անոր վաստակին ու նուիրականութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով, երէկ` 29 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աբրահամ Աշճեան» փողոցին:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որոնք անդրադարձան այն իրողութեան, թէ 35 տարի առաջ առեւանգուած դաշնակցական կարկառուն դէմքերէն Աբօ Աշճեանին շատ բան կը պարտին հայութիւնը, լիբանանահայութիւնը եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի բնակիչները անխտիր:

Իր խօսքը եզրափակելով` Մարտիկ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ թէեւ նման անձնաւորութիւններ ոչինչ կ՛ակնկալեն իրենց կատարածին փոխարէն, սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը երախտագիտութեան համեստ արտայայտութիւնը կ՛ունենայ Աբրահամ Աշճեանի անունով կոչելու Պուրճ Համուտի կարեւոր փողոցներէն մէկը:

Անկէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան օրհնեց փողոցը:

Ապա տեղի ունեցաւ «Աբրահամ Աշճեան» փողոց անուանումը կրող ցուցանակի քօղազերծում:

Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աբօ Աշճեանի առեւանգման 35-ամեակին առիթով կիսանդրիի զետեղման հանդիսութիւն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Անի Մկրտիչեան-Տէրտէրեան, ապա «Սարդարապատ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Ալեմէզեան, որ վեր առաւ Աբօ Աշճեանի արժանիքները, անոր նկատմամբ գործուած ոճիրին ահաւորութիւնն ու անոր կորուստին ծանրութիւնը հայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ դաշնակցական ղեկավարը ապահովական ծանր պարտականութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններէն էր, որ կը յատկանշուէր իր խիզախութեամբ, անձնուրացութեամբ, կը վայելէր լիբանանահայութեան մեծամասնութեան յարգանքը: Ապա Շ. Ալեմէզեան անդրադարձաւ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ Աբօ Աշճեանի անունով սրահին, ուր սերունդներ կը կերտուին անոր շունչով ու հոգիով` աւելցնելով, որ Անդօ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով  ակումբի համանուն սրահին մէջ արդէն իսկ զետեղուած է Աբօ Աշճեանի կիսանդրին` իբրեւ երախտագիտութիւն դաշնակցական ղեկավարին գործունէութեան ու նուիրումին:

Օրուան պատգամը ուղղեց Շահան Գանտահարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Աբօ Աշճեանի նկարագրային գիծերը եւ արժանիքները, որոնց մասին յստակօրէն տեղ մը չէ գրուած թէեւ, սակայն անոնց  շնորհիւ ընկեր Աբոյին անունը անընդհատ շրջանառութեան մէջ պահուած է ո՛չ միայն զինք ճանչցած, անոր հետ գործակցած ընկերներու, այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու կողմէ, որոնք ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացած են մեծ հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտի վրայ:

Ան դիտել տուաւ, որ այդ ժամանակուան պատանեկան միութիւններու անդամներուն կամ ԼԵՄ-ականներուն պատկերացումներուն մէջ Աբօ Աշճեանի հսկողութեան տակ գործող տղաքը կը ներկայանային իբրեւ «վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ` բոլորն ալ ենթակայ ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները ընկեր Աբոյին»:

Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն լիբանանահայութեան գործելաոճը, ուր տարբեր տարիքի անձեր միացած էին մէկ նպատակի շուրջ` Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցելու, այդ ալ` ընկեր Աբոյին ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին յարկին տակ: «Կառոյց, որ ո՛չ միայն պատուով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց` քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն: Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին», ըսաւ բանախօսը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.