Հաղորդագրութիւն՝ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց, զոր կու տանք ֆրանսերէնէ թարգմանաբար.

«Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը (CCAF) մեծ ցնցումով իմացաւ իր համանախագահին՝ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը՝ չորեքշաբթի 13 Յուլիսին, Երեւանի օդակայանին մէջ:

Այս որոշումը անյարիր է յայտարարուած թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբունքներուն, կը սպառնայ եւ կը վտանգէ ֆրանսահայութեան ազատ խօսքի արտայայտութեան իրաւունքին, ուղղակի հարուած է՝ հայաշխարհի միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու անոնց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կ՛ոտնահարէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը բարդացնէ երկրէն ներս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ ներքին լարուածութիւնը եւ բխրուն անվտանգութիւնը:

Հայաստանը կը պատկանի նաեւ սփիւռքահայութեան, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի զաւակներուն ու թոռներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք կը պայքարին ի խնդիր մեր իրաւունքներուն: Եւ ոչ մէկը կրնայ որոշել արգելակումը կամ արտաքսումը յանուն Հայ Դատին պայքարող գործիչներուն՝ քաղաքական հաշիւներ լուծելու համար:

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ խայտառակ այս որոշումը եւ կը պահանջէ անոր անմիջական չեղարկումը, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մուրատ Փափազեանին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.