Սամցխէ-Ջաւախքի Հայերը Ցոյցեր եւ Դրամահաւաք Կազմակերպած են
Համայն հայութիւնը Սամցխէ-Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Վրաստանի մէջ համախմբուած ուժերով կը փորձեն իրենց օգնութիւնը ցուցաբերել Արցախին:
Այդ օգնութիւնը տարբեր ձեւերով կ՛արտայայտուի:
«Ջաւախքի մէջ այս օրերուն այն ինչ կը կատարուի, կարելի է ըսել, աննախադէպ է: Պատերազմի առաջին օրերուն ջաւախահայերը փակեցին Կարծախի սահմանակէտը, որ Թուրքիան կը միացնէ Վրաստանին: Եւ կ՛ըսէին, եթէ մեր ապրանքներուն մուտքը չի թոյլատրուիր Հայաստան, ուրեմն թրքական բեռնատարները եւս պիտի չմտնեն Վրաստան», – «Հայերն այսօր»-ին պատմած է Սամցխէ-Ջաւախքի մետիա վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Էդուարդ Այվազեան:
Այվազեանի խօսքով` վերջին օրերուն մօտ կէս միլիոն տոլար գումար հաւաքուած է: Գումարին մէկ մասը տարբեր ձեւերով ուղարկուած է. «Դեղորայքով եւս կրցանք օգնել, ինչպէս նաեւ քնապարկերով եւ տարբեր այլ իրերով, բայց հիմնական գումարը փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Եւ մինչեւ օրս դրամահաւաքը չի դադարիր Ջաւախքի եւ տարբեր գիւղերու մէջ:
Օրեր առաջ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի հայերը հաւաքուած էին Ախալքալաքի մարզադաշտը եւ իրենց վճռական աջակցութիւնը յայտնած էին Արցախին:
«Ամէն գնով եւ ամէն ինչով պատրաստ ենք օգնելու Արցախի հայութեան, որպէսզի Արցախը կարենայ գոյատեւել այս պայքարին մէջ եւ արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան չենթարկուի, անպայման յաղթանակով դուրս գայ: Երբ պատերազմը աւարտի, մենք դարձեալ ու կրկին պիտի ազգովի կառուցենք Ստեփանակերտը, Շուշին եւ մնացած քաղաքները, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ», – ըսած է Այվազեան: