ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանդիպումները Հայաստանի վարչապետին եւ նախագահին հետ
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ եւ վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեանէ, Երկուշաբթի, 29 Ապրիլին այցելեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները։ Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ միաւորելու, համախմբելու եւ կրթելու կարեւոր դեր ունի Սփիւռքի մէջ։ Հարկ է, որ ան մեծ եռանդով շարունակէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մայր հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման աշխատանքը։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով, նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ կարիքները շատ են։ Անհրաժեշտութիւնը կայ նոր ժամանակներու նորահաս սերունդներու պահանջներուն եւ խնդիրներուն համահունչ նոր մօտեցումներու։
Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը նախագահ Արմէն Սարգսեանին փոխանցեց միութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուածյատուկ նամականիշը։
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄՕՏ
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով, վարդապետ Փաշինեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայապահպանման գործին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի զանազան նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց միութեան ծրագիրները եւ յատկապէս Մայիսին, Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական համագումարը։
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, յատկապէս մարզերու մէջ սկաուտական շարժման աշխուժացման վերաբերող զանազան հարցեր եւ նախաձեռնութիւններ։
… ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին։
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հետ պատուիրակութիւնը քննարկեց նախարարութեան հետ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նախարար Յարութիւնեանին ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ նշեց, որ այս տարի կ’ամբողջանայ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 30-ամեակը։ ՀՄԸՄ-ը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 1997-էն ի վեր մաս կը կազմէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։ Ան մասնաճիւղեր ունի Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ։
Իր կարգին, նախարար Արայիկ Յարութիւնեան փափաք յայտնեց մօտէն ծանօթանալու ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դաստիարակչական ծրագիրներուն եւ համապատասխան ձեւերով օգտագործելու զանոնք։
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին այցելելով, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ գործակցութեան համար։ Պատուիրակութիւնը արծարծեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւն-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ համագործակցութեան հեռանկարները։
…ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄՕՏ
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Էջմիածին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հետ եւ միութեան շնորհակալութիւնը փոխանցեց 100-ամեակի տօնակատարութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հովանաւորութեան համար։ Պատուիրակութիւնը քննեց ՀՄԸՄ-ի հայաստանեան կառոյցին հետ գործակցութեան կարելիութիւնները։ Այս առիթով, պատուիրակութիւնը Նաթան Արք.ին յանձնեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին փոխանցուելիք 100-ամեակի յուշանուէրը։