Տարագիր Քեսապահայութեան հետ հանդիպեցաւ Սուրիոյ Սիւննի Իսլամ Գերագոյն Մուֆթին

\n

 

\n

\n

Սուրիական հանրապետութեան Սիւննի Իսլամ Գերագոյն Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսուն Ապրիլ 14-ին այցելեց Լաթաքիոյ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Այս մասին կը յայտնէ  PERIO NEWS-ը։

\n

Շէյխ Հասսունի կ՛ընկերակցէին Լաթաքիոյ նահանգապետը:

\n

Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսուն, Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներէն եւ ազգայիններէն տեղեկանք ստացաւ եկեղեցւոյ տարածքին հաստատուած Քեսապէն տեղահանուածներու մասին, հետաքրքրուեցաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց կարիքներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ մխիթարական խօսքեր արտասանեց:

\n

Մուֆթին շեշտը դրաւ իսլամ-քրիստոնեայ եղբայրութեան եւ յատկապէս պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած տարապանքը՝ Մեծ եղեռնը:

\n

Ապա Մուֆթիի ձեռամբ Պատուոյ գիր յանձնուեցաւ Քեսապի հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանին, իր ցուցաբերած դժուարին աշխատանքներուն համար:

\n

Քեսապահայութեան անունով խօսք առաւ Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեան, որ իր կարգին երախտագիտական խօսք արտասանեց Սուրիական հանրապետութեան Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսունին եւ իր պատուիրակութեան:

\n


\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.