Տինքի Սպանութեան Համար Մեղաւոր Ճանչցուած Են Կիւլենական Շարժումի Անդամ Նախկին Ոստիկանապետներ
Յուլիս 16, 2021Պոլսոյ դատարանը ներկայացուցած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին վերաբերեալ մանրամասն վճիռը` Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական ճանչցուած կիւլենական շարժումի ղեկավար Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները մեղադրելով սպանութեան կազմակերպման յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» օրաթերթը: 4532 էջնոց վճիռին ...