Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղած Են Աջակցելու Արցախի Հայկական Ժառանգութեան Կառոյցներուն Վրայ Տեսախցիկներու Տեղադրման

Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն ապահովելու, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ քայլերու ձեռնարկէ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ` տեսախցիկներ տեղադրելով:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Միրիամ Լեքսման «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրառում կատարած է` կցելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթ Մեցոլային հասցէագրուած ծաւալուն նամակի բովանդակութիւնը:

«Մենք` Եւրոպական խորհրդարանի ներքոստորագրեալ անդամներս, անհանգստացած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հազարամեայ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման անմիջական սպառնալիքի ներքեւ` միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշման խիստ խախտումով: Այդ կառոյցները մեր Եւրոպական ժառանգութեան կարեւոր մասը կը կազմեն, եւ մեր պարտքն է ապահովել անոնց պահպանութիւնը: 2020 թուականի պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ աւերուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան խորհրդանշական կառոյցները, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, իսկ հայկական արձանագրութիւնները ջնջուած են հայկական եկեղեցիներու եւ տապանաքարերու պատերէն», ի միջի այլոց նշուած է նամակին մէջ:

Նամակը ստորագրած են շուրջ 50 երեսփոխաններ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Կիպրոսէն, Շուէտէն, Նետերլանտներէն, Պուլկարիայէն, Իտալիայէն, Սլովաքիայէն, Աւստրիայէն, Յունաստանէն, Լիթուանիայէն, Հունգարիայէն, Խրուաթիայէն, Չեխիայէն եւ Սլովենիայէն:

Comments are closed.