Արմէն Դուրեան կը մասնակցի ՆԱՍԱ-ի «Մարս 2020» հրատագնացի ծրագրին

 

Հրատը (Mars) արեգակնային համակարգի արեգակէն հեռաւորութեամբ չորրորդ ու չափերով եօթերորդ մոլորակն է: Հրատի զանգուածը կը կազմէ երկրի զանգուածին 10,7 տոկոսը: ՆԱՍԱ-ի գիտնականները վերջին 10 տարիներուն ընթացքին մի քանի բացայայտումներ կատարեցին Հրատ մոլորակին վերաբերեալ:

Ուրախալի է նշել, որ ՆԱՍԱ-ի մէջ աշխատող երիտասարդ հայ գիտնականներուն թիւը տարուէ տարի կ’աւելնայ: Արմէն Դուրեանը արդէն 8 տարի է, որ կ’աշխատի ՆԱՍԱ-ի մէջ: Իր մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»ի լրագրող Արմինէ Ամիրեան։ «Երբ սկսայ այստեղ աշխատիլ, հայ աշխատողներուն թիւը քիչ էր, բայց այժմ հայերուն թիւը աւելցած է,- կը բացատրէ Դուրեան,- հայերը խելացի են եւ աշխատասէր»: Արմէն Դուրեանը կ’աշխատի այժմ «Մարս 2020» չափազանց կարեւոր ծրագիրին վրայ: «Մարս 2020»ը «Մարս 2012»ին ստեղծուած հրատագնաց մեքենային նոր եւ աւելի զարգացած տարբերակն է, որ 2020-ին պիտի գործուղղուի», կը յայտնէ Դուրեան:

«Մարս 2020»ը համախմբեր է հազարաւոր գիտնականներ: Նախագիծը կեանքի կոչելու համար կը պահանջուի 7-10 տարի: Արմէն Դուրեանը կ’աշխատի փորձարկումներու խումբին մէջ, որ ստեղծուած մանր մասերը իրարու միացնելէ ետք կը փորձարկէ: Չափազանց խելացի այս մեքենան բաղկացած է հազարաւոր կտորներէ:

«Ես շատ հպարտ եմ, որ այս ծրագիրին մաս կը կազմեմ: Քիչեր են, որոնք կրնան աշխատակցիլ նման ստեղծագործութեան մը ծրագիրին, որ պիտի երթայ եւ ուրիշ աշխարհներ յայտնաբերէ: Շատ ուրախ եմ, նաեւ, որ ուրիշ հայեր ալ կան այս ծրագիրին մէջ, որ համաշխարհային մեծ իրադարձութիւն մը կը համարուի», կ’ըսէ Դուրեան:

ՆԱՍԱ-ն կը ծրագրէ 2020 թուականին Հրատ ուղարկել «Քուրիօ սիթի»ի օրինակով ստեղծուած մեքենայ մը եւս: Այս նախագիծը Հրատի ուսումնասիրման բազմամեայ ծրագրին բաղկացուցիչ մէկ մասն է: Նոր հրատագնացի ստեղծման համար տնօրէնութիւնը մտադիր է օգտագործել ժամանակին «Քուրիօ սիթի»ի համար պատրաստուած պահեստամասերը: Մասնագէտները համոզուած են, որ մեքենան համալրուած է աւելի ճշգրիտ գիտական սարքերով եւ Հրատի վրայ վայրէջք կը կատարէ աւելի կատարելագործուած համակարգով:

«Այս ծրագիրը սկսաւ 3-4 տարի առաջ, կամաց-կամաց աշխատակազմը կը մեծնայ: Սկիզբը մօտաւորապէս 100 հոգի էինք, հիմա քանի մը հարիւր հոգի ենք, քանի մը տարիէն քանի մը հազար կրնանք ըլլալ: Այս մեքենաները Հրատի վրայ պիտի գործեն, որ շատ հեռու է մեր երկրէն, Հոսկէ հոն որեւէ նշան ղրկելը մօտաւորապէս 15 վայրկեան կը տեւէ, երբեմն ալ աւելի՝ ըստ մեր աշխարհին ու Հրատ մոլորակին ի՛նչ հեռաւորութեան վրայ գտնուելուն, հետեւաբար մենք չենք կրնար հեռաղեկով մը ուղղել զայն, այլ առանձին պէտք է կարենայ որոշում առնել: Անոր չորս կողմը տեղադրուած են տեսախցիկներ, որոնցմով առնուած նկարներուն հիման վրայ պիտի կազմէ քարտէս մը եւ անով առաջնորդուի: Մենք պարզապէս նախագիծ մը դրած կ’ըլլանք, թէ իւրաքանչիւր օր ուրկէ՛ պէտք է սկսի եւ ո՛ւր կանգ առնէ օրուան աւարտին: Ամենակարեւոր կէտը այն է, որ ասիկա իսկական մարդամեքենական կազմուածք ունի, որպէսզի կարենայ որոշումներ կայացնել առանց մեր միջամտութեան»:

Վերջերս ՆԱՍԱ-ն յայտարարութիւն մը եւս ըրաւ, ըստ որուն ամրան ամիսներուն Հրատի կիրճերուն եւ խառնարաններուն մէջ հեղուկ ջուր մը կը հոսի: Արմէն Դուրեանը այսպիսի յայտարարութիւններու նախագիծերուն մաս կազմելուն իր ուրախութիւնը յայտնելու կողքին նշեց, որ շատ յաճախ իր փորձն ու գիտելիքները կը կիսէ նաեւ երիտասարդ հայերու հետ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.