ՀՀ Ոստիկանութիւնը Հրապարակած է Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Նախնական Ցուցակները

Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով եւ ժամկէտին մէջ հրապարակուած են ՀՀ Ազգային ժողովի 2017-ի Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն նախնական ցուցակները, կը տեղեկացնեն ՀՀ ոստիկանութենէն:

Ցուցակները փակցուած են ընտրական տեղամասերուն մէջ: Անոնք պիտի տեղադրուին նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան www.police.am պաշտօնական կայքին մէջ` ներբեռնելու հնարաւորութեամբ:

Ընտրողներու ցուցակներուն ծանօթանալու ժամանակ՝ անճշտութիւններ յայտնաբերելու պարագային՝ մինչեւ 2017-ի Մարտ 23-ը ատոնք սրբագրելու համար կրաք դիմել լիազօր մարմնին` տարածքային անձնագրային ծառայութիւն կամ անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն:

Լիազօր մարմինը դիմումը ստանալէ ետք 5 օրուան ընթացքին, սակայն ոչ ուշ քան մինչեւ 2017-ի Մարտ 25-ը, բաւարար հիմքերու առկայութեան պարագային ընտրողներու ցուցակին մէջ պիտի կատարէ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կամ ուղղումներ` այդ մասին գրաւոր տեղեկացնելով դիմողին:

Կը տեղեկացուի նաեւ, որ ընտրացուցակներու ճշգրտման, անճշտութիւններու վերաբերեալ հաղորդումներ ընդունելու նպատակով 2017 թուականի Փետրուար 21-էն ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան մէջ կը գործէ «թէժ գիծ» ծառայութիւն` 011-37-02-36 հեռաձայնի թիւով:

Comments are closed.