«Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեանը Մահացած է

Որպէս «Հաց բերող» յայտնի Արթուր Սարգսեանը այսօր «Արմենիա» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է: Այդ մասին «Ազատութեան» յայտնած է Սարգսեանի փաստաբան Դաւիթ Գիւրջեանը:

Այլ մանրամասնութիւններ փաստաբանը դեռ չի փոխանցեր:

Անցեալ ամառ Ոստիկանութեան ՊՊԾ գոընդի տարածքը գրաւած «Սանսայ ծռեր» զինուած խումբի գործով կալանաւորուած Արթուր Սարգսեանը կը մեղադրուէր զինուած խումբին օժանդակելուն մէջ․ գունդի տարածքը գրաւելու օրերուն ան մեքենայով ճեղքած էր ոստիկանական պատն ու սնունդ տարած գունդի տարածք:

Դեկտեմբերի վերջին, հաշուի առնելով առողջական վիճակը, Սարգսեանին ազատ արձակած էին: Փետրուար 9-ին, սակայն, դարձեալ կալանաւորած էին․ Յատուկ քնչական ծառայութեան կալանքի հիմք համարած էր այն, որ Սարգսեանը Փետրուար 3-ին չէր ներկայացած քննչական մարմին: Կրկին անազատութեան մէջ յայտնուելու յաջորդ օրուընէ ան անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էր: 25 օր հացադուլի մէջ մնալէ ետք՝ Մարտ 6-ին Ազգային ժողովի 27 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ «Հաց բերողը» կրկին ազատ արձակուած էր եւ տեղափոխուած «Արմենիա» բժշկական կեդրոն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.