Բացատրական Մը Հայաստանի Ընտրութիւններուն Մասին

ՀԱՅԿ ԳԱՅՍԷՐԵԱՆ

Ապրիլ 2ին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ:

Նոր Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, այս մէկը առաջին քուէարկութիւնն է, որ ընտրուողներուն աննախընթաց իշխանութիւն պիտի տայ: Միւս կողմէ, քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ համաձայն նոր ընտրական օրէնքին, որ որդեգրուեցաւ մասնակից կուսակցութիւններուն եւ հոսանքներու մեծամասնութեան կողմէ:

Այս յօդուածը պիտի փորձէ ընտրական գործածուող բառապաշարէն անդին անցնիլ (օրինակ՝ «ռէյթինկային», «համամասնական») ու պարզօրէն բացատրել գործընթացը, որ պիտի վճռէ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Ըսինք, որ այս ընտրութիւնները նոր Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք առաջիններն են: Ի՞նչ կը նշանակէ այս:

Ա) Յառաջիկայ նախագահական ընտրութենէն ետք՝ 2018ին, նախագահի պաշտօնը պիտի վերածուի զուտ արարողակարգայինի՝ ի տարբերութիւն ներկայ դրութեան, ուր գործադիր շատ լայն իրաւասութիւններ տրուած են նախագահին (ներառեալ ամբողջական հակակշիռ պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներէն ներս):

Բ) Հետեւաբար, Ազգային ժողովը, որ պիտի ընտրուի յառաջիկայ Ապրիլին, պիտի հանդիսանայ երկրի գլխաւոր օրէնսդիր ուժը: Անիկա պիտի առաջարկէ վարչապետ մը, որ նախագահին կողմէ նշանակուելէն ետք, պիտի կազմէ կառավարութիւնը, որուն անդամները այլեւս պիտի չկարենան մաս կազմել Ազգային ժողովին: Խորհրդարանը բարձրագոյն մարմինը պիտի ըլլայ, որմէ պիտի բխի երկրին իշխանութիւնը:

Գ) Այն կուսակցութիւնը, դաշինքը, կամ համախոհութիւնը (կոալիցիա), որ մեծամասնութիւն պիտի ունենայ Ազգային ժողովին մէջ, պիտի կազմէ կառավարութիւնը: Խաղաղութեան օրերուն, կառավարութիւնը, իբրեւ հաւաքական մարմին, պիտի վարէ երկրին գործերը, մինչ պատերազմի պարագային, վարչապետը պիտի ստանձնէ բանակին գերագոյն հրամանատարի պատասխանատուութիւնը:

Դ) 101 երեսփոխաններէ բաղկացած Ազգային ժողովի մնացեալ կուսակցութիւնները կամ դաշինքները պիտի կազմեն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, նուազագոյնը 33 եւ առաւելագոյնը 46 տոկոսով:

Կուսակցութիւնները ժողովրդային քուէներու 5, իսկ դաշինքները 7 տոկոսը պէտք է ստանան Ազգային ժողով մտնելու համար: Եթէ ընդդիմադիրները կամ դաշինքները 33 տոկոսը չեն կազմեր Ազգային ժողովէն ներս, անոնց պիտի տրամադրուին յաւելեալ աթոռներ, ինչ որ երեսփոխաններու թիւը 101էն աւելիին պիտի բարձրացնէ:

Ե) Հետեւաբար, ընդդիմութիւնը իրաւասութիւնը պիտի ունենայ կառավարութիւնը հաշուետուութեան ենթարկելու բոլոր հիմնական հարցերու կապակցութեամբ, բան մը, որ ներկայիս գործող համակարգէն ներս գոյութիւն չունի:

Զ) Միայն կուսակցութիւններ կամ դաշինքներ կրնան մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն (անհատներ չեն կրնար ներկայանալ), եւ ներկայ կիսանախագահական դրութեան վերացումով, նոր սահմանադրութիւնը կը ստեղծէ քաղաքական այնպիսի դաշտ մը, ուր կիզակէտը ոչ թէ անհատներն են, այլ՝ հաւաքական իշխանութիւնը (կուսակցութիւններ կամ դաշինքներ):

Է) Նոր որդեգրուելիք օրէնքներով, դատական իշխանութիւնը գործադիրէն ամբողջութեամբ անկախ պիտի ըլլայ, երաշխաւորելով պետական իշխանութեան երեք բնագաւառներու (գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական) փոխադարձ հաւասարակշռութիւնն ու հակակշիռը:

Ը) Ընտրական նոր օրէնքին շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան եւ համաձայնութիւն գոյացաւ այս ընտրութիւններէն առաջ: Նոր օրէնքը կը բացառէ կրկնակի քուէարկութիւնը, կամ նման զեղծարարութիւններ, առաջադրելով տեղադրել քուէարկութեան ելեկտրոնական սարքեր եւ ընտրական տեղամասերու մէջ ապահովել նկարահանման եւ ուղղակի սփռումի համակարգ, ինչպէս նաեւ հսկումի աւելի լայն կարելիութիւն, քան՝ ինչ որ ցարդ գոյութիւն ունէր (ներառեալ՝ քուէարկած անձերու անուանացանկի հրապարակում):

Թ) Ընտրական նոր օրէնքը գործնական գետնի վրայ չի կրնար (եւ պիտի չկարենայ) առաջքը առնել ընտրակաշառքներուն, որոնցմով յատկանշուած էին նախորդ ընտրութիւնները: Հետեւաբար, քուէն գնողին ու վաճառողին միջեւ համաձայնութիւնը կանխաւ կրնայ գոյանալ: Ի հակակշիռ այս կարելիութեան, մասնակից կուսակցութիւնները եւ դաշինքները կոչ կ՛ուղղեն քաղաքացիներուն, որ նման քայլի չդիմեն՝ ի սէր երկրի ապագային ու իրենց բարօրութեան:

Իսկ ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին երեսփոխանները:

Ա) Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կամ դաշինք Ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) քով արձանագրած է իր բոլոր թեկնածուները. համապետական համեմատականի թեկնածուներու ցանկը եւ 15 անձերէ բաղկացած երկրորդ ցանկ մը՝ Հայաստանի 13 ընտրաշրջաններէն իւրաքանչիւրին համար:

Բ) Քաղաքացիները պէտք է քուէարկեն իրենց ապրած շրջանին մէջ:

Գ) Երբ մտնեն ընտրական տեղամաս, իրենց պիտի տրուին 9 ընտրաթերթիկներ (իւրաքանչիւրը մէկ կուսակցութեան կամ դաշինքի անունով) եւ քուէախցիկին մէջ, պիտի զատեն միայն մէկ թերթիկ (մնացեալը պիտի նետեն խցիկի աղբամանին մէջ) եւ զայն դնեն յատուկ պահարանի (ծրար) մէջ: Այս ձեւով անոնք քուէարկած պիտի ըլլան իրենց նախասիրած կուսակցութեան կամ դաշինքին ի նպաստ:

Դ) Այդ նոյն քուէաթերթիկին վրայ պիտի ըլլան նաեւ նոյն այդ ընտրաշրջանին մէջ իրենց ընտրած ուժին թեկնածուները: Այդ ցուցակէն եւս պիտի ընտրեն ՄԷԿ անուն:

Ե) Ազգային ժողով մտնող իւրաքանչիւր կուսակցութեան երեսփոխաններուն կէսը պիտի ընտրուի հիմնական ցանկէն, իսկ մնացեալը՝ շրջաններու ցանկերէն: Օրինակի համար, եթէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը շահեցաւ 50 աթոռ, ատոնց կէսը պիտի ըլլայ համապետական համեմատական ցանկէն, իսկ միւս կէսը՝ շրջաններու մէջ իրենց առաջադրած ցանկերէն:

Զ) Եթէ կուսակցութիւն մը կամ դաշինք մը ստանայ քուէներու առնուազն 54 տոկոսը, իրաւունք պիտի ունենայ առանձնաբար կառավարութիւն կազմելու՝ իր նշանակած վարչապետով: Իսկ եթէ կողմ մը ստանայ ժողովրդային քուէներու 50 տոկոսէն աւելին, բայց նուազ քան 54 տոկոսը, անոր պիտի շնորհուին յաւելեալ աթոռներ, որպէսզի ունենայ Ազգային ժողովի 54 տոկոսը, ինչ որ երեսփոխաններու թիւը 101էն աւելիի պիտի բարձրացնէ:

Է) Եթէ ոչ մէկ կողմ ստացած է քուէներու 50 տոկոսէն աւելին, այդ պարագային պիտի բանակցին այլ ուժերու հետ, որպէսզի համախոհական կառավարութիւն կազմեն: Այս ձեւի կառավարութիւն մը կրնայ կազմուիլ առաւելագոյնը 3 ուժերու մասնակցութեամբ, պայմանով որ հաւաքաբար 54 տոկոսէն աւելի ունեցած ըլլան:

Ը) Եթէ նման բանակցութիւններէ ետք կարելի չըլլայ կառավարութիւն կազմել, այդ պարագային ընտրութիւններու երկրորդ փուլ մը տեղի պիտի ունենայ՝ բարձրագոյն երկու տեղերը գրաւած կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու միջեւ: Մնացեալ կուսակցութիւնները պիտի պահեն Ազգային ժողովէն ներս իրենց ստացած աթոռները, բայց ոչ՝ Ազգային ժողովին մէջ իրենց տոկոսային համեմատութիւնը, որովհետեւ երկրորդ փուլին յաղթող կողմը պիտի ստանայ աթոռներուն 54 տոկոսը, այս ձեւով Ազգային ժողովի անդամներուն թիւը բարձրացնելով 101էն աւելիի:

Թ) Ներկայ ՀՀի Ազգային ժողովի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացուած պիտի ըլլան (Եզիտիներ, Ռուսեր, Ասորիներ եւ Քիւրտեր): Ազգային ժողով մտած ուժերու փոքրամասնական թեկնածուները (որոնք նշեալ ուժերու թեկնածուներու ցանկին վրայ են), պիտի ընտրուին իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Նշեալ չորս փոքրամասնութիւնները աթոռ պիտի ունենան 101է աւելի հաշուող Ազգային ժողովէն ներս ու անոնց քուէարկելու իրաւունքները պիտի սահմանուին ըստ պատշաճի:

(Անգլերէնէ թարգմանուած՝

Վաչէ Բրուտեանի կողմէ)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.