Հրապարակուած Է ՀՄԸՄի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակին նուիրուած «Մարմնամարզ» Հատորը

 

Գիրք մը լոյս տեսաւ վերջերս, լոյս տեսաւ շատ գրքերու նման՝ անաղմուկ, կարծես ամօթխած կերպով գալով հրապարակ։ Մինչդեռ ամեն պատճառ կայ, որ անոր ծնունդը հպարտօրէն ծանուցուի ու ծանօթացուի։

Սովորական գիրք մը չէ ան. յաճախ չէ, որ նման հրատարակութիւններ մէջտեղ կու գան։ Արդիւնք՝ երկարամեայ աշխատանքի, ամենէն կարեւոր հատորներէն մէկն է ան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուածներուն մէջ, բայց ի տարբերութիւն ուրիշներու, ան ոչ թէ յետ կը նայի, այլ՝ յառաջ։ Այս՝ հակառակ անոր, որ ան կը վերարտադրէ մեզմէ աւելի քան դար մը առաջ լոյս տեսած պարբերաթերթի մը խտացեալ, ուստի եւ ա՛լ աւելի ազդու դարձած բովանդակութիւնը։

Ինչի՞ մասին է խօսքը։

ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶ պարբերաթերթին, որ լոյս տեսած է չորս տարի միայն՝ 1911-1914, իրաւամբ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր նկատուող Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ խմբագրուած ու հրատարակուած, նախ քան իր ալ նահատակութիւնը՝ ի շարս հայ մտաւորական ընտրանիին։

Ահա ուրեմն մեր սեղանին է անոր քառամեայ բովանդակութենէն ծաղկաքաղ մը՝ ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ ՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶ – ՄՇՏԱԶՕՐ ԱՒԱՆԴ, ԱՆՇԷՋ ՋԱՀ տիտղոսով ու 468 մեծադիր եւ պատկերազարդ էջերով պատկառելի հատոր մը, տպուած Լոս Անճելըս 2016-ին, համադրուած՝ կազմուած ու խմբագրուած բժ. Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ։ Անուններու նոյնութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ։ Բժիշկը եղբօր թոռն է Մեծ Շաւարշին։

Բայց ո՞վ էր հազիւ 29 տարի ապրած այս հայորդին, որ իր անջնջելի հետքը ձգած է մեր ազգի յառաջընթացին վրայ։

Ծնած Պոլիս, 1886-ին, յաճախած Պէշիկթաշ թաղի Մաքրուհեան ազգային, Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն, ապա Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանները, շրջանաւարտ՝ Ռոպըրթ գոլէճէն, Փարիզի մէջ հետեւած է համբաւաւոր մարմնակրթիչ Տըպոնէի դասընթացքներուն, վերջապէս Լոնտոնի աշխարհահռչակ Սանտոյի մարմնակրթական բարձր հիմնարկէն վկայուած է որպէս մասնագետ ուսուցիչ եւ մարզիչ։ 1909-ին վերադարձած է Պոլիս ու ոգի ի բռին նուիրուած հայ նոր սերունդի մարմնակրթանքին՝ դասախօսութիւններով, դասընթացքներով, ուսուցչութեամբ, մարզահանդէսներու ու առաջին հայկական ողիմպիական խաղերու կազմակերպութեամբ, մարզական ակումբներու ստեղծումով Պոլիս թէ գաւառները, նոյնիսկ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), ուր 1912-ին հիմը դրած է ԿԱՄՔ-ին։ Նոյն տարին «Մարմնամարզ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ կայացուցած է Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան հիմնադիր-ծրագրային առաջին համաժողովը (թէեւ ՀՄԸՄ-ը 1918-ին միայն վերջապէս շօշափելի իրականութիւն դարձաւ ձեռամբ իր վերապրած գործակիցներուն ու հետեւորդներուն)։ Իր մղումով է, որ 1912-ի Սթոքհոլմի միջազգային Ողիմպիականին երկու հայ մարզիկներ մասնակցած են որպէս Օսմանեան կայսրութեան միակ ներկայացուցիչները…

Շաւարշ Քրիսեանի մեծագոյն՝ անշէ՛ջ աւանդը սակայն կը հանդիսանայ պարբերաթերթը, որուն նուիրած է իր կեանքի վերջին չորս տարիները, եւ «որուն գլխաւոր ու գրեթէ միակ նպատակը պիտի ըլլայ հայերէն գիտցողներուն հասկցնել, թէ ամեն բանէ առաջ մարդ կենդանի մըն է ու պարտաւոր է, իբր բանաւոր էակ, իր ունեցածը, այսինքն՝ մարմինը խնամել եւ բարելաւել», կը գրէ ան «Մարմնամարզ»-ի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ. յայտնելով նաեւ, որ ապահոված է մանկավարժներու, բժիշկներու ու բնախօսներու ալ մասնակցութիւնը։ «Մէկ խօսքով մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել, եւ մարդեր են որ մեզի կը պակսին», կ՚աւելցնէ ան։

Ներկայ հատորը կազմող բժիշկ Շ. Քրիսեան յաջողած է ունենալ «Մարմնամարզ»-ի ամբողջական հազուագիւտ հաւաքածոներէն մէկը ու քաջալերուած Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի այդ ուղղութեամբ ունեցած նախաձեռնութիւններէն ու բարոյական աջակցութենէն՝ որոշած է հրատարակել սոյն աշխատանքը ու անվճար տրամադրելի դարձնել հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու փափագողներուն։

Ներածականէն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքերէն ու խմբագրին «Դարադարձային ոգեկոչում եւ կոչ» առաջնորդող յօդուածէն ետք գիրքը կը ներկայանայ հետեւեալ բաժիններով՝ Շաւարշ Քրիսեան առաջնորդը, խմբագիրը, համակարգողը, դաստիարակը, կանանց յառաջդիմութեան դրօշակիրը, լրագրողը ու մարզիչը։ Իւրաքանչիւր բաժինի սկիզբը զետեղուած է նոյնպէս ներածական մը հատորը կազմողին կողմէ, ապա կը յաջորդեն «Մարզաշխարհ»-ի այդ չորս տարիներէն պատկերատիպ էջեր, որոնք կը բացայայտեն Շաւարշ Քրիսեանի վերոյիշեալ յատկանիշերը։ Այդ էջերուն մէջ կը կարդանք խմբագրականներ, առաջնորդող յօդուածներ, աշխատակիցներու գրութիւններ, հայկական ու միջազգային մարզական իրադարձութիւններու անդրադարձեր, լուրեր, ծանուցումներ մարզական նախաձեռնութիւններու, այլեւ լուսանկարներ մարզիկներու, մարզական ձեռնարկներու եւ այլն, եւ այլն։ Այս բաժիններուն ալ կը հետեւին այլապէս հետաքրքական երկու այլ բաժիններ՝ «Վկայութիւններ, մտածումներ, մէջբերումներ» ու «Շաւարշ Քրիսեանի ժառանգը, շարունակութիւն, Արարատ Քրիսեան» (որ բժիշկին հայրն էր ու մարմնամարզի երկարամեայ վաստակաւոր դաստիարակը Գահիրէի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան)։

Այս ակնարկը կարելի չէ աւարտել առանց անդրադառնալու բժիշկ Քրիսեանի հիմնական մտահոգութեան ու տարիներէ ի վեր ջատագոված գաղափարին՝ հայ կեանքէ ներս որակական փոփոխութեան մը անհրաժեշտութեան առնչութեամբ։ Ան կը գրէ իր առաջնորդող յօդուածին մէջ. «Միթէ դժուա՞ր է ըմբռնել հսկայական եւ անհամեմատօրէն “աժան” այն ճանաչումը, զոր ողիմպիական երեւելի ախոյեան մը կամ խումբ մը կը բերէ իր երկրին ու ազգին, երբ միջազգային հեռատեսիլներու ոսպնեակները իր յաղթանակէն ետք կը կեդրոնանան իր շապիկի արձանագրութեան՝ օրինակ՝ Armenia“-ին եւ պարզուող դրօշին վրայ, մինչ կը հնչէ պետութեան մաղթերգը: Կարելի՞ է մատնանշել ուրիշ որեւէ երեւոյթ կամ պարագայ որ նոյնիսկ փոքր ինչ չափով ընծայէ նման ոսկեայ առիթ՝ ազգային ինքնութեան միջազգային ծանուցման, հսկայածաւալ ճանաչումին եւ համակրանքին՝ պարգեւած ազգային հպարտութեան զուգահեռ»։ Իսկ քիչ անդին կ՚աւելցնէ. «Հայ գոյատեւող զանգուածները, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, անտեսուած, անգիտացուած բայց եւ անյետաձգելի ու անմիջական կարիքը ունին ժամանակակից ու անվիճելի միջազգային հայ հերոսներու, իմա՝ ակնյայտ ու երեւելի մարզիկ գեր-ախոյեաններու եւ խումբերու՝ արագ եւ վստահ վերագտնելու համար ազգային պատկանելութեան անվրէպօրէն ջերմացնող ու կապող զգացումը»։

Այս հատորի հրատարակութիւնը քայլ մըն է, համեստ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ մտքերը գրգռելու համար։ Բժիշկ Շաւարշ Քրիսեան իր ճիտին պարտքն է կատարեր։ Մեզի կը մնայ, անհատաբար թէ հաւաքաբար անսալ «Մարմնամարզ»-ի Շաւարշի պատգամին ու կոչին ու մեր կարգին կատարել մե՛ր ճիտին պարտքը…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 Ծանօթ.– Գրքէն անվճար օրինակ մը ստանալու համար դիմել բժ. Շաւարշ Քրիսեանին՝

shavarsh_chr@msn.com 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.