Մենաշնորհներ, «խոշոր խաղացողներ» եւ տնտեսական արդար քաղաքականութեան հրամայականը

 

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնական կայքէջը կը յորդի աննախընթաց ներոյժով։ Կառավարութեան անդամները – թէկուզ ժամանակաւոր հանգամանքով – արդէն իսկ հրահանգ ունին նոր թափով գործի լծուելու և ծրագիրներ կեանքի կոչելու։ Ըստ Պր. Վարչապետի յայտարարութեան, այդ ծրագրերը շուտով պիտի ներկայացուին կառավարութեան նիստին և անոնց հիման վրայ վերջնական ձև պիտի ստանայ և հրապարակուի կառավարութեան քաղաքականութիւնը։

 «Ակնկալում եմ շատ համարձակ, գործնական քայլեր», ըսած է նորանշանակ Վարչապետը կառավարութեան նիստին միաժամանակ շեշտելով, որ իր դահլիճի անդամները պիտի ըլլան «կառավարման նոր մշակոյթի կրողներ»։ Կասկած չկայ, որ այս բառապաշարը ինքնին տպաւորիչ է և Պր. Վարչապետին դրած խնդիրները՝ կենսակա՛ն։ Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան թէ ի՞նչ քատրերէ պիտի բաղկանայ նոր վարչակազմը և ի՞նչ թափով Պր. Վարչապետը պիտի կարողանայ ճամբայ հանել այս նոր վարչամեքենան և թէ որքա՞ն շուտ պիտի արդիւնաւորուի անոր աշխատանքը։

 Այս հարցադրութիւնը յատկապէս այժմէական է այսօր, երբ կը տեսնենք, որ կառավարութեան աշխատանքի զգայուն բևեռներէն մէկը՝ Էկոնոմիկայի (Ազգային Տնտեսութեան) Նախարարութիւնը արագ ձևափոխման կ՚ենթարկուի Պր. Վարչապետին կողմէ և, ըստ էութեան, կը վերածուի ներդրումներու քաջալերման և սպասարկման կեդրոնի մը։ Յիշեցնենք, որ այս նախարարութիւնը ՀՀ Նախագահին հետ ստորագրուած համախոհական (coalition) պայմանագրով վստահուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան և ան դրուած է պատասխանատւութեանը տակ մեր երկրի փայլուն տնտեսագէտներէն՝ Նախարար Արծուիկ Մինասեանի։ Նախարարութեան աշխատանքի ծիրը ցարդ ընդգրկած է Հայաստանի տնտեսութեան գրեթէ ամբողջ տարածքը։ Ան եղած է քաղաքական ողնայարը մեր երկրի ազգային տնտեսութեան ոլորտին։ Այստեղ է, որ ճշտուած են ուղղութիւնները մեր երկրի տնտեսական քաղաքականութեան։ Այստեղ է, որ մշակուած է այդ քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը։ Ներդրումներու քաջալերումն ու սպասարկումը մէկ կողմնակի երեսն է միայն այդ մեծ և տարողունակ գործին։

 Իրականութիւնը այն է, որ հակառակ իր եօթնամսեայ ժրաջան և այլապէս բազմարդիւն գործունէութեան, Նախարարութեան ձեռքերը կաշկանդուած մնացին համակարգային մեծ փոփոխութիւններ կարելի դարձնելու մարզին մէջ։ Այս բանին համար պատասխանատու են նախկին վարչապետն ու իր ետին կեցած քաղաքական ուժերը։ Լիայոյս էինք, որ նորանշանակ Վարչապետին առաջին քայլերէն մէկը հանդիսանար այս նախարարութեան ուժականութիւններու լիարժէք վերականգնումը։ Կը թուի, թէ այդ չէ նախատեսութիւնը այսօր։ Եւ հարց է, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ տնտեսութեան ամբողջական վերահսկողութիւնը։

 Տնտեսութեան ոլորտէն ներս, մենաշնորհային համակարգին սիւները խախտելու և զայն վճռականօրէն լուծարքի ենթարկելու պատմական գործը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Դաշնակցութեան պլատֆորմին մէջ։ Այս առաքելութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը ստանձնած է Էկոնոմիկայի (Ազգային Տնտեսութեան) Նախարարութեան պատասխանատւութիւնը։ Մեր յստակ ակնկալութիւնն է այսօր, որ Վարչապետ Կարապետեանի տնտեսական քաղաքականութիւնը լիովին և անվերապահօրէն իւրացնէ այս առաքելութիւնը։

 Կ՚ուզենք անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ մենաշնորհային համակարգի լուծարման խնդրին մէջ, Պր. Վարչապետին յայտարարութիւնները այսօր մեծապէս մտահոգիչ կը գտնենք։ Սեպտեմբերի 14-ին, Ազգային Ժողովին հետ իր անդրանիկ հանդիպման ընթացքին, Պր. Վարչապետը ըրած է հետևեալ հաստատումը՝ «Մոնոպոլիաների մասով՝ դրանք միշտ չեն վատը։ Մոնոպոլիան ինչպէ՞ս է առաջանում. բնոյթից է կախուած՝ այն բնականո՞ն է, թէ՝ ոչ։ Շուկան փոքր է, և էֆէկտիւ աշխատանքի դէպքում շուկայի խաղացողներից մէկը կարող է մոնոպոլ դիրք շահել։ Բայց եթէ ինքը բնական դաշտում է անում, այլ ոչ թէ՝ ադմինիստրատիւ ռեսուրսի հաշուին, դա այլ բան է։»

 Թող ներուի մեզի ըսել, որ տնտեսագիտական թէականութիւններով յագեցած այս խօսքերը բոլորովին անտեղի են այս ճգնաժամային հարցի քննարկման մէջ։ Անտեղի և ապակողմնորոշի՛չ։ Պր. Վարչապետը քաջ գիտէ, թէ ի՞նչ է բնոյթը Հայաստանի մէջ գործող մենաշնորհային համակարգին։ Ան քաջ գիտէ, թէ ինչպէ՞ս գոյացած է ան և գիտէ, թէ ովքե՞ր են բեմին վրայ գործող շահատէրերը։ Նաև գիտէ, թէ լաւ մենաշնորհներ առհասարակ գոյութիւն չունին և չեն կրնար ունենալ։ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ ՎԱՏ ԵՆ՝ ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՉԱՓԱՆԻՇՈՎ։ Անոնք կը կեղեքեն երկիրը և կ՚իրաւազրկեն ժողովուրդը և կը քայքայեն ազգային տնտեսութեան հիմքերը։ Երբեմն պետութիւնն ու հասարակութիւնը հարկադրուած են պետականօրէն վերահսկուած ժամանակաւոր մենաշնորհներ ստեղծելու (պատերազմական բացառիկ պայմաններու մէջ) որպէսզի ճգնաժամային պարէնաւորման հարցեր լուծեն գիտակցելով հանդերձ, թէ ի՞նչ են տուեալ մենաշնորհի վնասները։ Մենք այս մենաշնորհներու մասին չէ, որ կը խօսինք։ Մենք կը խօսինք ազգային հարստութեան թալանի հիման վրայ ստեղծուած մենաշնորհային կայսրութիւններու մասին, որոնց կազմաւորման ականատեսը եղած է Պր. Վարչապետի սերունդը Հայաստանի մէջ։

Քաջալերուած Պր. Վաչապետին այս ելոյթէն, Հանրապետական Կուսակցութեան թևին պատկանող որոշ պատգամաւորներ առաջ քաշեցին նաև «խոշոր խաղացող»ի վարկածը ջանալով տարբերել զայն մենաշնորհային գործարարէն։ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ այդպիսի տարբերակում գոյութիւն չունի։ Գոյութիւն չունի նաև «փոքր շուկայ»։ Հայաստանի «Խոշոր խաղացող»ները կը գործեն նախկին Խորհրդային Միութեան «խոշոր շուկայ»ին մէջ։ Հայաստանի «խոշոր խաղացող»ները խոշոր են, քանի որ անոնք հազար տեսանելի և անտեսանելի միջոցներով փակած են Հայաստանի տնտեսութեան մուտքերը այլ ներդրողներու առջև և յաջողապէս «սեփականաշնորհած»՝ «խոշոր շուկային» հետ աշխատելու բոլոր ուղիները։

Մեր կարծիքով, Պր. Վարչապետը սխալ կ՚ընէ իր էութենէն պարպելով այն իսկ նախարարութիւնը, որ կոչուած է այս գործին շարժիչ ոյժը ըլլալու։ Մեր երկիրը պէտք ունի յստակ արդիւնաբերական քաղաքականութեան (industrial policy), որպէսզի կարողանայ աներկբայօրէն ուղղորդել տնտեսական առողջ, հետևողական և հեռահայեաց աճի գոյացման գործընթաց մը տնտեսութեան համար։ Զայն իրագործելու համար՝ երկիրը նաև պէտք ունի տնտեսական համապարփակ վարդապետութեան (doctrine) մը, որ Նախարար Արծուիկ Մինասեանի դիպուկ բնորոշումով՝ «պէտք է մեր տնտեսութեան բոլոր ուղղութիւններով անելիքները և տեսլականը ուղենշի»։ Այս արմատական մօտեցումով է, որ կարելի կը դառնայ տնտեսութեան մեծ տեղաշարժը։ Բոլոր այլ նախաձեռնութիւնները ի վերջոյ կ՚ապահովեն տնտեսութեան տեղքայլը միայն։

 Եթէ մենաշնորհային համակարգի լուծարման մեծ մարտահրաւէրին ընդառաջելու պատրաստ է Պր. Վարչապետը, ան չի կրնար ունենալ աւելի հզօր և վճռական գործընկեր մը երկրի քաղաքական դաշտէն ներս քան Դաշնակցութիւնը։ Բոլոր միւս հարցերէն աւելի այս հարցն է որոշիչը իր առաքելութեան։ Մեր տնտեսութիւնը պէտք է լայն բացուի իսկական ձեռներէցութեան առջև։ Ամէն գործարար պիտի գործէ իր սեփական րիսքերով փոխանակ իր րիսքերը փաթաթելու հանրութեան վզին։ Մենաշնորհային համակարգի տէրերը մեր երկրի մեծագոյն ձրիակերներն են։ Անոնց գոյութիւնը ոչ միայն կը վտանգէ մեր երկիրը, այլև բացէ ի բաց կ՚անարգէ մեր հաւաքական արժանապատւութիւնը։ Այս դաշտն է, որ երկրի բոլոր արդարախոհ ուժերը վճռականօրէն պիտի մաքրեն ամուր հիմերու վրայ դնելու համար մեր երկրի լինելիութիւնը և մեր տնտեսութիւնը բարձրացնելու աշխարհի առաջաւոր տնտեսութեանց մակարդակին։

 Կարօ Արմենեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.