«Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած յեղափոխական երգերու երեկոյ Քուէյթի մէջ

«Հայ յեղափոխական երգերը ոգեւորման եւ ներշնչման աղբիւր են։ Անոնք պայքարի ազդու զէնքեր եղած են ու կը մնան»։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան գանձարանը հարստացնող հիմնական գոհարներէն մէկը եղած է հայ երգը, ի մասնաւորի յեղափոխաշունչ երգը, որ իր ոգեւորիչ ազդեցութեամբ անմահացուցած է մեր յաղթանակի կերտիչները, իրենց ձեռք բերած անուրանալի նուաճումներով։

Ազգահայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու պահպանումն ու փոխանցումը սերունդէ սերունդ, սրբազան առաքելութիւն է, որովհետեւ անիկա փոխանցումն է պատմութեան յիշողութեան։

Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Երիտասարդական եւ «Հ. Դժոխք» Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Կազմը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017ին, նախաձեռնեց Յեղափոխական Երգերու երեկոյի մը, եւ զայն ձօնեց Հ.Յ.Դ.¬ի Վրիժառու բազուկներու «Նեմեսիս»ի գործողութեան։

Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի հովանաւորութիւնը վայելող սոյն երեկոն լիացաւ, կատարողութեամբ Տուպէյէն ժամանած, Քուէյթի հարազատ զաւակ՝ Ռաֆֆի Հալէպլեանի, երգեհոնի նուագակցութեամբ, Լիբանանահայ օրկանիստ Աւօ Ջայլեանի։

Սէրլի Թովմասեան իր բացման խօսքով անդարդարձաւ, 96 տարիներ առաջ Դաշնակցութեան ծրագրումով իրականացած «Նեմեսիս»ի սխրագործութեան, որու հերոսները Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ Շերէփի կուռ պատգամով, խորտակեցին հայ ժողովուրդին դիմաց ցցուած լռութեան պատը եւ վերականգնեցին արդարութեան նժարը։

«Վիտոշի Բազէն» երգով, սկիզբ առաւ երեկոյի առաջին բաժինը, ապա հնչեցին հին ու նոր տասնեակ երգեր, ինչպէս «Հայոց Մարտիկներ», «Արազի Ափին», «Քեռիի Յիշատակին», «Լերան Լանջին» եւ այլ երգեր, որոնց պատգամներով, յեղափոխական պատմութեան փառահեղ էջերը մէկ առ մէկ տողանցեցին եւ վերյիշում կատարեցին մէկ ու քառորդ դարու մէջ, արեան գնով ձեռք բերուած յաղթանակները։

«Գինի Լից» երգի ընթացքին Ք.Ե.Մականներու կատարողութեամբ գործադրուեցաւ կենդանի պատկեր մը, որ կը մարմնաւորէր «Նեմեսիս»ը ծրագրող մարմնի գաղտի ժողովն ու Թէհլիրեանի արդար գնդակով սատակած, Թալէաթ Փաշայի ահաբեկման խորհրդաւոր պատկերը, որ խրախուսեց հանդիսատէսը։

?????

Յայտագրի յաջորդ բաժնով Վարիչ Կազմի Ներկայացուցիչ՝ Յարութ Պետիրեան, կազմակերպիչ մարմնի խօսքը արտասանեց նշելով, որ Հայ ազգը յարատեւ պայքարի երկար կենսափորձ մը անցուցած է եւ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, որու յաղթահարման համար իր ուշադրութեան կիզակէտը կը դարձնէ երիտասարդութեան պատրաստութեան եւ դաստիարակութեան հարցերը։ Ան շեշտեց, որ որպէս Ք.Ք.Ե.Մ. Հ.Դ.Պ.Մ. հաւատալով հայ ազգի փառապանծ ապագային, մեր գրաւը այսօր կը դնենք մեր երիտասարդութեան վրայ եւ այս սուրբ գործին համար կը խոստանանք, որեւէ ճիգ չխնայել կատարելու մեր լաւագոյնն ու ազնուագոյնը։

Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ 16 պարման-պարմանուհիներու խոստման կարգի կնքահայր՝ Արմէն Արմուտճեան, որ իր սրտի խօսքը արտասանեց նորագիրներուն, պատգամելով անոնց, որ տէր դառնան այս դարաւոր կուսակցութեան նախանձելի աւանդին, նոյն վճրակամութեամբ շարունակեն իրենց պապերուն անխոնջ պայքարը եւ բծախնդրութեամբ ստանձնեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը, դառնալով օրինակելի Դաշնակցական Պատանիներ։

Ապա, Թեմիս Առաջնորդ Հայր Սուրբը, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն եւ այս խոստումը նկատեց, որպէս խթանիչ անկիւնադարձ, անոնց երթի շարունակման ճամբուն վրայ։

«Տունն իմ Հայրենի», «Պանք Օթոման», «Կովկասի Քաջեր» եւ «Լիզպոնի 5ին» երգերը իրենց թելադրականութեամբ ներշնչեցին ներկաները, ուր գործադրուեցաւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած կենդանի պատկեր մը, որ մարմնաւորեց սփիւռքահայ հերոսներու անձնասպանական գործողութիւնը, որոնք չէին համոզուած բնական մահով մեռնելու գաղափարին ու զոհը դառնալու ճակատագրի խաղերուն, այլ որպէս հայ դատի զինուոր, որոշած էին իրենց կեանքերը զոհել։

«Սուրիահայ Քաջեր» երգը Ռաֆֆիի մեկնաբանութեամբ յատուկ ոգի ստացաւ Սուրիոյ մեր անվեհեր տղոց սխրագործութիւնները պայծառացնելով։

Երեկոյի խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ աւելի քան 400 հաշուող քուէյթահայեր միաձուլուելով երգիչին առթած յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ, Հ.Յ.Դ.¬ի եւ Եռագոյն դրօշներով, իրենց մասնակցութիւնը բերին երգեցողութեան, ի մասնաւորի «Արիւնոտ Դրօշ»ի փակման երգին։

Քիչ մը աւելի ոգեւորուած եւ ներշնչուած, ներկաները հեռացան Ազգ. Վարժարանի շրջափակէն, իրենց հետ տանելով Պռօշիւր-գրքոյկ մը, որու առաջին էջերուն մէջ ամփոփուած էր «Նեմեսիս»ի պատմականն ու Վրիժառու Բազուկներու կենսագրականները, իսկ վերջին էջերը կþընդգրկէին 16 նորագիրներու խոստումնագրերը, որոնք իրենց սրտի հարազատ արտայայտութիւնները արձանագրած էին, անսակարկ նուիրումով պայքարը շարունակելու խոստումով։

Մարիա Սարգիսեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.