Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութիւն Նոր Զելանտիոյ Մէջ

Նոր Զելանտիոյ մէջ հայ համայնքի եւ հիւրերու ներկայութեամբ,  համայնքի փոխ ատենապետ եւ նորաստեղծ ծխական խորհուրդի անդամ Զաւէն Փանոսեան հանդիսաւոր կերպով ազդարարած է` հայ եկեղեցւոյ հիմնադրման սկիզբը: Ծխական խորհուրդը ստեղծուած է զբաղելու եկեղեցւոյ հիմնադրման աշխատանքներով: Եկեղեցին պիտի կոչուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։

Նոր Զելանտիայէն Հայերն այսօր-ին կը գրէ Գոհար Պաղտասարեան, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական պահպանման գործին, նաեւ անհնար է չգնահատել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դերը սփիւռքի հայապահպանման գործին մէջ: Ան կ’աւելցնէ, որ առ այժմ Ս. Պատարագ պիտի  մատուցուի ամիսը անգամ մը տարբեր եկեղեցիներու մէջ, մինչ հայ եկեղեցւոյ կառուցումը:

Աւելցնենք, որ Մարտ 18-ին, Սիտնիէն ժամանած Արժ. Տէր Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած է Ս. Պատարագ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.