Պատմական Խարբերդ Նահանգին Մէջ Յայտնաբերուած Նկարազարդ Ժայռաբեկորը Աւելի Քան 4000 Տարուան է

Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էլեազըղ (Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի նահանգ) նահանգին մէջ յայտնաբերուած ժայռաբեկորը, որուն վրայ առկայ են հնագոյն նկարազարդ արձանագրութիւններ, ունի 4.000 տարուան հնութիւն, կը յայտնէ «Թերթ»-է վկայակոչելով թրքական Arkeolojihaber.net-ը:

Անցեալ տարուան Մայիսին հնագէտներու կողմէ յայտնաբերուած ժայռաբեկորը տարուած էր Էլեազըղի հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկ-թանգարան, ուր ենթարկուած է մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան:

Հիմնարկ-թանգարանին մէջ պարզած են, որ 2 մ 72 սմ բարձրութեամբ եւ 2 մ 25 սմ լայնութեամբ սրբատաշ ժայռաբեկորը աւելի քան 4.000 տարեկան է:

Տեղացի հնագէտները կը պնդեն, որ նման նկարազարդումներով սրբատաշ քարեր կան միայն Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի տարածքներուն մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.