ՄԱԿի Մարդկային Զարգացման Վարկանիշին Մէջ Հայաստան Կը Գրաւէ 84րդ Տեղը

Հայաստան ՄԱԿի «Մարդկային զարգացման ինտեքս 2016»ի աշխարհի 188 երկիրներու ցանկին վրայ կը գրաւէ 84րդ տեղը: Հայաստանի ցուցանիշը 0.743 է, եւ այդ ցուցանիշով կը նկատուի մարդկային զարգացման բարձր մակարդակով երկիրներու շարքին:

ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի ամէնամեայ զեկոյցը հրապարակուած է Մարտ 21ին, Սթոքհոլմի մէջ: Նոյն զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Վրաստան կը գրաւէ 70րդ տեղը, Թուրքիան՝ 71րդ, Ատրպէյճանը՝ 78րդ, իսկ Իրանը՝ 69րդ:

Զեկոյցին համաձայն՝ մարդկային զարգացման ամէնէն բարձր մակարդակը ունեցող առաջին հինգ երկիրներն են Նորվեկիան, Աւստրալիան, Զուիցերիան, Գերմանիան եւ Դանիան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.