ՀՅԴ-ի Բազմամարդ Հանրահաւաք` Իջեւանի Մէջ. «Մեր Յենարանը Հայ Աշխատաւոր Քաղաքացին Է» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

Մարտ 28-ին Իջեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի բազմամարդ հանրահաւաք մը: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան դիմելով իջեւանցիներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց մեծ աջակցութեան համար: Ան նշեց, որ ընտրապայքարը արդէն իր աւարտին կը մօտենայ: Ժողովուրդը այս ընթացքին կրցաւ հետեւիլ քաղաքական ուժերու թէ՛ ծրագիրներուն, թէ՛ գործելաոճին:

«Կը մօտենանք մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան համար շատ կարեւոր ընտրութիւն մը: 2 ապրիլին պիտի ընտրուի ո՛չ միայն հերթական Ազգային ժողովը, այլեւ մենք առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի անկախութեան առաջին օրէն սկսեալ, պիտի ընտրենք խորհրդարանական հանրապետութեան կառուցուածքը», նշեց Մկրտչեան, ապա աւելցուց. «Ես այս մտաւորական քաղաքին` Իջեւանի մէջ կը դիմեմ ձեզի, սիրելի՛ ժողովուրդ, ճիշդ կողմնորոշուեցէ՛ք եւ Հայաստանի քաղաքացիին համար ամէնէն սուղ բաներէն մէկը` սեփական ձայնը, տուէք ձեր խիղճով, որովհետեւ այս ընտրութիւնը պիտի որոշէ յառաջիկայ 5-10 տարիներու մեր ապրելակերպը»:

Ապա Մկրտչեան կոչ ուղղեց քուէարկելու յօգուտ ՀՅԴ-ին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը 125 տարիէ ի վեր իր ժողովուրդին հետ կը քալէ: «Դաշնակցութիւնը ե՛ւ դժուարութիւններուն ժամանակ եղած է ժողովուրդին մէջ, ժողովուրդին հետ, եւ յաջողութիւններուն ժամանակ կիսած է զանոնք ժողովուրդին հետ: Ասիկա այն կուսակցութիւնն է, որ երբեք իր սկզբունքներուն չէ դաւաճանած, իր անունը չէ փոխած, ասիկա այն կուսակցութիւնն է, որուն համար գաղափարախօսութեան կարեւոր հիմնադրոյթը հայ տեսակին շարունակութիւնն է», հաստատեց ան:

Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն փաստը, որ բոլոր կուսակցութիւններն ալ լաւ խոստումներ կու տան, ապա յորդորեց նայիլ այդ կուսակցութիւններուն անցեալին ու ընթացքին եւ տեսնել, թէ ո՛ր կուսակցութիւնը ինչպիսի՞ ընթացքով շարունակած է իր ուղին առնուազն վերջին քանի մը տարիներուն:

«Հայաստանի անկախութեան տարիներէն Դաշնակցութիւնը, մտնելով Հայաստան, ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ: Մենք առաջիններէն էինք, որ կը պնդէինք, թէ Հայաստանը պէտք է ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական հանրապետութիւն ըլլայ: Այս ընթացքին մենք ձեր կողքին եղած ենք եւ մեր նուիրուածութեամբ, գործելաձեւով, աշխատանքով ցոյց տուած ենք, որ դուք, ի դէմս Դաշնակցութեան, ունիք հաւատարիմ եւ լուրջ ընկեր մը, որ յստակ քայլերով պիտի քալէ եւ որուն ներկայութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի երաշխաւորէ, որ փոքր Հայաստանը համայն հայութեան գուրգուրանքի կեդրոնը պիտի ըլլայ», նշեց ան` շեշտելով, որ իրենց յենարանը հայ աշխատաւոր քաղաքացին է` ուսուցիչը, բանուորը, գիւղացին, գործարարն ու այն մարդը, որ իր հողին վրայ ամուր կանգնած, աշխատանքով կը փորձէ երկարեցնել այս ժողովուրդին գոյութիւնը դարերու մէջ:

«Դո՛ւք էք յենարանը, սիրելի՛ ժողովուրդ, եւ եթէ այսօր ուժ տաք մեզի` ձեր ձայնը տալով ՀՅԴ-ին, վստահ եղէ՛ք, որ անոր պատասխանը պիտի ստանաք, պիտի ստանաք ոչ թէ խաբէութեան եւ խոստումներու ձեւով, այլ, ի դէմս Դաշնակցութեան, դուք պիտի ունենաք լուրջ, կայուն յենարան», եզրափակեց Մկրտչեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.