ՀՅԴ-ի Բազմամարդ Հանրահաւաքներ Թալինի Եւ Աշտարակի Մէջ

Լեւոն Մկրտչեան. «Ուսուցիչներու Շահերու Պաշտպանութիւնը Մեր Կարեւոր Խնդիրներէն Է»

Երէկ Դաշնակցութիւնը բազմամարդ հանրահաւաքներ կազմակերպեց Արագածոտնի մարզի Թալին եւ Աշտարակ քաղաքներուն մէջ: Հանրահաւաքներուն ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ  Մանոյեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Արագածոտնէն ՀՅԴ վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուներ Տարօն Տօնոյեան, Սիրամարգ Ղուկասեան, Սամուէլ Թովմասեան եւ Կարէն Շահազիզեան:

ՀՅԴ համամասնական ցուցակի անդամ Լեւոն Մկրտչեան Կոշ համայնքի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր խնդիրներէն է ուսուցիչներու շահերու պաշտպանութիւնը: «Այսօր Հայաստանի մէջ 40 հազար ուսուցիչներ դժուարին պայմաններու մէջ  կ՛իրականացնեն իրենց աշխատանքը, սերունդ կը կերտեն, եւ այդ ուսուցիչներու շահերու պաշտպանութիւնը պէտք է առանձին հոգածութեան առարկայ դառնայ: Մենք պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք ժողովուրդի բոլոր շերտերուն` ուսուցիչներ, բժիշկներ, գիւղացիներ, որպէսզի անոնց համար ապահովենք բարեկեցիկ, հպարտ եւ արժանապատիւ կեանք, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին մեզի ուժ տան», ըսաւ ան:

Մկրտչեանի համաձայն, այսօր շատ մարդիկ առանց բնականոն աշխատավարձի, առանց բնականոն աշխատանքային պայմաններու  կը կատարեն իրենց գործը: «Մեր յենարանը մարդիկ են, որոնք կը կատարեն իրենց գործը, իսկ անոնք, որոնք ամէն ինչ դրամով կը չափեն, նիւթական կամ գործարարական միջավայրով, որոնք ամէն ինչի համար կը փորձեն գին փնտռել, այդ մարդիկ Դաշնակցութեան ճամբան բռնողները չեն: Մեր նպատակն է այնպէս մը ընել, որ մեր երեխաները մեծնան արժանապատիւ երկրի մէջ», ըսաւ ան:

Լեւոն Մկրտչեանը կոչ ուղղեց քուէարկելու գաղափարախօսութեամբ, որովհետեւ արժէքներ կան, որոնք դրամով կարելի չէ չափել: «Մարդոց որոշ տեսակ կայ, որոնք սովոր են ամէն ինչ արժէքով չափել, սակայն կան բաներ, որոնք գին չունին եւ այդ գին չունեցող բաներէն մէկը ձեր ձայնն է, որով մենք կը ձեւաւորենք Հայաստանի պետութիւնը», ըսաւ նախարարը:

Լեւոն Մկրտչեանի համաձայն, բոլոր կուսակցութիւններն ալ շատ գեղեցիկ կէտեր ունին, բայց եթէ որեւէ կուսակցութիւն ինքնիրեն թոյլ կու տայ  ժողովուրդին ձայնը դրամով գնահատել, գին որոշել, այդ ձայնը 10-15 հազար դրամով առնել, կը նշանակէ այդ կուսակցութիւնը կ՛ուզէ քանդել երկրին հիմքը: «Եթէ նոյնիսկ ընկերային պայմաններէ մեկնելով ժողովուրդը այդ քայլին կը դիմէ, պէտք է քուէախցիկին մէջ գիտակցի, որ գնելով իր ձայնը` իրեն կը ստորացնեն, եւ հետեւաբար ինք բարոյական իրաւունք ունի քուէարկութեան պահուն ճիշդ որոշում տալու եւ քուէարկելու գաղափարով եւ համոզումով», յայտարարեց ան:

Տարօն Տօնոյեան. «Ապրիլ 2-ին Պիտի Կրակենք Անարդարութեան Ճակտին»

24 մարտին Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան կազմակերպած բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին շրջանի բնակիչներուն իր խօսքը ուղղեց Արագածոտնի մարզին մէջ ՀՅԴ վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածու, բժիշկ Տարօն Տօնոյեան: Ան հաստատեց, որ այլեւս կարելի չէ նահանջել, կարելի չէ մատի արանքէն նայիլ իւրաքանչիւրին քուէին:

«Սիրելի՛ թալինցիներ, պատկերացուցէ՛ք, որ ունիք մէկ հրացան, մէջը միմիայն մէկ փամփուշտ: Այդ փամփուշտը մենք կա՛մ պիտի ուղղենք անարդարութեան ճակտին, կա՛մ կաշառք պիտի առնենք ու օդը կրակենք: Մենք պէտք է կրակենք անարդարութեան ճակտին, որովհետեւ անարդարութիւնն է պատճառը ընկերային չարիքին, թշուառութեան, յուսահատութեան», յայտարարեց ան:

Բժիշկ-թեկնածուին համաձայն, թեթեւ հիւանդութիւն ունեցող յուսահատ հիւանդը դժուար է վիրահատել, ոտքի կանգնեցնել, բայց այն հիւանդը, որ կը հաւատայ, թէ ինք պիտի առողջանայ, մեծագոյն վիրահատութիւնն իսկ դիւրութեամբ կը շրջանցէ:

«Մենք արիւն ու քրտինք թափած ենք, մենք ետդարձի իրաւունք չունինք, մենք նահանջելու ուրիշ տեղ չունինք», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց թալինցիներուն` իրենց ձայնը գերադասելու նեղ անձնական շահերէն ու վախերէն:

Տարօն Տօնոյեան հաստատեց, որ պայքարը բաւական դաժան է, դրամի կռիւ կայ, բայց Դաշնակցութիւնը իր խումբով պատրաստ է դիմակայելու ամէն բան, որովհետեւ վստահ է, որ «մեր ժողովուրդին մէջ ազգային գիտակցութիւնը տակաւին չէ մահացած»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.